Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Գերապայծառ Էուճենիօ Սքարփելլինի։ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Գերապայծառ Էուճենիօ Սքարփելլինի։  

Քովիտ 19-ի պատճառաւ վախճանած է առաջին իտալացի եպիսկոպոս մը։

Գերապայծառ Էուճենիօ 66 տարեկան էր եւ 30 տարիէ աւելի կը ծառայէր Պոլիվիոյ մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պոլիվիոյ Էլ Ալթօ թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Էուճենիօ Սքարփելլինի, ծագումով Իտալացի՝ Պերկամօ քաղաքէն, չորեքշաբթի 15 յուլսին հոգին աւանդած է առ հայր, քովիտ 19ին պատճառաւ։ Ան 66 տարեկան էր, եւ 30 տարիէ աւելի կը ծառայէր Պոլիվիոյ մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառը մահացած է Սուրբ Սիրտ անուան հիւանդանոցի մէջ։ Մահուան ցաւալի լուրը գուժեց Պոլիվիոյ համահաւաք դասը, հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը թեմի կայքէջին վրայ նշելով , որ Եկեղեցւոյ հովիւ Գերապայծառ Էուճենիօ բնորոշուած է աղքատներուն նուիրուածութեամբ եւ արդարութեան պայքարին ի սպաս իր անխոնջ գործունէութեամբ ։

Գերապայծառ Սքարփելլինի ծնած է 3 յունուար 1954-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած է 17 յունիս 1978-ին։
26 յունիս 2013ին, ֆրանչիսկոս Պապ զինք նշանակած է լ Ալթօ թեմի եպիսկոսպոս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2020, 06:50