Նիքարակուայի աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրդեհի պատճառաւ վնասուած խաչը Նիքարակուայի աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրդեհի պատճառաւ վնասուած խաչը 

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նկատմամբ ատելութիւն։ Ահաբեկչական արարք Մանակուայի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ դէմ։

Մարդ մը հրդեհ յարուցած է եկեղեցւոյ մէջ որուն պատճառաւ հրկիզուած է հին խաչ մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ահաբեկչական յարձակում»։  Մանակուայի Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Լէոփոլտօ Խոսէ Պրենէս այսպէս որակեց  Նիքարակուայի մայրաքաղաք Մանակուայի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ դէմ գործուած յարձակումը։  

Մի քանի վկաներու համաձայն դէմքը քօղարկած մարդ մը «մոլոթով» ռումբ մը նետած է Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ «Քրիստոսի Արիւն» մատրան մէջ, յառաջացնելով հրդեհ մը՝ որ ի մէջ այլոց հրկիզեց չորս դարու հին խաչելութիւն մը։ Բարեբախտաբար կարելի եղաւ արագ մարել հրդեհը։ Վիրաւորներ չկան սակայն ահաբեկչական սոյն արարքը մեծապէս ազդած է կաթողիկէ հասարակութեան վրայ։   

Մանկաուայի Արքեպիսկոպոսական Թեմը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ որուն մէջ կը հաստատուի թէ արարքը «նախապէս ծրագրուած է եւ գործադրուածմասնագէտի մը ձեռքով» ու թէ Խաչելութիւնը «ամբողջութեամբ այրուած է տակաւին չբացայայտուած սարքի մը միջոցաւ»։   

«Դատապարտելի արարք մը՝ որ խորապէս կը վիրաւորէ բոլոր կաթողիկէները, քանի որ այս խաչելութիւնը Նիքարակուացի հաւատացեալներէ ամենասիրուած ու մեծարուած պատկերներէն մին էր» նշուած է միշտ Թեմին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ աւելցուցած է՝ թէ այս մէկը վերջինն է այն արարքներուն, որոնք կը գործադրուին եկեղեցւոյ կալուածներուն դէմ ի նշան՝ «կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու անոր աւետարանումի գործունէութեան նկատմամբ գոյութիւն ունեցող ատելութեան»։ 

Թեմին հաղորդագրութիւնը կը հրաւիրէ բոլոր հաւատացեալները ուշադիր ըլլալու եւ հետեւելու Արքեպիսկոպոսի ցուցմունքներուն հաւատքով համապատասխանելու համար ցաւի եւ անկարողութեան զգացումին։

1996-ի Փետրուարին Նիքարակուայ կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս,  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը կանգ առնելով «Քրիստոսի Արիւն» խաչելութեան դիմաց, արտասանած խօսքին մէջ ըսած էր. «Դուք ուզեցիք այս տաճարը, Մանակուայի Արքեպիսկոպոսութեան սիրտը, ուր երկիւղածութեամբ կը մեծարէք Քրիստոսի Արեան հին պատկերը, որ այստեղ ժամանեց Սպանիայէն, երեք դարեր առաջ եւ կը ներկայացնէ Յիսուսը՝ որ Խաչին վրայ Հօր կը նուիրէ իր բոլոր արիւնը եւ իր համակ մարդկութիւնը։ Մի մոռնաք այս մահու եւ յարութեան խորհուրդը՝ երբ յոգնութիւնը, առանձնութիւնը եւ ուրիշներուն անհասկացողութիւնը կարող  ըլլան նուազեցնել ձեր խանդավառութիւնը կամ ցնցումի մատնել ձեր հոգին։ Կասկած մի ունենաք թէ դուք սիրուած էք Տիրոջմէն ու թէ անոր սէրը ձեզի կ՛ընկերանայ  առ յաւէտ. Անոր յաղթանակը երաշխիք է մեր յաղթանակին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2020, 08:48