Հաւատացեալներ Հաւատացեալներ 

Եւրոպայի եպիսկոպոսներու կոչը Եւրոմիութեան՝ աջակցելու Նիճերիոյ մէջ հալածուած քրիստոնեաներուն։

Յունիս 9ին, Նիկերիայի հիւսիս-արեւելեան Պորնո նահանգի գիւղի մը մէջ Պոքո Հարամի յարձակում մը խլած է 81 զոհեր։ Յունիսի սկիզբը սոյն շրջանին մէջ սպանուած էին պատուելի մը եւ անոր յղի կինը իրենց ագարակին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երոպայի Միութեան Եպիսկոպոսական Ժողովներու Յանձնաժողովի նախագահ, Կարդինալ Ժան-Քլոտ Հոլլերիք՝ Նիկերիայի քրիստոնեաներուն խոստացած է յաւելեալ աջակցութիւն Եւրոպայի Միութեան կողմէ։ Կարդինալ Հոլլերիք նամակ մը ուղղած է Նիկերիայի եպիսկոպոսներուն, հաստատելով, թէ եպիսկոպոսներու յանձնաժողովը պիտի աշխատի Եւրոպայի Միութեան կողմէ օգնութիւն եւ համագործակցութիւն ապահովել Նիկերիայի իշխանուիթիւններուն՝ պայքարելու բռնութեան եւ հալածանքներու դէմ։

Ունկնդրէ լուրը

Ծիրանաւորը իր զօրակցութիւնը արտայայտած է Նիկերիայի քրիստոնեայ համայնքներուն, որոնք, ինչպէս կը գրէ «կ՚ապրին ահաբեկիչներու, ապստամբներու եւ զինեալներու կողմէ շարունակական յարձակումներու տակ»։ Եւրոպական յանձնաժողովի յուլիս 2 հրապարակած յայտարարութեան մը համաձայն շուրջ 6000 նիկերիացի քրիստոնեաներ սպանուած են 2015 թուականէն ի վեր, մեծ մասամբ Պոքո Հարամի եւ զինեալ Ֆուլանիի ամբոխներու կողմէ։ Աւելի քան 600 քրիստոնեաներ սպանուած են 2020 թուականին։ Քրիստոնեաներ գլխատուած եւ հրկիզուած են, անոնց ագարակները կրակի տրուած են եւ քահանաներ եւ ժառանգաւորներ թիրախ դարձած են առեւանգումի։

Յունիս 9ին, Նիկերիայի հիւսիս-արեւելեան Պորնո նահանգի գիւղի մը մէջ Պոքո Հարամի յարձակում մը խլած է 81 զոհեր։ Յունիսի սկիզբը սոյն շրջանին մէջ սպանուած էին պատուելի մը եւ անոր յղի կինը իրենց ագարակին մէջ։

Յունուարին, զինեալներ առեւանգած էին չորս կաթողիկէ ժառանգաւորներ, սպանելով անոնցմէ մէկը։ Մարտ 1ին, Հ. Տէյվիտ Էչիոտա առեւանգուած էր իր կիրակի օրուան մատուցած Պատարագէն ետ, եւ քանի մը օր ետք ազատ արձակուած։ Եւրոպայի եպիսկոպոսական ժողովներու յանձնախումբը միշտ կոչ ուղղած է Եւրոմիութեան երկիրներուն, որ «բազմապատկեն իրենց ճիգերը՝ դադրեցնելու համար բռնութիւնը Նիկերիայի մէջ, եւ ոճրագործները կանչել արդարութեան, օգնել զոհերուն եւ խթանել երկխօսութիւնն ու խաղաղութիւնը»։

Կարդինալ Հոլլերիք նկատած է թէ յատուկ կերպով մտահոգ է այն մարդոցմով որոնք բռնի կերպով հեռացուած են իրենց բնակարաններէն՝ Նիկերիայի մէջ յարաճուն բռնութեան պատճառով։ Ան կարեւոր նկատած է որ Եւրոպան ընդունի զանոնք եւ պաշտպան կանգնի անոնց, աւելցնելով, «իմ մտածումներս եւ իմ սիրտս այն բազմաթիւ երիտասարդներուն հետն են, որոնք պարտադրուած են լքել երկիրը, բռնութեան եւ ընկերա-տնտեսական հեռանկարներու բացակայութեան պատճառով»։

Նշենք, թէ քրիստոնեաները կը կազմեն Նիկերիայի բնակչութեան 47 տոկոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2020, 08:10