Մոսուլի մէջ քրիստնեայ հայր ու զաւակ։ Մոսուլի մէջ քրիստնեայ հայր ու զաւակ։ 

«Տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն » տեղեկագիրը Իրաքի Քրիստոնեաներու վերաբերեալ։ Իրաքի քրիստոնեաները ոչնչացման եզրին կը գտնուին։

եթէ միջազգային ընտանիքը չմիջամտէ կասեցնելու համար բռնի տեղահանութիւնը, չորս տարուան ընթացքին, քրիստոնեաներու թիւը կրնայ 80 տոկոսով նուազիլ ու անոնք խոցելի դառնալով կրնան ոչնչացման եզրին գտնուիլ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ» քահանայապետական հիմնարկը հրապարակեց «Կեանքը ՏԱՀԵՇ էն ետք. Իրաքի քրիստոնեաներու համար նոր մարտահրաւէրներ» տիտղոսակիր զեկոյցը, որուն մէջ ուսումնասիրութեան նիւթը եղած է , 2014 թուականի, Նինւէ քաղաքին մէջ քրիստոնեաներու ողբերգական կացութենէն ետք, Իրաքի քրիստոնեաներու դիմագրաւած նոր մարտահրաւէրները։

Ունկնդրէ լուրը

Ըստ զեկոյցին, եթէ միջազգային ընտանիքը չմիջամտէ կասեցնելու համար բռնի տեղահանութիւնը, չորս տարուան ընթացքին, քրիստոնեաներու թիւը կրնայ 80 տոկոսով նուազիլ ու  անոնք խոցելի դառնալով կրնան ոչնչացման  եզրին գտնուիլ։

Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ քրիստոնեաներուն գաղթի գլխաւոր պատճառներէն մին է  ,անվտանգութեան պակասը։ Տեղական զինուորական  խմբաւորումները կը շարունակեն  բռնի արարքները ահ ու սարսափ տարածելով։Վախ կայ որ  ծայրայեղ մահմետական խմբաւորումներ վերադարձ կատարեն տարածաշրջանը։ Գաղթի Պատճառներուն շարքին նշուած է նաեւ ֆինասական եւ վարչական փտածութիւնը,  կրօնական խտրականութիւնը, եւ այլ շատ մը սպառնալիքներ  ինչպէս պաղտատի կեդրոնական կառավարութեան և Քրտական շրջանային կառավարութեան միջև բախումները։

Ի վերջոյ զեկոյցին մէջ նշուած է նաեւ,  2020 թուականի ապրիլ ամսուան տուեալներուն համաձայն, Նիւնէ քաղաքի  քրիստոնեայ ընտանիքներու 45 առ հարիւրը վերադարձած են իրեն օճախները , եւ սա կարելի եղած շնորհիւ օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ քահանայապետական հիմնարկի եւ այլ միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններուն  մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն որոնք սատարեցին Նինէ քաղաքի վերակառուցման  աշխատանքներուն։ Այս գծով քահանայապետկան հիմնարկը կը շարունակէ իր մարդասիրական գործունէութիւնները, վերակառուցելով տեղական եկեղեցիներուն կրթական, մշակութային եւ ընկերայի ո առողջապական ծառայութիւններուն կեդրոնները, որոնք մատակարարուած են տեղական եկեղեցիներուն կողմէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2020, 09:05