Սրբոց երկոտասան առաքելոցն եւ գլխաւորացն՝ Պետրոսի եւ Պօղոսի։ Սրբոց երկոտասան առաքելոցն եւ գլխաւորացն՝ Պետրոսի եւ Պօղոսի։ 

«12 Առաքեալները՝ Սուրբե՞ր կամ Մեղաւորներ». Տօն Սրբոց երկոտասան առաքելոցն եւ գլխաւորացն՝ Պետրոսի եւ Պօղոսի։

«Արդ, այս գանձը մեր մէջ կը կրենք՝ կաւէ անօթներու պէս, որպէսզի յստակօրէն երեւի՝ թէ այս անսահման զօրութիւնը Աստուծմէ է, որ կու գայ, եւ ո՛չ թէ մեզմէ» (2 Կոր 4.7):

«Երանի՜ քեզի, Սիմոն…ժայռ ես դուն»  (Մտ 16.17-18)

«Ետի՛ս գնա, Սատանա՛յ…արգելք ես ինծի»  (Մտ 16.23)

Պիտի ըսուի, որ պատասխանը անշփոթ է. առնուազն քրիստոնեաներուն համար առաքեալները սուրբեր են: Բայց հարցը այդքան ալ պարզ չէ, ինչպէս կ’ապացուցեն վերեւ յիշուած համարները: Երկուքն ալ քաղուած են Մատթէոսի աւետարանին 16-րդ գլուխէն, իրարմէ քանի մը համարներու հեռաւորութեամբ, այլ խօսքով՝ հաւանաբար քանի մը վայրկեաններու տարբերութեամբ: Ահա նոյն այդ միջոցին, Յիսուս թէ՛ ժայռ կ’անուանէ ու երանի կու տայ Պետրոս առաքեալին, եւ թէ՛ սատանայ կը կոչէ ու կը վտարէ զայն: Կը գտնուինք ենթադրեալ հակասութեան մը դիմաց: Անոր լուծում առաջարկելէ առաջ, քայլ մը ետ երթանք եւ տեսնենք անհրաժեշտ մանրամասնութիւններ առաքեալներու(ն) մասին:

Ի՞նչ կամ Ո՞վ Է Առաքեալը

Բառին ընդհանուր իմաստով կը նշանակէ անձ մը, որ առաքուած/ղրկուած է յատուկ յանձնարարութեամբ/պարտականութեամբ: Ասկէ կը կազմաւորուի առաքելութիւն բառը, որ վերեւ յիշուած յանձնարարութեան հոմանիշն է: Իսկ բառը քրիստոնէական ազդեցութեամբ որդեգրած է մասնայատուկ շեշտաւորում, որով ընդհանրապէս առաքեալ բառը կը հասկցուի որպէս ակնարկութիւն Քրիստոսի հետեւորդներուն՝ ըլլան անոնք 12 աշակերտներու սեղմ խմբակը, 72 հետեւորդներու աւելի լայն խումբը, եւ կամ, առհասարակ, որեւէ ժամանակի կամ վայրի մէջ ապրող իրեն հաւատարիմ աշակերտներ:

Ինչպիսի՞ն Կ’ըլլան Յիսուսի Առաքեալները

Եթէ բանակի մը հրամանատարը կ’ակնկալէ, որ իր զինուորներն ու սպարապետները արիութեամբ եւ ուժգնութեամբ օժտուած ըլլան, եթէ երկրի մը ղեկավարը կը սպասէ, որ իր խորհրդականները խորագէտ եւ հաւատարիմ ըլլան, եթէ պաշտօնատէր մը կը յուսայ, որ իր պաշտօնեաները աշխատասիրութեամբ գործեն – եւ կարելի է եթէ-ներու շարքը երկարել – ապա ուրեմն բնական է, որ Աստուած իր սպասաւորներէն ալ ակնկալութիւններ ունենայ:

