Եպիսկոպոս Հենրիք Սոարես Եպիսկոպոս Հենրիք Սոարես 

Պրազիլի Փալմարեսի եպիսկոպոս Հենրիք Սոարես տա Քոսթա մահացած Covid-19ի վարակով

Գերպ. Տա Քոսթա Պրազիլի մէջ Covid-19ի վարակով մահացած երրորդ եպիսկոպոսն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 18 յուլիսին մահացած է Պրազիլի Փալմարեսի եպիսկոպոս Սոարես տա Քոսթա։ Շաբաթ, յուլիս 4ին, 57ամեայ եպիսկոպոսը փոխադրուած էր հիւանդանոց։ Հինգշաբթի, յուլիս 9ին անոր վիճակը ծանրացած էր, եւ ստիպուած էր գործածել շնչառութեան սարք։ Եպիսկոպոսը ստանձնած էր Փալմարեսի թեմը 2014 թուականին։

Ունկնդրէ լուրը

Գերպ. Քոսթա ծնած է Պրազիլի հիւսիս-արեւելեան Փենետօ քաղաքին մէջ։ Աստուածաբանութեան ուսումները կատարած է Պրազիլի մէջ, ապա Հռոմի Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին մէջ։ 2009 թուականին, Պենեդիկտոս ԺԶ. Պապը զայն անուանած է Արաքաժուի օգնական եպիսկոպոս։

Գերպ. Տա Քոսթա Պրազիլի մէջ Covid-19ի վարակով մահացած երրորդ եպիսկոպոսն է։ Պրազիլը Covid-19ով վարակուածներու թիւով երկրորդ տեղը կը գրաւէ աշխարհի մէջ, այդ թիւը կը հասնի 2.100.000ի. ցարդ մահացած են 78.772 անձեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2020, 10:54