Սուրբ Հոգին կը նորոգէ ամէն բան Սուրբ Հոգին կը նորոգէ ամէն բան  

«Սուրբ Հոգին կը նորոգէ ամէն բան . Երիտասարդ հովուական խնամք երիտասարդներուն համար». Նոր հրատարակութիւն։

Գիրքը իսկական ուղեցոյց մըն է, որուն ընդմէջէն կ՛ուրուագծուին հիմնարար վերաբերմունքները՝ ներկայ աշխարհանացած ընկերութեան մէջ լաւապէս ապրելու երիտասարդներուն հետ առաքելութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի հրատարակչատունը ի լոյս ընծայեց «Սուրբ Հոգին կը նորոգէ ամէն բան. Երիտասարդ հովուական խնամք երիտասարդներուն համար» վերտառութեամբ նոր հատոր  մը, որուն նախաբանը կը կրէ Թեզէյի համամիութենական հաստատութեան մեծաւոր՝ Եղբայր Ալուայի ստորագրութիւնը։  

Ունկնդրէ լուրը

Հատորը որ խորհրդածութիւն մըն է հայող նոր սերունդի ներգրաւումին եկեղեցական կեանքէն ներս, կազմուած է հինգ գլուխներէ եւ 184 էջերէ։ Անոր հեղինակն է Նաթալի Պէքարը՝ ֆրանսացի կրօնաւորուհին որ երկար տարիներու փորձառութիւն ունի երիտասարդական հովուական խնամատարութեան ծիրէն ներս եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած էր 2018-ի երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին։  

Գիրքը իսկական ուղեցոյց մըն է, որուն ընդմէջէն կ՛ուրուագծուին հիմնարար վերաբերմունքները՝  ներկայ աշխարհանացած ընկերութեան մէջ լաւապէս ապրելու երիտասարդներուն հետ առաքելութիւնը։ Քոյր Նաթալի Պէքարը այդ ուղղութեամբ կը ներկայացնէ շօշափելի օրինակներ եւ գործնական հետքեր, որոնք արմատաւորուած են երիտասարդներու նուիրուած Սինոդի կողմէն նկարագրուած տեսլականի մէջ և Քահանայապետի «Քրիստոս կ՛ապրի»  ուղեցոյցին մէջ։  

Հեղինակը գիրգին մէջ կը բացայայտէ թէ հովուական խնամք մը՝ որ նկատի առնէ այսօրուայ երիտասարդներուն մշակոյթն ու զգացումները, կարող է այսօր եւս հմայել զանոնք։ Այսուհետեւ Ան կ՛ընդգծէ ունկնդրութեան կարեւորութիւնը, յարաբերութեան եւ ոչ թէ պաշտօնական եկեղեցւոյ մը հարկաւորութիւնը, արի եւ ստեղծագործ հովուական խնամակալութեան մը գործադրումը՝ որ համապատասխանէ երիտասարդներու կեանքի իրադարձութիւններուն, ապա իսկական ղեկավարներ ունենալու կարիքը, որոնցմէ սորվիլ զատորոշումը եւ հասունցնել դրական որոշումները, հուսկ երիտասարդներուն սրտին խօսող նիւթերու շօշափումը։

Հատորը իսկական ուղղեցուց մըն է բոլոր անոնց համար որոնք եկեղեցւոյ մէջ կը փափաքին ընկերանալ նոր սերունդներուն, անոնց աճումի եւ հասունութեան ուղեւորութեան մէջ։

Սիւնհոդոսը ցոյց տուաւ թէ պէտք չէ երիտասարդ ները նկատել հովուական խնամակալութեան լոկ հասցէատէրեր, այլ եկեղեցւոյ կեանքին իսկական դերակատարներ, բոլոր միւս մկրտեալներու հետ միասին։ Որովհետեւ անոնք ոչ միայն կ՛ընդուին այլ իրենց կարգին կը նուիրեն իրենց պարգեւներն ու խարիզմները, կառուցելու համար եկեղեցական մարմինը՝ ի նպաստ աշխարհի փրկութեան։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2020, 07:11