Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան պաշտպան՝ Սուրբ Եղիա մարգարէի տօնը։

Գերապայծառ Տէրը իր պատգամին մէջ ընդգծեց Քրիստոնէական հաւատքը ապրելու կարեւորութիւնը, Լիբանանի այս դժխեմ պայմաններուն ընթացքին:

Կիրակի 19 Յուլիս 2020ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ  մէջ, Արհիապատիւ՝ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմին, Սուրբ Պատարագի Զոհը մատուցեց ու քարոզեց ժողովրդապետութեան՝ պաշտպան Եղիա մարգարէին եւ մեր Տիրոջ Պայծառակերպութեան զոյգ տօներուն առթիւ, առընթերակայութեամբ Հ. Անտոն Վրդ. Նորատունկեանին՝ ժողովրդապետ հօր, Հ. Ղազար Վրդ. Պետրոսեան եւ Հ. Կարապետ Վրդ.  Քըլընճեան փոխ ժողովրդապետներուն, ներկայութեամբ Համայնքի Երեսփոխան Մեծայարգ Պր. Ժան Թալուզեանին, Եկեղեցւոյս երգչախումբին եւ հոծ բազմութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Տէրը իր պատգամին մէջ ընդգծեց Քրիստոնէական հաւատքը ապրելու կարեւորութիւնը, Լիբանանի այս դժխեմ պայմաններուն ընթացքին: Ան անդրադարձաւ նաեւ Մեր Տիրոջ Այլակերպութեան պատգամին, ուր Յիսուս իր աշակերտներուն, Իր Աստուածութիւնն ալ ցոյց տալով նոր յոյս  ներշնչեց անոնց ու զիրենք քաջալերեց  Խօսքը քարոզելու Մեծ յոյսով ու քաջութեամբ:

Պատարագի աւարտին բոլոր հաւատացեալները եկեղեցւոյս սրահը հաւաքուեցան հատելու համար օրուան տօներուն կարկանդակը ապա շնորհաւորութիւններ ընդունելու:

Հաղորդագրութիւն Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2020, 09:11