Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԺԲ)։

Այսօր պիտի անդրադառնանք հին հեթանոսական կրօնական տօներու առնչութիւնը տոմարի հետ:

Ժբ. Հաղորդում

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ.

Հին հեթանոս ժողովուրդները իրենց աստուածներու տօները, թագաւորներու գահակալութիւնը կամ աւագ քուրմերուն առջեւ երդման արարողութիւնները, ճշգրիտ թուականին կատարելու համար ժամանակագրական տոմար ունէին. ինչպէս նաեւ՝ իրենց երկրագործութեան, հողամշակումի և հնձումի թուականները դասաւորող օրացոյց:

Ունկնդրէ լուրը

Ամէն տօնակատարութիւն և ծիսական զոհաբերութիւն կը կատարուէր որոշ վայրի և ժամանակի մէջ: Տօնական այդ հանդիսութիւնները ճշգրիտ կերպով կազմակերպելու համար օրացոյց ունենալը անհրաժեշտութիւն մըն էր:

Բոլոր ժողովուրդներու գլխաւոր տօները՝ պաշտամունքային տօներ եղած են, որոնք կատարուած են բնութեան երեւոյթներուն, աստուածներու արձաններուն, քուրմերուն զոհ մատուցանելով, և ապա զոհէն հանդիսաւորապէս ճաշակելով:  

Այսպէս տոմարը շատ հին ժամանակներէն՝ կապուած էր կրօնական և ազգային տօներու հետ, որոնք երբեմն ուրախ կ'ըլլային, երբեմն ալ ցաւալի յիշատակութիւններ. ինչպէս է պարագան՝ հերոսի մը մահը, որ սուգի կը մատնէր ժողովուրդը. Իսկ յաղթանակը՝ ցնծութեան և տօնախմբութեան առիթ կ'ընծայէր:

Պատմութենէն յայտնի է որ հին ժողովուրդներէն՝ Եգիպտացիները Արեւի աստուածը կը պաշտէին, Յոյները՝ բազմաթիւ աստուածներու պաշտամունք կը կատարէին, ինչպէս երկրի պաշտպանութեան, բերքի և պտղաբերութեան աստուածներ ունէին: Հրեաները՝ Եգիպտոսէն ելքը և Մովսէս մարգարէի միջոցաւ Տասնաբանեայ պատուիրանի տուչութիւնը  մեծ հանդիսութեամբ կը կատարէին:

Հայերը Ամանորին՝ Նաւասարդը մեծ շուքով կը կատարէին, որ հեթանոսութեան շրջանին Օգոստոս ամսոյն կը տօնուէր: Պարսիկները՝ Նեվրուզը, որ կը զուգադիպէր գարնան առաջին օրուան, իրենց նոր տարին էր, որ մեծ շուքով կը տօնեն: Պուտան իր կարգին՝ իր յատուկ տօները ունէր, թէեւ սակաւ էին ի սկզբանէ: Հինտուիզմը բազմաթիւ տօներ ունէր. Չինացիները նոր տարին մեծ հանդիսաւորութեամբ կը տօնախմբեն: Իսլամները իրենց կարգին՝ մարգարէի ծննդեան տօնը մեծ շուքով կը կատարեն մինչեւ այսօր: Հայ առաջին մատենագիրներու համաձայն՝ հեթանոս Հայաստանը հին քաղաքակրթուած ժողովուրդներուն նման ունեցած է սրբազան օրացոյց, ուր աստուածներու ու նահապետներու տօնախմբութիւնները կը յիշուէին: Սրբազան տոմարը հեթանոս հայերու կրօնական տոմարն էր, որու հիման վրայ, տարուայ չորս եղանակներուն մէջ կարգաւորած էին հեթանոսական տօները: Այսպէս Արեգ ամսուայ՝ Արա գեղեցիկի, Նաւասարդ ամսուայ՝ Աստղիկի, Տրէ ամսուայ՝ Մազդեզի եւ Մեհեկան ամսուայ՝ Միհրի օրերուն մեծ տօնախմբութիւններ կը կատարէին:  

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2020, 09:00