Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԺԳ)։

Այսօր, կ՛անդրադառնանք Հայկական Տոմարի կազմութեան:

Ժգ. Հաղորդաշար

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ.

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր, պիտի անդրադառնանք Հայկական Տոմարի կազմութեան:

301 թուին, երբ Հայաստանը պետականօրէն քրիստոնէութիւնը ընդունեց, հայերը թէեւ անփոփոխ պահեցին իրենց տոմարական շարժական հին դրութիւնը. սակայն կրօնական ու եկեղեցական տօներու համար որդեգրած էին Յուլեան անշարժ տոմարը (Հին հայկական տոմարը շարժական էր, որովհետեւ նահանջ տարի չունենալով՝ տարեսկիզբը գարնան գիշերհաւասարէն կը հեռանար. իսկ անշարժ տոմարը՝ նահանջ տարի ունէր):

325 թուականին, Նիկիոյ մէջ գումարուեցաւ տիեզերական առաջին ժողովը: Հայ Եկեղեցին ներկայ գտնուեցաւ Նիկիոյ այս ժողովին: Առաջին եւ երկրորդ դարերուն, քրիստոնեայ հասարակութիւնները Զատիկը հրեաներուն պասէքին հետ կը տօնէին Շաբաթ օրով: Նիկիոյ Ա. Տիեզերական Ժողովը այլ կանոններու կողքին՝ որոշեց Զատիկի օրը առանձնացնել հրէական պասէքէն, և զայն Կիրակի օր փոխադրեց: Նիկիոյ ժողովը որոշեց նաեւ, ըստ Աղեքսանդրեան կանոնին, Զատիկը տօնել Մարտ 21-էն ետք, գարնանային գիշերահաւասարի լուսնի լրումէն անմիջապէս յետոյ եկող Կիրակին:

Հայ Եկեղեցին Զատիկը Ընդհանրական Եկեղեցւոյ հետ տօնեց, մինչեւ այն ժամանակ երբ ազգային տոմար մը ունենալու կարիքը զգացուեցաւ: Այնտեղ պիտի արձանագրուէին ո՛չ միայն Ընդհանրական Եկեղեցւոյ տօները, այլ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ և ժողովուրդի պատմութեան հետ կապուած յիշատակութիւնները և ազգային աւանդութիւնները:

Յոյն նշանաւոր տոմարագէտ՝ Անդրէաս Բիւզանդացին, 352-ին, Եկեղեցւոյ Հայրերու յանձնառութեամբ, 200 տարուայ տոմարական աղիւսակ մը կը պատրաստէ, որ 353-ին սկսաւ և որով կանոնաւորուեցաւ զատիկները մինչեւ 552 թուական:

Ըստ որուն՝ իւրաքանչիւր տարուայ Զատկական տօնի թուականը երեսունհինգ օրերու միջեւ հերթականութեամբ սահմանուած էր: Ե. դարուն, Անդրէաս Բիւզանդացիի պատրաստած տոմարական աղիւսակը թարգմանուեցաւ նաեւ հայերէնի Մաշտոցի աշակերտներուն կողմէ և կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ եկեղեցական տօներու հերթականութիւնը ճշդելու և կարգաւորելու առումով: 

451 թուին տեղի կ'ունենայ Քաղկեդոնի չորրորդ Տիեզերական Ժողովը, որուն հայ եկեղեցին իր մասնակցութիւնը չի բերաւ Վարդանանց ճակատամարտի պատճառաւ: 506 թուին, Հայոց Եկեղեցին Դուինի մէջ գումարուած ժողովի ընթացքին, Քաղկեդոնի Տիեզերական ժողովի վարդապետութեան նկատմամբ իր առաջին պաշտօնական կեցուածքը արտայայտեց և այդ թուականէն սկսեալ Հայ Եկեղեցին իր ազգային և եկեղեցական տօնացոյցը կը պատրաստէ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2020, 07:38