Կարդինալ Պասեթթի Կարդինալ Պասեթթի 

Կարդինալ Պասեթթիի պատարագով եզրափակուեցաւ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան «միթինկը»։

«Առանց մարգարէներու ձայնին մենք վտանգի մէջ ենք եւ ասոր համար մարդկութիւնը պէտք է շարունակէ պահպանել «պարզերու զարմանքը» եւ քրիստոնեաներէն պահանջուած է «արիութիւնը հասկնալու ժամանակներու նշանները ու արտասանելու մարգարէական խօսքեր, ըլլայ շրթունքով ըլլայ կեանքի վկայութեամբ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

''Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում'' եկեղեցական շարժումի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Ռիմինիի տարեկան «միթինկը» կիրակի 23 օգոստոսի առաւօտեան Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթիին մատուցած Սուրբ Պատարագով հասաւ իր աւարտին։

Ունկնդրէ լուրը

Նշենք՝ թէ ''Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւն'' Ռիմինիի հաւաքը Իտալիոյ համար դարձած է ճշմարիտ հաստատութիւն մը, որուն կը մասնակցին Իտալիոյ` քաղաքական, համալսարանական ու եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէն հրաւիրուած հեղինակաւոր դէմքեր, թէեւ այս տարի՝ քորոնաժահրի համաճարակի բերումով ստեղծուած արտակարգ իրավիճակին պատճառաւ,  ան տեղի ունեցաւ արտակարգ ձեւով,  ըլլայ շատ փոքր թիւով ներկաներու մասնակցութեամբ, ըլլայ առցանց։

Միթինկի այս տարուայ բնաբանն էր «Զարմանքէն զրկուած՝ խուլ կը մնանք վեհութեան դիմաց» եւ ճիշտ բնաբանէն մեկնելով է՝ որ Կարդինալ Պասսեթթին սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ  հայցեց՝ որ «Տէրը մեզի պարգեւէ այն նոյն զարմանքը, որ մարգարէներուն թոյլ տուաւ տեսնել իրերը այնպէս ինչպէս զանոնք կը տեսնէ Աստուած ու մեզի պարգեւէ նաեւ ճանչնալու զԱստուած, որ ներկայ է պատմութեան մէջ ու զԱյն ապրինք վկայութեամբ մեր առօրեայի գոյութեան ընթացքին»։

Ծիրանաւորը ապա նշեց՝ թէ «առանց զարմանքի եւ սքանչացումի կեանքը կը կորսնցնէ իր իմաստը եւ կը նուաստանայ», մինչդեռ «առինքնութիւնն ու հոյզը հոգին կը ողողեն երանութիւններով ու մեր հայեացքը ուղղել կու տան յաւիտենականութեան»։

«Ֆրանչիսկոս Պապը եւս միթինկին ուղղած իր պատգամին մէջ շեշտը դրած է «զարմանքի» եւ «խորհուրդի» միջեւ յարաբերութեան վրայ», դիտել տուաւ Կարդինալ Պասսեթթին, ապա նշեց՝ թէ «զարմանքը մարգարէներուն իւրայատուկ մտածելակերպն է, այսինքն անոնց որոնք գիտեն ունկնդրել Աստուծոյ Խօսքը ու կարողութիւնն ունին խորապէս հասկնալու մեզ շրջապատող աշխարհը»։

Քարոզին մէջ Կարդինալ Պասսեթթին ակնարկեց ապա օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն, որոնցմէ առաջինը քաղուած էր Պօղոս առաքեալի Հռովմէացիներուն ուղղած նամակէն, ուր կը խօսուի Սուրբ Պօղոսի  զարմանքի մասին, երբ կը գտնուի Տիրոջ առջեւ, ապա աւետարանինն մէջ Պետրոսի զարմանքը՝ երբ Յիսուս անոր կ՛ըսէ՝ թէ ան Պետրոսն է, վէմը որուն վրայ պիտի կառուցէ իր եկեղեցին։

«Ահա երկու մարգարէներ՝ որոնք կարող են նկատել Աստուծոյ ներկայութիւնը իրենց ապրած ժամանակներուն մէջ ու կարող են հասկնալ կեանքին իմաստը» ըսաւ Կարդինալ Պասսեթթին, հաստատելով ՝ որ Մարգարէները նաեւ անոնք են, որոնք առանց վախի, արդարութիւն կը պահանջեն կառավարիչներէն ու յոյս կը խթանեն դժուար պահերու ընթացքին։ Անոնք իրադարձութիւնները կը տեսնեն այնպէս ինչպէս զանոնք կը տեսնէ Աստուած եւ սքանչացումէ մղուած պարտականութիւնը ունին աղօթելու իրենց ժողովուրդին համար ու դառնալու միջնորդներ՝ հայցելով Տիրոջ օգնութիւնը»։

«Առանց մարգարէներու ձայնին մենք վտանգի մէջ ենք եւ ասոր համար մարդկութիւնը պէտք է շարունակէ պահպանել «պարզերու զարմանքը» եւ քրիստոնեաներէն պահանջուած է «արիութիւնը՝ հասկնալու ժամանակներու նշանները ու արտասանելու մարգարէական խօսքեր, ըլլայ շրթունքով, ըլլայ կեանքի վկայութեամբ» ըսաւ Կարդինալ Պասսեթթին քարոզի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2020, 08:25