Որոնել

Մի մոռնաք Սուրիացի ժողովուրդը. Մի մոռնաք Սուրիացի ժողովուրդը.  

Մի մոռնաք Սուրիացի ժողովուրդը. Կոչ զօրակցութեան։

Դամասկոսի Պապ Թումա Վանքի պահակ՝ Հայր Պահժաթ Քարաքաշ կոչ կ՛ուղղէ աջակցելու սուրիացի ժողովուրդին որ կ՛ապրի ծանր պայմաններու մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այս դժուար ժամանակներուն ուրիշ միջոց չունինք եթէ ոչ դիմել ձեր բարեսիրութեան, ձեր մօտիկութեան։ Որպէս Եկեղեցի կը ջանանք մօտիկ ըլլալ մարդոց, ոչ մէկը թողուլ առանց հացի…բայց չենք կրնար մեր առաքելութիւնը շարունակել առանց ձեր աջակցութեան, առանց ձեր բարեսիրութեան» կոչն է սա, Դամասկոսի Պապ Թումա Վանքի պահակ՝ Հայր Պահժաթ Քարաքաշին, որ այդ տողերով կը բացայայտէ թէ Սուրիոյ մէջ մարդիկը կը գտնուին թշուառութեան մէջ, 10 տարիներ պատերազմի հետեւանքով եւ ներկայիս Քորոնա ժահրի սպառնալիքի բերումով, որ աւելիով սրացուց արդեն իսկ ծանր տնտեսական ճգնաժամը։

«Սուրիական լիրան կորսնցուցած է իր արժէքը մինչ ապրանքներու գիները եռապատկուած են» եւ «կերակուր ու կենսական միջոցներ գնելը դարձած գրեթէ անկարելի՝ տեղական բնակչութեան համար» դիտել կու տայ Հայր Քարաքաշը, բացատրելով՝ թէ« ընտանիքի մը հայրը այսօր պէտք է մէկ ամիս աշխատի, որպէսզի կարենայ մէկ քիլօ միս գնել եւ պէտք է ամբողջ տարի մը աշխատի, որպէսզի մէկ զաւկի մը դպրոցական կրթաթոշակը վճարէ»։

«Այսօր, կը շարունակէ Պապ Թումա Վանքի Պահակը, տուներ կը մտնենք եւ ականատես կ՛ըլլանք մարդոց՝ որոնք սովէն կը տառապին, որովհետեւ ուտելիք չունին։ Ահա թէ ինչու կոչ կ՛ուղղենք զօրակցութեան եւ աջակցութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2020, 08:15