Եւրոմիութեան դրօշակը Եւրոմիութեան դրօշակը 

«Աւելի արդար, հաւասար եւ կայուն Եւրոպա մը» ԵՄ եպիսկոպոսներու եւ Եկեղեցիներու կոչը

Եւրոմիութեան եպիսկոպոսներու յանձնաժողովը եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու համաժողովը 7 յուլիսին հանդիպում ունեցան Եւրոմիութեան հերթական նախագահութիւնը ստանձնող Գերմանիոյ ներկայացուցիչին հետ վերահաստատելով միասին աշխատելու անհրաժեշտութիւնը ՝ ի նպաստ հասարակաց բարիքին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հարկաւոր է ամրապնդել յանձնառումը՝ ի սպաս եւրոպական ծրագրին ու անոր միասնական արժէքներուն, որպէսզի Եւրոպան դառնայ աւելի արդար, աւելի հաւասար եւ աւելի կայուն»։ Հրաւէրն սա՝ զոր  Եւրոմիութեան եպիսկոպոսներու յանձնաժողովը (Comece) եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու համաժողովը (Cec) ուղղեցին Եւրոպական Միութեան Խորհուրդին։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ երկու հաստատութիւններու համամիութենական պատուիրակութիւն մը՝ 7 յուլիսին, հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ Եւրոմիութեան մօտ մնայուն դէտ Միքայէլ Քլոպի հետ,  քննարկելով Եւրոպական Միութեան Գերմանիայի նախագահութեան  առաջնահերթութիւնները ու այդ առթիւ ներկայացնելով միասնական առաջարկներ՝ ուր ընդգծուած է    հարկաւորութիւնը որ Եւրոմիութիւնն ու անոր անդամ պետութիւնները, եկեղեցիներու եւ կրօնական հասարակութիւններուն հետ միասին, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան դերակատարներուն ներգրաւումով, համագործակցին՝ որպէս նպատակ ունենալով Եւրոպան դարձնել աւելի զօրեղ եւ աւելի արդիական, հաւասար եւ կայուն։

«Որպէս Եկեղեցի յանձնառու ենք կառուցելու խաղաղութեան եւ հիւրընկալութեան կամուրջներ, ու խթանելու հասարակաց բարիքին համընդհանուր տեսութիւն մը, ձգտելով աւելի մարդկային, ընկերային եւ կայուն եւրոպայի մը որ համերաշխ ըլլայ իր ներքին սահմաններուն մէջ եւ իր դրացիներուն հետ, ուր նաեւ գերակայեն մարդկային իրաւունքներն ու զօրակցութիւնը» գրուած է Եպիսկոպոսներու եւ Եկեղեցիներու Եւրոմիութեան Գերմանիոյ նախագահութեան յանձնուած յայտարարութեան մէջ։

Սոյն հանդիպումը կը համարուի նախապատրաստական հանդիպում՝ 27 Հոկտեմբեր 2020-ին Գերմանիոյ Արտգործ Նախարարութեան Եւրոպական հարցերու նախարար Միքալել Ռոպի հետ Պեռլինի մէջ կայանալիք հանդիպումին։

Եւրոմիութեան նախագահութեան հետ հանդիպումները մաս կը կազմեն հին աւանդութեան մը՝ որ հիմքը կը գտնէ Եւրոմիութեան գործողութեան մասին պայմանագիրի 17 յօդուածի մէջ, որ կը նախատեսէ բաց, թափանցիկ եւ կանոնաւոր  երկխօսութիւն,  Եւրոմիութեան իշխանութիւններուն եւ Եկեղեցիներուն միջեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2020, 06:39