Թէեւ Քրիստոսի աշակերտները եւ քրիտոնեայ հաւատացեալները նոյն առաքինութիւնները կը հետապնդեն, սակայն հասկնալի է, որ առաքեալները՝ Քրիստոսի առաքելութեան ռահվիրաները, օրինակ պիտի հանդիսանան հանրութեան՝ այդ առաքինութեանց մէջ գերազանցելով: Այս տրամաբանութեամբ, առաքեալներուն մասին խորհելով առաջին նկարագիրը, զոր կը մտաբերենք՝ սրբութեան յատկանիշն է: Եւ նոյն համոզումէն տարուած, սովորաբար անոնց անունը չենք յիշեր առանց «սուրբ» մակդիրին, ինչպէս օրինակ՝ Սուրբ Թադէոս, Սուրբ Բարթուղիմէոս եւ Սուրբ Պօղոս: Այս է պատճառը նաեւ, որ երբ առաքեալներուն մասին պիտի խօսուի, քարոզուի կամ պատմուի, ընդհանրապէս անոնց ջատագովութիւնն է, որ կ’ըլլայ:

Լումային Միւս Երեսը

Բայց այսօր չեմ փափաքիր նոյն ուղիէն յառաջանալ եւ մեր ընթերցողներուն պատմել անոնց արժանիքներուն մասին, այլ՝ ցոյց տալ լումային միւս երեսը: Գաղտնիք մը չէ, ո՛չ ալ վիճայարոյց (controversial) իրականութիւն մը, սակայն յաճախ լուսանցքի մէջ ձգուած է այն իրողութիւնը, որ առաքեալները նախ եւ առաջ անկատար, թերութիւններ կրող (մինչեւ իսկ մոլութեանց ենթակայ) անձեր էին:

Առիթով մը Յիսուս կը տեսնէ լումայափոխ մը՝ Մատթէոս անունով, որ մաքս կը գանձէր, եւ անոր կ’ըսէ. «Հետեւէ՛ ինծի»: Նոյն օրը, երբ անոր տան ճաշի հիւրը կ’ըլլայ, օրէնքի ուսուցիչներէն շատեր կը նեղանան եւ կը գանգատին, իսկ Յիսուս անոնց կը պատասխանէ. «Չեկայ արդարները կանչելու, այլ՝ մեղաւորները» (Մր 2.17): Եւ այսպէս Մատթէոս ո՛չ միայն մաս կը կազմէ 12 առաքեալներուն խիտ խմբակին, այլեւ՝ ապագային կը հանդիսանայ 4 աւետարանիչներէն մին: Այս լուսաբանութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ կ’ըսէ, թէ Աստուած չ’ախորժիր այն անձերէն, որոնք իրենք զիրենք արդէն կատարելութեան հասած ու սրբացած կը նկատեն, ընդհակառակը՝ հետաքրքրուած է մեղաւորներով:

Այստեղ հարկ է փակագիծ մը բանալ անհրաժեշտ յստակացում մը կատարելու: Կան նաեւ կեղծ մարգարէներ, առաքեալներ եւ մեսիաներ: Ասոնց չէ, որ աւետարանը կ’ակնարկէ, երբ կ’ըսէ թէ Յիսուս մեղաւորներուն համար եկաւ, որովհետեւ կեղծարարը երբեւիցէ չէ ստացած աստուածային կոչում: Այս նիւթը կրնայ այլ յօդուածի մը ուսումնասիրութեան առարկայ հանդիսանալ: Հոս մեզ հետաքրքրողը Աստուծոյ իսկական ծառան է՝ մեղաւորը, սակայն իրմէ կանչուած եւ իրմով սրբուած:

Առաքուելէ Ետք՝ Սո՞ւրբ, թէ՞ Մեղաւոր

Ուրեմն յստակ է, որ Աստուծոյ արժեչափն ու տրամաբանութիւնը տարբեր է աշխարհայինէն: Վերջինը միայն կատարեալին կարեւորութիւն կու տայ, իսկ նախորդը, ինչպէս տեսանք լումայափոխ եւ մաքսաւոր Մատթէոսի օրինակով՝ անկատարին:

