Լիբանանի դրօշակը Լիբանանի դրօշակը 

Միջին արեւելքի եկեղեցիներուն խորհուրդի կոչը. «մի լքէք Լիբանանը»։

«Լիբանանը իր պատմութեան մէջ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց։ Քրիստոնեայ եկեղեցիները միշտ թիկունք կանգնեցաւ  իր ժողովուրդին։ Այսօր՝ սակայն, եկեղեցիները ի վիճակի չեն ծառայութիւններ մատուցելու, որովհետեւ իրենց առողջապահական, կրթական կառոյցները քանդուած են  եւ որոնց վերակառուցման աշխատաքներուն համար,   կարիքը  ունին հարիւրաւոր միլիոն ամերիկեան տալարի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Անցեալ օգոստոս 4ին, Պէյրութի մէջ պատահած պայթումները ծունկը բերին լիբանանը, որ արդեն  տնտեսական քաղաքական հսկայ տագնապի մէջ կը գտնուէր։
Պայթումի պատճառով բազմաթիւ բնակարաններ քանդուեցամ» Այս մասին հաղորդած է   Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն խորհուրդի, անցեալ 16 օգոստոսին հրապարակած յայտարարութեան մէջ, որուն մէջ աւելցուած է ,որ քանդուած կառոյցներուն շարքին կան նուազագոյնը երեք քրիստոնեայ հիւանդանոցներ,ւ որոնք կ՝ընկալեն ըլլայ քրիստոնեայ ըլլայ իսլամ հիւանդները  եւ որոնք անհրաժեշտ  են քորոնա ժահրով վարակուած հիւանդներուն բուժման համար։

Ունկնդրէ լուրը

Միջին արեւելքի եկեղեցիներուն խորհուրդին յայտարարութեան մէջ  նշուած է, որ Պէյրութի  Քրիստոնեայ կարգ մը շրջաններուն մէջ պատմական շատ մը դպրոցներ ծանրապէս վնասուած են   մի քանի շաբաթէն, սեպտեմբերի սկիզբը դպրոցները պիտի վերաբացուին։
«Վատիկան Նիւզի» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Հայդր Ռուֆայէլ Զղէյպ, Լիբանանի համար միսիոներական գործունէութիւններուն, քահանայապետական ազգային բաժանմունքի տնօրէն յայտնեց, թէ  Պէյրութի  քրիստոնեայ թաղամասը, ամբողջութեամբ քանդուած է եւ ամենէն քիչ 10 եկեղեցիներ կործանուած են։ Ան  հիմնական նկատեց որ Մայրիներու երկիր մինակ չլքուի ՝միջազգային ընտանիքի կողմէ, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու եկեղեցիներուն  եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն կողմէ ։

«Լիբանանը իր պատմութեան մէջ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց։ Քրիստոնեայ եկեղեցիները միշտ թիկունք կանգնեցաւ  իր ժողովուրդին։ Այսօր՝ սակայն, եկեղեցիները ի վիճակի չեն ծառայութիւններ մատուցելու, որովհետեւ իրենց առողջապահական, կրթական կառոյցները քանդուած են  եւ որոնց վերակառուցման աշխատաքներուն համար,   կարիքը  ունին հարիւրաւոր միլիոն ամերիկեան տոլարի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2020, 13:42