Նանթի Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս տաճարը Նանթի Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս տաճարը 

Նանթի տաճարի հրդեհի պատասխանատուն խոստովանեցաւ։

Կամաւոր մըն է ան՝ որ հրդեհէն մէկ շաբաթ ետք խոստովանեցաւ իր յանցանքը։ Անոր կը սպասէ մինչեւ տասը տարի ազատազրկում։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 18 Յուլիսի առաւօտեան 7.30-ին Նանթի Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս տաճարը թիրախ դարձած էր հրդեհի մը, որ բռնկուած ու զարգացած էր եկեղեցւոյ երեք տարբեր կէտերէ, որուն պատճառաւ ամբողջութեամբ  կործանուեցաւ կեդրոնական պատմական երգեհոնը, փշրուեցան պատուհաններ եւ վնասուեցաւ 15-րդ դարու եկեղեցւոյ ներքին յարդարանքը։

Ֆրանսական իշխանութիւնները ձերբակալեցին եկեղեցւոյ մէկ կամաւոր մը՝ 39 ամեայ Ռուանտացի այր մարդ, որուն յանձնուած էր եկեղեցին փակելու պարտականութիւնը։ Արդարեւ ոստիկանութիւնը առաջին օրերէն իսկ կասկածներ ունէր անոր վրայ եւ զանազան հարցաքննութիւններու աւարտին ան խոստովանեցաւ իր յանցանքը թէեւ առ այժմ յայտնէ չեն այս անմիտ արարքին դրդապատճառները։ Ըստ օրէնքին անոր կրնան սպասել մինչեւ 10 տարի բանտարկութիւն։ 

Ֆրանսայի մէջ Փարիզի Նոթր Տամ տաճարի 2019-ի ապրիլին պատահած հրդեհէն ետք,  վախը կար ապրիլ նոյն մղձաւանջը։ Ֆրանսացի եպիսկոպոսները ձայն տալով երկրի կաթողիկէներու զգացումներուն խօսած էին «վիրաւոր սրտերու մասին» անոնց՝ որոնք տաճարին մէջ կը տեսնեն ոչ միայն կրօնական ժառանգութիւնը այլ նաեւ կաթողիկէ հաւատքին խորհրդանիշը։

Նանթի Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս տաճարը կառուցուած է 450 տարիներու ընթացքին, 1434էն մինչեւ 1891, եւ 1972 թուականի Յունուարի 28-ին արդէն թիրախ եղած էր այլ հրդեհի մը՝ որուն պատճառած վնասները կարօտեցան 13 տարիներու վերակառուցման աշխատանքի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2020, 18:48