Սուրբ Պենետիկտոս Սուրբ Պենետիկտոս  (© Musei Vaticani)

Եւրոպայի պաշտպան սուրբ՝ Սուրբ Պենետիկտոսի տօնը

540 թուականին Մոնթեքասսինօ աբբայարանին մէջ Պենետիկտոս յօրինած է «Ռեկոլան» Պենետիկտեան միաբանութեան կանոնագիրքը հիմնուած Աւետարանին ուսուցումներու վրայ որուն բնաբանը եղած է «Օրա էթ Լապորա - Աղօթէ եւ աշխատէ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

11 Յուլիսին կը յիշատակուի 1964-ին Եւրոպայի Պաշտպան սուրբ  հռչակուած Սուրբ Պենետիկտոսի տօնը։ Ան  եղած է Պենետիկտեան միաբնութեան հիմնադիրը։ Ծնած է 480 թուականներուն Նորչայի մէջ ու իր մահկանացուն կնքած է Մոնթեքասսինոյի աբբայարանին մէջ 21 մարտ 547-ին։

540 թուականին Մոնթեքասսինօ աբբայարանին մէջ Պենետիկտոս յօրինած է «Ռեկոլան» Պենետիկտեան միաբանութեան կանոնագիրքը հիմնուած Աւետարանին ուսուցումներու վրայ որով կը հաստատէ կրօնաւորական կեանքի պայմաններն ու օրէնքները եւ որուն բնաբանը եղած է «Օրա էթ Լապորա - Աղօթէ եւ աշխատէ»։

Սուրբ Պենետիկտոսի տօնին առթիւ մէկ տարի առաջ զետեղուեցաւ՝  2016-ին Իտալիան հարուածած ահաւոր երկրաշարժին թիրախ դարձած Նորչայի Պենետիկտեան նոր վանքին առաջին քարը։  

Այս առթիւ յիշենք թէ  24 Հոկտեմբեր 1964-ի թուականէն սկսեալ,  երբ Պօղոս Զ Քահանայապետը Սուրբ Պենետիկտոսը Եւրոպայի պաշտպան Սուրբ հռչակեց, Պենետիկտեաններ սկսած էին «Պենետիկտեան Ջահ»ը լուցանելու սովորութիւնը, Եւրոպայի զանազան քաղաքներուն մէջ, արտայայտելու համար Եւրոպայի միասնութիւնը։

1992 թուականէն սկսեալ, ուր հաստատուած էր Մաասթրիխթի Պայմանագիրը, «Պենետիկտեան Ջահ»ը վերածուած էր խաղաղութեան խորհրդանիշի։

Սուրբ Պենետիկտոս արդարեւ կը խորհրդանշէ Եւրոպայի քրիստոնէական արմատներուն դաւանումը, որ հասարակաց է եւրոպական 28 երկիրներու։ «Պենետիկտեան Ջահ»ի լուցանումը կը ներկայացնէ Սուրբ Պենետիկտոսի լոյսը, որ կը տարածուի Եւրոպայի վրայ՝ բերելով խաղաղութիւն եւ զօրացնելով միասնութեան հոգին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2020, 07:49