Հետեւեալը կը կարդանք Ղուկասի աւետարանին մէջ, երբ Յիսուս առաջին անգամ կը պատրաստէ առաքելու իր ընտրեալ 12-ը. «Յիսուս կանչեց տասներկու աշակերտները եւ անոնց զօրութիւն եւ իշխանութիւն տուաւ բոլոր չար ոգիները հանելու եւ հիւանդութիւնները բժշկելու: Ապա զանոնք ղրկեց, որ Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզեն եւ հիւանդները բժշկեն» (9.1-2): Այս փուլին մեր ընթերցողները առաւել համոզումով պիտի առաջարկեն, որ առաքեալները Քրիսոտոսի միանալէ ետք մեղաւորութենէ սրբութեան անցան: Սակայն դարձեալ հարցը այդքան ալ պարզ չէ: Այո՛, բնականաբար, անոնք սրբուեցան Ամենասուրբին կենդանի եւ սրբագործող ներկայութեամբ, բայց երբ շարունակենք ընթերցել աւետարանին էջերը, կ’անդրադառնանք, որ անոնք դարձեալ ու դարձեալ կը սայթաքին ու սուրբի ոչ վայել մտածողութենէ կը տարուին: Յիշենք քանի մը օրինակներ:

Առաջին հերթին, թէեւ առաքեալները ներկայ ու մօտէն ականատես էին Քրիստոսի հրաշագործութիւներուն, սակայն յաճախ ակնկալուած հաւատքը չեն ցուցաբերեր, եւ ատոր իբրեւ հետեւանք Յիսուս բազմիցս իրենց կը յանդիմանէ ՝զանոնք «թերահաւատներ» կոչելով (Մտ 8.26, Ղկ 12.28):

Նաեւ, առաքեալները կը տառապէին աթոռասիրութենէ: Առիթով մը, երբ Յիսուս անոնց կը բացատրէր, թէ օր պիտի գայ, երբ ինք պիտի ձերբակալուի եւ սպաննուի, իր ցաւով ու մտահոգութեամբ զբաղելու փոխարէն, անոնք կը սկսին վիճաբանիլ, թէ իրենցմէ ո՞վ էր մեծը եւ ինքնաբերաբար՝ յաջորդ առաջնորդը (Ղկ 9.43-48):

Առաւել եւս, առաքեալները դժուարութիւն ունէին ուրիշները ընդունելու իրենց շրջանակին մէջ՝ Աստուծոյ ընտանիքին մէջ: Երբ անոնք նշմարեցին անձ մը, որ իրենց հետեւորդ չէր, բայց Յիսուսի անունով չար ոգիներ կը հանէր, արգիլեցին անոր: Յիսուս դարձեալ ճշդեց անոնց ընթացքը. «Արգելք մի՛ ըլլաք իրեն» (Ղկ 9.49-50):

Աւելին, առաքեալները չէին ըմբռնած Աստուծոյ ողորմութեան անծայրածիրութիւնը: Երբ Յիսուս իր աշակերտներով Սամարիայէն պիտի անցնէր, մտան իրենց ճամբու վրայ գտնուող գիւղ մը, բայց բնակիչները չընդունեցին անոնց: Առաքեալները զայրացած հարց տուին. «Տէ՛ր, կ’ուզե՞ս ըսենք, որ երկինքէն կրակ տեղայ եւ սպաննէ զանոնք»: Յիսուս դարձեալ կը յանդիմանէ զանոնք. «Չէ՛ք գիտեր թէ ի՛նչ տեսակ հոգիի կը պատկանիք: Որովհետեւ Մարդու Որդին չեկաւ մարդիկը կորսնցնելու, այլ՝ զանոնք փրկելու» (Ղկ 9.51-56): Այսպէս ըսելով, ոչ միայն անոնց անողորմութիւնը մերժեց, այլ կարծէք նաեւ յիշեցնել ուզեց, թէ ատենօք իրենք զիրենք «սուրբ» նկատող օրէնքի ուսուցիչներ նաեւ անոնց մերժած էին, եւ որոնց Յիսուս հերքած էր ըսելով. «Չեկայ արդարները կանչելու, այլ՝ մեղաւորները»:

