Կասեցնել անչափահասներու դէմ սեռային շահագործումները։ Կասեցնել անչափահասներու դէմ սեռային շահագործումները։ 

Հնդկաստանի Քարիթասի ահազանգը «համաճարակի հետեւանքով աճած է բռնութիւններու եւ սեռային շահագործումներուն թիւը։

Հնդկաստանի բարեսիրական կազմակերպութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ խոցելիներուն աջակցելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հնդկաստանի Քարիթասը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով, որ Քովիտ 19ի պատճառով հնդկաստանի մէջ ցարդ աշխատանքէ զրկուած են աւելի  քան 122 միլիոն մարդ, որոնց 75 տոկոսը փոքրիկ վաճառականներ ու աշխատաւորներ են։

Ունկնդրէ լուրը

Ի տես սոյն աշխատանքի տագնապին, ընտանիքներուն տնտեսական վիճակը անկումի մէջ է եւ անչափահասներուն դէմ սեռային շահագործումներուն թիւը բարձրացած է ։ Նշուած է Հնդկաստանի Քարիթասի հաղորդագրութեան մէջ աւելցուած թէ  Քորոնա ժահրի կանխարգիլման միջոցառումներուն ծիրէն ներս որդեգրուած ինքնամեկուսացումի ժամանակաշրջանին ,պետական կառոյցներուն խնամակալական ծառայութիւններուն հաղորդուած են անչափահասներուն դէմ գործադրուած  սեռային շահագործումի աւելի քան 92 հազար պարագաներ։ Բազմաթիւ աղքատ ընտանքիներ իրենց մանուկները վաճառած են հարուստ ընտանիքներուն՝ վերապրիլ կարենալու համար։  

Ի տես հնդկաստանի ցաւալի  իրավիճակին Քարիթասը  ամէն ջանք ի գործ կը դնէ օգնելու համար խոցելիներուն՝ ըլլայ նիւթապէս ըլլայ հոգեպէս։

Բարեսիրական կազմակերպութիւնը ցարդ աւելի քան 1,400,000 գաղթական աշխատաւորներու ուտեստեղէն եւ բնակարաններ հայթայթած  է ։Կազմակերպութեան գլխաւոր նպատակն է պայքարիլ մարդավաճառութեան դէմ, կապ պահելով տեղւոյն ոստիկանութեան հետ։

«Աշխարհի պետութիւնները կեդրոնացած են քորոնա ժահրի ժողովուրդներու առողջապահութեան վրայ ունեցած հետեւանքներուն վրայ, անտեսելով շատ մը հարցեր, որոնց շարքին մարդավաճառութիւնը։» Նշուած է Հնդկաստանի Քարիթասի հաղորդագրութեան մէջ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2020, 11:26