Յիսուս կը բազմացնէ հացերն ու ձուկերը (Մատթէոս 14, 13-21) Յիսուս կը բազմացնէ հացերն ու ձուկերը (Մատթէոս 14, 13-21) 

Կիրակի 12 Յուլիս 2020 - 6-րդ Կիրակի Պենտեկոստէի

Բաժնեցէք ձեր կերակուրը ժողովուրդին հետ (Մատթէոս 14, 13-21)
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Բազմահազար ժողովուրդին առջեւ, Յիսուս այնպիսի հրաշք մը կը գործէ որ կը զարմացնէ բոլորը եւ կը կապէ զանոնք ինքնիրեն: Պիտի ուզենան միշտ Յիսուսի հետ ըլլալ եւ կերակրուիլ իրեն շնորհիւ: Բայց ահա Հրէաները կ՛առարկեն իրեն, ըսելով թէ' ըրածդ մեծ բան մը չէ, որով Մովսէս ալ նոյնը ըրաւ. Ան մանանան տուաւ անօթի ժողովուրդին: Իսկ Յիսուս կ'ըսէ. Մովսէս չէ որ տուաւ այդ հացը, այլ Հայրս որ երկինքն է, ան է որ ընդառաջելով իր խնդրանքին կերակրեց այս ժողովուրդը։

Այս հրաշքը կատարելու համար, Յիսուս նախ իր ձեռքերը բարձրացուց դէպի երկինք եւ աղօթեց իր երկնաւոր Հօրը. Ահա նշան մը որ ամէն կերակուրէ առաջ` հարկ է որ շնորհակալութիւն յայտնենք մեր Հօրը որ երկինքն է ու փսռք մատուցանենք իրեն. Հայր մեր որ երկինքն ես… տուր մեզի այսօր մեր առօրեայ հացը։ Մարմնաւոր կերակուրը, որ անհրաժեշտ է մեր ապրուստին, Աստուծոյ պարգեւն է, նոյնիսկ եթէ ան մեր անձնական աշխատանքով է որ կը ճարենք։ Ուստի չմոռնանք աղօթելու ամէն ճաշէ առաջ եւ վերջը Ամենակալ Աստուծոյ։

Այս հրաշքին մէջ` շատ կարեւոր է նաեւ դիտել թէ ինչպէս Յիսուս կը ստիպէ առաքեալները որ իրենց ունեցածը բաժնեն բոլորին։ Դուք մտածած էք ձեր հետ ուտելիք վերցնել, որպէսզի անօթի չմնաք այն տեղերը ուր կ՛երթանք, սակայն ահա առիթը կը ներկայանայ ձեր ունեցածին բաժնեկից դարձնելու ձեր շուրջինները, որոնք առանց մտածելու կը հետեւին մեզի։ Անոնց հետ կիսելով մեր ունեցածը, Աստուած ալ կը վարձատրէ եւ հրաշքով մը կը լրացնէ մեր տուածին պակասը։

Այս ժողովուրդը սակայն ինչու՞ Յիսուսի ետեւէն կ՛երթայ. Նախ ընդունելու համար բուժումներ իրենց հիւանդներուն, եւ երկրորդ` լսելու համար իր խօսքերը։ Ուստի առաքեալներուն կ՛իյնայ այսուհետեւ կրկնելու իրենց ուսուցիչին` Քրիստոսի խօսքերը եւ տարածելու զանոնք բոլոր ժողովուրդներուն։ Յիսուս կը կատարէ այս հրաշքը որովհետեւ ժողովուրդը որ կը հետեւի իրեն կը նմանի առանց հովիւի ոչխարներու. Հովիւներ պէտք է անոնց եւ առաքեալները, ու հետագային իրենց յաջորդողները, եպիսկոպոսները, վարդապետները, պիտի հանդիսանան այղ հովիւները, որոնք Աստուծոյ խօսքը պիտի տանին ժողովուրդներուն։

Ի վերջոյ, այս հացերու բազմացումը կը խորհրդանշէ Սուրբ Հաղորդութիւնը, զոր Քրիստոս հաստատեց Վերջին Ընթրիքի պահուն։ Հացերու բազմացումը նախասկիզբն է Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին որ մինչեւ օրս կը յաւերժանայ մեր եկեղեցիներուն մէջ ամենօրեայ սուրբ պատարագով եւ մանաւանդ կիրակի օրերը' երբ բոլոր ներկայ հաւատացեալները կը միանան իրարու։

Սուրբ Հաղորդութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքին իսկական պատկերացումն է որ կ՛արտացոլայ ամէն մէկ պատարագի ընթացքին։ Այլեւս այն հացը որ կը ճաշակենք եւ գինին զոր կը խմենք պարզ նիւթական կերակուր եւ ըմպելի մը չեն, անոնք կը դառնան իրապէս Յիսուսի մարմինն ու արիւնը որոնք կը զօրացնեն մեր մէջ հոգեւոր կեանքը եւ կը սերտացնեն մեր կապերը իրարու հետ, այնպէս որ, ճաշակելով Յիսուսի միակ մարմնէն եւ արիւնէն, կը դառնանք մէկ մարմին, եւ կ՛ապրինք այս աշխարհի վրայ երկնքի յաւիտենական երջանկութեան նախավայելքը։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2020, 06:12