Իսկ եթէ առարկուի, որ այս օրինակները ընդհանրապէս իրենց առաքելութեան սկզբնաւորութեան տեղի ունեցան, եւ Քրիստոսի հետ իրենց անցուցած 3 տարիներուն ընթացքին բաւական հիմնաւորուեցան ու կատարելագործուեցան՝ աւետարանները դարձեալ կու գան մեր ակնկալութիւնները չէզոքացնելու: Իր վերջին օրերուն, Երուսաղէմ չմտած, Յիսուս վերյիշեցուց անոնց շուտով իր կրելիք չարչարանքներն ու նախատինքը: Առաքեալներէն երկուքը դարձեալ կը հմայուին աթոռասիրութեամբ ու մօտենալով Յիսուսի կը խնդրեն, որ երբ իր թագաւորութիւնը հաստատէ, իրենք անոր «աջ եւ ձախ կողմը» նստին (Մկ 10.35-45):

Յարութենէն Ետք՝ Սո՞ւրբ, թէ՞ Մեղաւոր

Բոլորին ծանօթ է նաեւ Մեծն Պետրոսի վախին արդիւնքը՝ իր սուրբ վարդապետը մերժել, ուրանալ, փախչիլ եւ պահուըտիլ: Բայց, գիտենք նաեւ, որ Քրիստոս յարութիւն առաւ եւ իր յաղթական զօրութեամբ ո՛չ միայն վերահաստատեց այն առաքեալը, որուն ժամանակին ժայռ եւ սատանայ կոչած էր, այլ նաեւ Պենտեկոստէի օրը, իր խոստումին համաձայն, 12-ին շնորհեց ամենազօր մխիթարիչ Սուրբ Հոգին: Այստեղ, մեր ընթերցողները անխափան համոզումով պիտի հաստատեն, որ այլեւս առաքեալներուն Սուրբ պէտք է կոչել:

Չե՛ն սխալիր. ինչպէս քիչ առաջ նշեցինք, անոնք անընդհատ կը սրբագործուին Անմեղ Գառնուկին ներկայութենէն, ու անոր մահուան արեամբ եւ յարութեան զօրութեամբ՝ ահա կատարեալ սրբութեան արժանացան: Սակայն (այո՛, սակայն մը եւս), մինչեւ իրենց մահը անոնք մնացին Սուրբ մարդ-արարածներ եւ վրիպումներէ ու յանցանքներէ զերծ չէին: Բոլոր առաքեալներն ալ հաւասարապէս մեղաւոր եւ սուրբ էին, բայց նկատի առնելով, որ Սուրբ Պետրոսին մասին խօսելով սկսանք, աւարտենք նաեւ իրմով:

