Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ 

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի կոչը՝ զօրակցելու Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն

Օժանդակութիւններ պիտի տրամադրուին հազարաւոր հայրենակիցներու, որոնք սննթամթերքի, ապաստարանի, բժշկական, եւ այլ նպաստներու կարիքը ունին:

Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ 4 Օգոստոսին պատահած աղիտալի պայթումին պատճառով յառաջացած մարդկային, ընկերային եւ տնտեսական ճգնաժամին ի տես՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը (PAC-WUSA) որոշած է անյապաղ ձեռնարկել շտապ օգնութեան աշխատանքներու՝ յատուկ դրամահաւաք յայտարարելով Լիբանանի տուժած մեր հայրենակիցներուն հասնելու եւ համայնքի կարիքները հոգալու համար:

Բոլոր նուիրատուութիւնները անմիջապէս եւ ուղղակիօրէն պիտի փոխանցուին Արամ Ա. վեհափառին հովանաւորութեամբ կազմուած համայնքային յանձնախումբին, որ բաղկացած է լիբանանահայ համայնքի կրօնական, քաղաքական եւ բարեգործական գլխաւոր կազմակերպութիւններէն՝ ստացուած գումարները առանց ուշացումի բաշխելու համար:

Օժանդակութիւններ պիտի տրամադրուին հազարաւոր հայրենակիցներու, որոնք սննթամթերքի, ապաստարանի, բժշկական, եւ այլ նպաստներու կարիքը ունին:

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը կոչ կ՛ընէ բոլորին՝ գօտեպնդուելու եւ միացեալ ճիգերով զօրակցելու Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ առատաձեռնօրէն նուիրելով յաջորդ ժամերուն իսկ յայտարարուելիք հանգանակութեան:

Աւելին, կոչ կ՛ընենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն՝ յատուկ ուշադրութեամբ եւ զգուշաւորութեամբ ընտրելու նուիրահաւաքային արշաւները, որոնք ընկերային ցանցերու վրայ կը հրամցուին:

Միացեալ կամքով, կազմակերպուած ճիգերով եւ լայն սիրտերով պիտի զօրակցինք լիբանանահայ մեր հայրենակիցներուն:

 

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի անդամ կազմակերպութիւններ՝

Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմ

Առաջնորդարան Հայոց ԱՄ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն

Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն

«Թէքէեան» Մշակութային Միութիւն

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն

Միացեալ Հայ Երիտասարդներ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ

Ամերիկայի Հայկական Համագումար

Հայ Իրաւաբանական Միութիւն

Պոլսահայ Միութիւն

Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն

Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն

Լոս ԱնՃելըսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն

Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն

Ծառայողական Աշխատողներու Միջազգային Միութիւն

Հարաւային Քալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2020, 06:35