Սուրբ Սոֆիա թանգարանը Սուրբ Սոֆիա թանգարանը 

Սուրբ Սոֆիա տաճարի շուրջ կայացած որոշումը ծանր հարուած մըն է քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան։

Եկեղեցիներու Համշխարհային խորհուրդի համաձայն, տաճարի փոխակերպումը, որ «խորհրդանշական վայր» մըն է, «անխուսափելիօրէն կը ստեղծէ անորոշութիւն, կասկածներ եւ անվստահութիւն»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յուլիս 10ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Սուրբ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի  վերածելու յայտարարութենէն ետք, աշխարհի չորս կողմերէն հասան բացասական արձագանգներ։ Քեմալ Աթաթիւրք 1934 թուականին որոշած էր տաճարը վերածել թանգարանի։ Թուրքիոյ գերագոյն ատեանը չեղեալ նկատած էր այդ որոշումը, որուն հետեւանքով նախագահ Էրտողան կայացուցած էր տաճարը մզկիթի վերածելու որոշումը։

Ունկնդրէ լուրը

Մոսկուայի Պատրիարք Քիրիլի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսի ուժեղ խօսքերուն միացած է Ֆրանչիսկոս Պապ, կիրակնօրեայ «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի ժամանակ իր արտասանած խօսքերով։ «Ցաւ ու շփոթ» արտայայտեց  նաեւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի քարտուղարը՝ Եոան Սաուչա,  յանուն Խորհուրդի անդամ 350 եկեղեցիներուն։

«Սուրբ Սոֆիայի տաճարի միզկիթի վերածումով Թուրքիոյ դրական զարգացումի նշանը վերածուած էք մեկուսացումի եւ բաժանումի» ըսած է ան։ Եկեղեցիներու Համշխարհային խորհուրդի համաձայն, տաճարի փոխակերպումը, որ «խորհրդանշական վայր» մըն է, «անխուսափելիօրէն կը ստեղծէ անորոշութիւն, կասկածներ եւ անվստահութիւն», եւ ի դերեւ կ՚ելլեն բոլոր տարուած ճիգերը՝ խթանելու երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը զանազան կրօնքներու միջեւ։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի վախն է, որ Թուրքիոյ առած քայլը կրնայ «քաջալերել այլ խմբակցութիւններու տենչերը՝ որոնք կ՚ուզեն փոխել հաստատուած վիճակներ եւ բորբոքել նոր լարուածութիւններ կրօնական համայնքներու միջեւ»։

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (MECC, Middle East Council of Churches), անդամ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, իր կարգին կատարուածը կը նկատէ «յարձակում կրօնական ազատութեան եւ համկեցութեան դէմ»։ Խորհուրդը, Ընդհանուր Քարտուղար Սուրայա Պէշէլանիի միջոցաւ կը խնդրէ ՄԱԿէն եւ Արաբական Լիկայէն պաշտօնական կերպով բողոքել որոշումին դէմ, նաեւ պահելու համար «Պատմական խորհդանշանակութիւնը զոր կը ներկայացնէ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը»։ Ըստ Խորհուրդին, Սուրբ Սոֆիայի նկատմամբ առնուած որոշումի «ամենէն վտանգաւոր» երեսն է, որ այդ կը պատահի  քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան զարգացումի վճռորոշ ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ջանք կը թափուէր ապահովելու խաղաղ համակեցութիւնը կրօնքներու միջեւ, ինչպէս կը տեսնենք Ապու Տապիի մէջ, 4 փետրուար 2019ին ստորագրուած «Մարդկային Եղբայրութեան» փաստաթուղթին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2020, 15:58