Արհի. Յովսէփ  Եպիսկ. Առնաութեան եւ «Րայադ ալ Շաm» ընտրական խմբակի անդամները Արհի. Յովսէփ Եպիսկ. Առնաութեան եւ «Րայադ ալ Շաm» ընտրական խմբակի անդամները 

«Րայադ ալ Շաm» ընտրական խմբակի անդամները այցելեցին Արհի. Յովսէփ Եպիսկ.Առնաութեանին։

Եռանդամ ցանկի անդամները յանձին՝ դոկտ. Նորա Արիսեանի,դոկտ. խալիլ Ժըրժի Թոհմէի եւ տիար Մուհամմատ Մահեր Պուսթանիի,ներկայացուցին Գերապայծառ Տիրոջ իրենց ընտրական ծրագիրը։

Ուրբաթ,10 յուլիս 2020-ին,յառաջիկայ Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութեանց թեկնածու ներկայացած «Րայադ ալ Շամراية الشام» ցանկի անդամները,այցելութիւն մը տուին Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանին,Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ առաջնորդին:Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ Գեր. Հ. Գէորգ վրդ. Պահէեան ժողովրդապետը համայնքին:Եռանդամ ցանկի անդամները յանձին՝ դոկտ. Նորա Արիսեանի,դոկտ. խալիլ Ժըրժի Թոհմէի եւ տիար Մուհամմատ Մահեր Պուսթանիի,ներկայացուցին Գերապայծառ Տիրոջ իրենց ընտրական ծրագիրը, ընդգծելով զանազան դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները,որոնց առաջ կանգնած է երկիրը ու հրամայականը լուծումներ գտնելու քաղաքացիներու բազմաթիւ խնդիրներուն ու հարցերուն:

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Տէրը իր քաջալերանքն ու յաջողութեան մաղթանքները յայտնեց թեկնածուներուն,յոյս յայտնելով որ ընտրութիւնները առիթ հանդիսանան ամրապնդելու երկրին միասնականութիւնը ու յաջորդ Խորհրդարանը իր կարեւոր մասնակցութիւնը ունենայ որպէս օրէնսդիր մարմին,Սուրիոյ զարգացման ու յառաջդիմութեան:

Քաղուած Դամասկոսի ՀԿՄ-ի դիմատետրէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2020, 10:05