Անուրանալի է, որ Պետրոս հաւատքի ախոյեան մըն է, որուն համար Յիսուս զինք Ժայռ կոչեց: Եւ իր այդ հաւատքին զօրութեամբ շատերուն յաջողեցաւ հաւատք ներշնչել, որով կը բազմանար Քրիստոսի նորակառոյց եկեղեցին: Բայց պատահեցաւ նաեւ, որ Պետրոս որդեգրէ մօտեցում մը, որ կրնար շատերուն հաւատքի գայթակղութեան պատճառ ըլլալ: Պօղոս առաքեալի Գաղատացիներուն գրած նամակին մէջ կը կարդանք, թէ «Երբ Պետրոս Անտիոք եկաւ մեղադրելի ընթացք ունէր»: Կացութիւնը հետեւեալն էր՝ Պետրոս սեղան նստած էր հեթանոսութենէ քրիստոնէութեան դարձածներու հետ, «առանց խտրութիւն դնելու», բայց երբ հրէութենէ քրիստոնէութեան դարձածներ եկան, Պետրոս հեթանոսներէն զատուեցաւ եւ հեռու մնաց՝ վախնալով թլփատութեան կողմնակիցներէն (թլփատութեան հարցը ներկայացնելը մեզ մեր նիւթէն պիտի շեղէ, բայց հետաքրքրուողները կրնան անշուշտ ընթերցել Սուրբ Գրային ամբողջ հատուածը): Այս իր մեղադրելի ընթացքէն կ’ազդուին նաեւ ուրիշ հրեայ քրիստոնեաներ: Երբ Պօղոս առաքեալ կը վկայէ այս մէկը՝ «որ Աւետարանին ճշմարտութեան ուղիղ ճամբուն մէջ չեն», բոլորին ներկայութեան կը յանդիմանէ զիրենք (Գաղ 2:11-14): Ղեկավարներ ընդհանրապէս դիւրութեամբ յանդիմանութիւն չեն ընդունիր, բայց իսկական քրիստոնեան եւ սուրբ եղող անձը առողջ քննադատութիւնը բաց միտքով կ՚ընկալէ: Այս եղաւ տարբերութիւնը Սուրբ Պետրոս առաքեալին՝ լսեց, համոզուեցաւ, ընդունեց եւ ընթացքը ուղղեց:

Աստուածաշունչի մեկնիչ մասնագէտներ կ’առաջարկեն, որ այս խնդրին բարօր լուծման ապացոյցներէն մէկը Պետրոսի Երկրորդ Ընդհանրական նամակին մէջ այն ակնարկն է, ուր ան իր յորդորականին ընթացքին Պօղոսի մասին կ’ըսէ. «Հետեւաբար, սիրելինե՛ր…ջանացէք անբիծ եւ անարատ ըլլալ Աստուծոյ աչքին…ինչպէս մեր սիրելի եղբայրը՝ Պօղոս ալ գրեց ձեզի, Աստուծմէ իրեն շնորհուած իմաստութեամբ» (2 Պետ 3.14-15):

Եզրակացութիւն. Սրբութիւն՝ Կաւէ Անօթներու Մէջ

Այս բոլոր յստակացումներուն լոյսին տակ կ’ուզեմ եզրափակել հետեւեալ լուսաբանութեամբ՝ առաքեալներուն մեղաւոր ըլլալը երբեք չի նուաստացներ անոնց սրբութիւնը: Սուրբ Պօղոս առաքեալ խորհրդաւոր կերպով կը ներկայացնէ այս բարատոքսիք իրավիճակը. «Արդ, այս գանձը մեր մէջ կը կրենք՝ կաւէ անօթներու պէս, որպէսզի յստակօրէն երեւի՝ թէ այս անսահման զօրութիւնը Աստուծմէ է, որ կու գայ, եւ ո՛չ թէ մեզմէ» (2 Կոր 4.7): Այս համարը կու գայ նաեւ ապացուցելու, որ ոչ միայն Քրիստոսի հետեւորդին շնորհն ու առաքելութիւնը չի շիջիր, այլ աւելին՝ անոր մեղաւորութեան պատճառով, Աստուծոյ զօրութիւնը երեւան կու գայ եւ ան առաւել կը փառաւորուի:

