Փաքիստան թափառական աղքատ փոքրիկ մը Փաքիստան թափառական աղքատ փոքրիկ մը 

Քովիտ 19-էն մահացած է մոռցուածներու ու անտեսուածներուն մայր, քոյր Ռութ Լեվիսը ։

Քոյր Լեվիսի մահուան լուրը մեծ արձագանք գտաւ  Փաքիստանի մամուլին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Փաքիստանի մէջ քորոնա վիրուսի պատճառաւ հոգին աւանդեց առ Հայր մանուկներու, հաշմանդամութիւն ունեցող եւ հոգեկան հիւանդութեամբ տառապող երիտասարդներու անխոնջ աշխատանք տարած՝  մոռցուցածներու մայր,  քոյր Ռուդ Լեվիս, որ 2000 թուականէն ի վեր կը գործէր Փաքիստանի Darul Sukoon հիւանդանոցին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսքեաներուն «Քրիստոս Թագաւոր» միաբանութեան անդամ Քոյր Լեվիս հոգի աւանդեց առ Հայր անցեալ 20 յուլիսին, Փաքիստանի Agha Khan” հիւանդանոցին մէջ, ուր կը գտնուէր 8 յուլիսէն, քորոնա ժաճրով վարակուած ըլլալուն պատճառաւ։

Քոյր Լեվիսի մահուան լուրը մեծ արձագանք գտաւ ոչ միայն համայն կաթողիկէ եկեղեցիէն ներս այլեւ  Փաքիստանի մամուլին մէջ։

Հանգուցեալին  միաբանակից քոյրերը, հիւանդանոցի պաշտօնեաները, իրենց խոր ցաւը յայտնեցին նշելով  
«Խորապէս կը ցաւինք, որովհետեւ մեր կեանքէն մաս մը կորսնուցինք։ Քոյր Լեվիսը մեզի համար ներշնչումի աղբիւր էր։ Ան մայր ու քոյր մըն  էր։ Անոր  մանուկներուն, անկարներուն մատուցած ծառայութիւնները, արտակարգ ու վեհանձն  ծառայութիւններ էին։»

Քոյր Լեվիսի տարած անխոնջ աշխատանքը մեծ համբաւ ունեցաւ նաեւ Փաքիստանի պետութեան մօտ։ Ան արժանացած է նաեւ պետական նիւթական օգնութիւններու՝ մանուկներուն նուիրուած կեդրոնին համար։

Քոյր Լեւիսիսն վեհանձն ծառայութիւնը մեր ընկերութեան ի սպաս յաւերժ  պիտի գնահատուի ու պիտի յիշուի» այս մասին  գրած Փաքիստանի Սինտ նահանգի ներկայացուցիչը։
Քոյր Լեւվիսի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը առցանց պիտի սփռուի իր ծառայած հիւանդանոցին պաշտօնական դիմատետրի միջոցաւ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2020, 11:55