Որոնել

Տօն Պայծառակերպութեան Քրիստոսի Տօն Պայծառակերպութեան Քրիստոսի 

Կիրակի 19 Յուլիս 2020 - Տօն Պայծառակերպութեան Քրիստոսի

Խաչելութենէն մօտ մէկ շաբաթ առաջ՝ Քրիստոս իր փառքը կը յայտնէ առաքեալներուն. իր բուն նպատակն է սակայն պատրաստել զիրենք ուրիշ յայտնութեան մը, աւելի տխուր, իր չարչարանքներու եւ խաչելութեան յայտնութեանը:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Բարւոք է մեզ աստ լինել –Մատթէոս 17, 1-13

Այսօր կը տօնենք Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը Թափօր լերան վրայ, զոր ըստ հայկական աւանդութեան կը կոչենք նաեւ Վարդավառ: Խաչելութենէն մօտ մէկ շաբաթ առաջ՝  Քրիստոս իր փառքը կը յայտնէ առաքեալներուն. իր բուն նպատակն է սակայն պատրաստել զիրենք ուրիշ յայտնութեան մը, աւելի տխուր, իր չարչարանքներու եւ խաչելութեան յայտնութեանը: Չ'ուզեր որ անոնք յուսալքուին իր մահուան ի տես, ուստի ցոյց կու տայ անոնց փառքը որուն մէջ կը գտնուի եւ որուն պիտի հասնի իր մարմինը, նման Եղիա մարգարէին, որ վերացաւ դէպի երկինք առանց մահը ճաշակելու։

Իբրեւ Աստուած, եւ Հրէաներու Աստուած, Յիսուս պէտք ունի երեւելու Հրեայ մար-գարէներուն հետ. Մովսէս եւ Եղիա կը վկայեն իր աստուածութեան եւ փառաբանութիւն կը մատուցանեն իրեն։  Անոնք կը պատուեն զինք կենալով իր աջ ու ձախ կողմը, նման թագաւորի մը իշխաններուն կամ արարողութեան մը սպասաւորներուն։ Անոնք մտերմօրէն կը խօսին Յիսուսի հետ եւ կը դիտեն անոր պայծառացած դէմքը։ Առաքեալները որոնք լեցուած են զմայլանքով, չեն յաջողիր իրենց աչքերը հեռացնել այս երկնային տեսարանէն ու Պետրոս, իր ընկերներուն զգացումը յայտնելով` կը բացագանչէ. Տէր, բարւօք է մեզ աստ լինել, այսինքն ինչ լաւ է որ հոս կը գտնուինք. Կ՛ուզենք շարունակ հոս մնալ եւ այս զմայլելի տեսարանին ականատես ըլլալ:

Մեզմէ շատեր, օգտուելով պսակաւոր ժահրի տուած ժամանակաւոր ախտա-դադարէն, կը գտնուին արձակուրդի մէջ. Անշուշտ գեղեցիկ ու տեսարժան վայրեր կ՛ընտրեն, ինչպէս նաեւ հանգստաւէտ շրջաններ իրենց կազդուրման համար. Մենք ալ պիտի ուզենայինք երկարել մեր արձակուրդները եւ շարունակել մնալ ու վայելել հաճոյալի այդ դրախտավայրերը. Եւ սակայն մեր առօրեայ պարտականութիւնները կը կանչեն մեզ. Հարկ է դառնալ իրականութեան եւ կեանքի դժուարին պայմաններուն. Բայց կը զգանք որ այդ հաճելի ժամերն ու օրերը զոր անցուցինք արձակուրդի ատեն` մեզ կազդուրեցին եւ մեզի ուժ տուին դիմագրաւելու մեր առօրեայ այնքան միապաղաղ կեանքը, մեզ լեցուցին նոր շունչով ու նոր եռանդով։

Երեք ընտրեալ առաքեալները, Պետրոս, Յակոբ եւ Յովհաննէս, վայելելէ ետք պայծառակերպութեան լուսաւոր ու փառապանծ վայրկեանները, պիտի կարենան դիմակալել այլեւս իրենց Տիրոջ` Քրիստոսի դաժան ժամերը: Եթէ անոնք լիացած չըլլային պայծառակերպութեան լոյսով եւ Յիսուսի փառաւորութեան պատկերով, կրնային գայթակղիլ տեսնելով անոր անարգ խոնարհեցումը եւ այնուհետեւ կորսնցնել իրենց յոյսն ու ապաւէնը իրենց Տիրոջ հանդէպ, ինչ որ վստահաբար պիտի առաջնորդէր զիրենք դէպի կորուստը հաւատքի եւ ժխտումը իրենց առաքելական կարեւորագոյն պաշտօնին։

Սուրբերու կեանքը միշտ չէ եղած լի մխիթարութիւններով. Յաճախ անոնք քալած են թանձր խաւարին մէջէն եւ յուսալքուած են, կարծելով թէ Աստուած զիրենք կը լքէ. Բարեբախտաբար Տէրը երբեմն երբեմն իրենց տուած է լուսաւորման ու մխիթարութեան զմայլելի պահեր, որպէսզի դարձեալ զօրանայ իրենց մէջ հաւատքն ու սէրը դէպի Փրկիչը մարդկանց։ Մենք որ կը դիմենք սրբութեան, խնդրելու ենք որ Տէրը շնորհէ մեզի ալ լոյսի պահեր, որպէսզի չյուսահատինք, այլ հաւատարմօրէն քալենք իր ետեւէն, վստահ ըլլալով որ մեզ ալ պիտի դարձնէ յաւիտենապէս երջանիկ, իր անվերջ արքայութեան մէջ. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2020, 06:17