Բարի Հովիւը Բարի Հովիւը 

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւնը. Կորուսեալ ոչխարին փնտռտուքը (Մատթէոս, 18, 10-14)

Կիրակի 26 Յուլիս 2020 Առաջին Կիրակի Վարդավառէն ետք
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այսօրուայ սուրբ աւետարանի առակը կը ներկայացնէ մեզի բարի հովիւին պատկերը։ Ինչպէս հովիւ մը որ կը կորսնցնէ ոչխար մը 100 ոչխարներուն ընդմէջէն, եւ զայն գտնելու համար, նոյնիսկ անպաշտպան կը թողու 99-ը փարախին մէջ եւ կ՛երթայ փնտռելու կորսուածը, նոյնպէս ալ Քրիստոս` կը թողու արդարները, փնտռելու համար մեղաւորը եւ զինք դարձեալ Տիրոջ շնորհքին առաջնորդելու։

Եկեղեցւոյ գլխաւոր նպատակներէն մին է դէպի հաւատք առաջնորդել մեր այն եղբայրներն ու քոյրերը որոնք, զանազան պատճառներու համար, հեռացած են ու բռնած կորստեան ճամբան, որով հեռացումը Եկեղեցիէն, որ է յաւիտենական փրկութեան երաշխիքը, կը մօտեցնէ մարդս ինք իր անձին ու հոգիին կորուստին, եւ ասիկա` յաւիտենապէս։

Այսօրուայ երիտասարդները, զոր օրինակ, ընդհանրապէս կ՛անտեսեն Եկեղեցւոյ կոչը, երբեմն ալ նոյնիսկ զայն կ՛արհամարհեն. Եկեղեցւոյ պատգամները որեւէ արժէք չեն ներկայացներ անոնց աչքին. Նիւթական արժէքները, նոյնիսկ արուեստի արժէքները աւելի հրապուրիչ են անոնց համար քան հոգեւոր ու Եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած բարոյական արժէքները։

Կը տեսնենք զանոնք հսկայ թատերասրահներուն մեջ, ուր խուռներամ հաւաքուած՝ կը սպասեն երգիչի մը առաջին նօթաներուն որպէսզի բուաղեն վայրի անասուններու նման եւ առտարոց գոռոցներ արձակեն խելագար անձերու նման: Պիտի կարենայ արդեօ՞ք օրին մէկը Եկեղեցին հասնիլ երիտասարդութիւնը դէպի իրեն քաշելու։ պիտի գա՞ն օր մը այդ նոյն երիտասարդները Քրիստոսի պատգամը լսելու եկեղեցիներու մէջ եւ անոր խօսքը տարածելու ու անոր համաձայն ապրելու:

Տիրոջ ուրախութիւնը անսահման է մէկ մեղաւորի մը համար որ դարձի կու գայ, քան թէ 99 արդարներու համար որոնք հաւատարիմ են Տիրոջ։ Ասիկա մարդկային ըսելու ձեւ մըն է. Անշուշտ թէ Տէրը չափազանց ուրախ է 99 արդարներու հաւատարմութեան համար, սակայն ամէն մէկ դարձ որ տեղի կ՛ունենայ աշխարհի վրայ ուրախութեամբ կը համակէ բոլոր հաւատացեալներու սրտերը եւ մասնաւորապէս Յիսուս Քրիստոսի սիրտը։ Սկսեալ Պօղոս Առաքեալի շռնթալից դարձէն մինչեւ վերջին դարձի եկողը աշխարհի վրայ, միշտ նոր արիւն կը ներածուի Եկեղեցւոյ մէջ երբ դարձի գան մարդիկ. Անոնք նոր կենսունակութիւն մը կը յառաջացնեն հաւատացեալներու միջեւ։

Այսօր թերեւս նոյն համեմատութիւնը հակառակէն կ'իրականանայ, այսինքն Տէրը կը թողու մի քանի արդարները, երթալու եւ փրկելու համար 90-էն աւելի մեղաւորները եւ կրօնքի հանդէպ անտարբերները: Եկեղեցին կը կարօտի հսկայ եւ արմատական յեղաշրջումի մը, նոր եւ զգաստացուցիչ աւետարանացումի մը:

Իսկ երկնքի մէջ` փոքրերն են որ պիտի գրաւեն առաջին տեղերը. Փոքր ու խոնարհ մարդիկ, անոնք որ չքաւոր են ու արհամարհուած, անոնք է որ առաջին տեղերը պիտի գրաւեն արքայութեան մէջ. Աստուածային արժէքները հակառակ են մարդկայիններուն. Փնտռենք ուրեմն այս աշխարհի վրայ երկնաւոր ու անանց բարիքները,  որոնք միայն կարող են մեզ առաջնորդելու դէպի յաւիտենական փրկութիւնը. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2020, 07:50