Այս եզական գաղափարը նաեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեանին գլխաւոր առանցքներէն մէկը կը կազմէ: Ան բազմիցս կը դիմէ Բարձրեալին նման խորհուրդով. «Ես ինքս անձնադատ գերի, իմ կամքովս մատնեցի ինքզինքս…որպէսզի ինծի պէս մեղքերով կաշկանդուած մը փրկելով, դուն կրկնապէս գովուիս եւ փառաւորուիս» (Բան ԻԸ-Բ): Բազմաթիւ են նմոյշները, բոլորն ալ ընթերցուելու եւ աղօթասացուելու արժանի, ինչպէս օրինակ. «Օ՛ն, փութա՛, բարեգո՛րծ, աւելի եւս փառաւորուիլ՝ իմ անյուսալի փրկութեանս ստացումին մէջ…քաւութեանդ շնորհով ճանչցուած եւ ողորմութեանդ լոյսովը բարեբանուած» (Բան ԽԹ-Բ): Յիշենք նաեւ հետեւեալ երանութիւնը. «Պետրոսը “հաւատքի վէմ” կոչուելու երանութեան արժանացուցիր…երանի թէ արդարացնես իմ մեղապարտ անձս ալ: Վասնզի դուն…ողորմութեամբդ հռչակուած ես» (Բան ԺԳ-Ա):

Պատշաճ պիտի ըլլար նաեւ մէջբերել Արամ Ա վեհափառ հայրապետէն վերջերս արտասանուած պատգամէն հատուած մը (գահակալութեան 25-րդ ամեակին առթիւ, վեհարանի դահլիճին մէջ, 28 յունիս 2020). «Եկեղեցին աստուածամարդկային կառոյց է…եկեղեցին սուրբ է, եկեղեցին առաքելական է, եկեղեցին ընդհանրական է՝ որպէս կոչում, այնքանով որ հաւատարիմ է իր աստուածատուր կոչումին: Հետեւաբար հոգեւորականեր, կաթողիկոսէն սկսեալ, սխալներ կրնան գործել…սակայն էականը մեր աստուածատուր կոչումին, առաքելութեան, ծառայութեան, հաւատարիմ ըլլալն է»։

Այսպէս, 12 առաքեալները, անոնց յաջորդը հանդիսացող հայրապետներն ու քահանաները, եւ համայն քրիստոսադաւան հաւատացեալ ժողովուրդը, Աստուածամարդուն՝ Յիսուս Քրիստոսի միանալով, մեղաւորութենէ սրբութեան կոչուած են: Եւ որպէս Աստուծմէ ընտրուած, սրբուած ու առաքուած զինուորներ, հանդերձեալին մէջ կատարելութեան հասնելու յոյսով, հաւատարմօրէն պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը ներկայ այս կեանքին մէջ, անկախ բոլոր այն փորձութիւններէն եւ մեղքերէն, որոնք փոթորիկի նման կրնան հանդիպիլ ու անցնիլ մեր նաւարկութեան ուղիէն:

Որպէս այս յօդուածին վերջին խօսք եւ փոթորկոտ կամ խաղաղ օրերու յարմար աղօթք, կը մէջբերեմ Մատեան Ողբերգութենէն հետեւեալ հատուածը, որ ինքնիր մէջ նաեւ կ’ամփոփէ մեր մտածումներու օղակը (եւ հետաքրքրական զուգադիպութեամբ, Նարեկացին նաեւ կը յիշէ, թէ առաքեալներուն գովասանքին կարիքը չկայ, քանզի յաճախ այդ մէկը ըրած է այլ գրութիւններու մէջ, եւ միշտ ու միայն՝ Աստուծոյ փառքին համար). «Արդ, Քու սուրբ առաքեալներուդ սիրոյն, որոնք երկինքը ստեղծող Քու աջէդ ձեռնադրուեցան եւ Սուրբ Հոգիովդ օծուեցան, եւ որոնց արժանաւորութեան գովեստը ես ինքս ըրած եմ ուրիշ գրուածքի մը մէջ՝ Քու փառքիդ համար միայն, ողորմէ՛ ինծի յիշատակովը այն սիրոյն՝ որով զանոնք ընտրեցիր» (Բան ՁԲ-Բ):

ՀՐԱՆԴ ՎՐԴ. ԹԱՀԱՆԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

Քաղուած «Ազդակ» էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2020, 08:15