Մոմ Մոմ 

Համաճարակ. աշխարհի կրօնաւորուհիներու ու կրօնաւորներուն  աղօթքի հրաւէրը «անսանք տառապող աղքատներուն օգնութեան աղերսներուն»։

Առցանց աղօթքի կրնան միանալ բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին յիշել ու աղօթել առողջապահական խնամքէ զուրկ աղքատներուն համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աշխարհի ընդհանուր մեծաւորուհիներու միջազգային միութեան, Լատին Ամերիկայի կրօնաւորներուն եւ Միացեալ Նահանգներուն կրօնաւորներուն նախաձեռնութեամբ, հինգշաբթի, յուլիս, 23ին, յետմիջօրէին, ժամը 3-ին  տեղի կ՝ունենայ համաշխարհային աղօթքի առցանց ձեռնարկ մը,  յիշելու եւ աղօթելու համար Քորոա ժահրի թիրախ եւ առողջապահական խնամքէ զուրկ աշխարհի բոլոր աղքատներուն համար։

Ունկնդրէ լուրը

Աշխարհի կրօնաւորուհիներուն, կրօնաւորներուն համաշխարհային առցանց աղօթքի հրաւիրուած են նաեւ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին աղօթել եւ  պահ մը լուռ մնալ՝ անսալու համար տառապող աղքատներու օգնութեան աղերսանքներուն ու անոնց տուած վկայութիւններուն՝ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէն։

«Անշնչացած  մնացած ենք, աշխարհի բազմաթիւ աղքատներուն դէմ գործադրուած անարդարութեան պատճառաւ, որոնք զուրկ են առողջապահական խնամքէն»։ Այս մասին ըսած է  աղօթք ձեռնարկի կազմակերպիչներէն Քոյր Մարի Քարներօ։

Աղօթքի ձեռնարկին կարելի է միանալ հետեւեալ կայքէջին վրայ  https://us02web.zoom.us/j/89788103343 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2020, 09:43