Հայր Համել ու անոր պատարագամատոյցը Հայր Համել ու անոր պատարագամատոյցը 

Հայր Համելի սպանութեան 4-րդ տարելիցը

Հայր Համել սպաննուեցաւ 26 յուլիս 2016ին, «մահմետական պետութիւն» կոչուած հետեւորդներու կողմէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորս տարի առաջ, 26 յուլիս 2016,ին, Ֆրանսայի Saint-Étienne-du-Rouvray  եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Պատարագ մատուցած Ժամանակ կը սպաննուի 85 ամեայ ծերունի Հայր Ժաք Համելը ,«Մահմետական Պետութիւն» կոչուած» երկու երիտասարդներուն կողմէ,դաշունահարելով ծերունի վարդապետը։

Ունկնդրէ լուրը

Երեք տարի է վեր սովորութիւն դարձած այս տարի եւս  Հայր Համելի յիշատակին նուիրուած Սուրբ Պատարգ կը մատուցուի  Saint-Étienne-du-Rouvray  եկեղեցւոյ մէջ , մասնակցութեամբ Ռուեն թեմի հաւատացեալներուն եւ ներկայութեամբ Թեմի Արքպեպիսկոպոս, գերապայծառ  Տոմինիք Լեպրունի, Գերապայծառ Էրիք տէ Մուլին Պօֆորդ, ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահը, նախատեսուած է նեաւ ներկայութիւնը ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար, Տիար Ժերարտ Տարմանիին։

Յիշենք, թէ 14 սեպտեմբեր, 2016ին, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ մատուցեց ներկայութեամբ, Ռուեն Թեմի արքեպիսկոպոս, գերայպայծառ Տոմինք Լեպրուին,  հայր համելի ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ Նորմանտիայէն ժամանած կարգ մը ուխտաւորներուն ։ Պատարագին ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ , Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց,ւթէ կը փափաքի Հայր Համելի սրբադասման դատը անմիջապէս բանալ, որովհետեւ «հայր համելը մարտիրոս մըն է եւ բոլոր մարտիրոսները երանելիներ են։»

«Հեզ, բարի, եղբայրասէր, խաղասէր մարդ մը, սպաննուեցաւ կարծես, թէ ոճրագործ մը ըլլար։ Դա հալածանքի սատանայական թել  է։ ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ։

Յայտնենք նաեւ, թէ Հայր Համելի սրբադասման դատի առաջին փուլը աւարտեցաւ անցեալ տարին մարտ ամսոյն, այժմ սրբադասման փաստաթուղթերը կը քննարկուին Սուրբերու դատի ժողովի կողմէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2020, 10:16