Հալէպի Մարոնիներուն սուրբ Եղիա մայր եկեղեցին Հալէպի Մարոնիներուն սուրբ Եղիա մայր եկեղեցին 

Հալէպի Մարոնիներուն Սուրբ Եղիա մայր տաճարը կը վերաբացուի.«աղօթեցէք մեզի համար» գերապայծառ Թոպիժ։

Եկեղեցին ամբողջութեամբ վերանորգուած է շնորհիւ քահանայապետական «տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» բարեսիրական հիմնարկին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 20 յուլիսին, կը վերաբացուի Հալէպի Մարոնիներուն Սուրբ Եղիա մայր եկեղեցին, վերնորոգուած եկեղեցւոյ վերաօծման սուրբ Արարողութեան ընթացքին։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն վնասուած եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքները իրականացուած են շնորհիւ «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական բարեգործական հիմնարկին, տրամադրելով աւելի քան 400 հազար եւրօ։


Հալէպի Ժտէյտէ շրջանին մէջ գտնուող Մարոնիներուն եկեղեցին կառուցուած է 1873 թուին, ապա 2013ին վնասուած է  մահմետական ծայրայեղ խմբաւորումներուն կողմէ։

«Եկեղեցւոյ վերաօծումը յոյսի եւ վերածնունդի նշան է համայն քրիստոնեայ հասարակութեան համար, հակառակ որ քրիստոնեաներու թիւը կը նուազի՝ յետին աղքատութեան պատճառաւ» այս մասին յայտնեց Հալէպի Մարոնիներուն արքեպիսկոպոս գերապայծառ Ճոզէֆ Թոպի, «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին , ան ապա անդրադառնալով եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքներուն դժուարութիւններուն, նշեց թէ գլխաւոր դժուարութիւնը եղած է դրամագլուխի պակասը, սակայն  շնորհիւ «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» բարեսիրական հաստատութեան սատարած նպաստին  եկեղեցին վերակառուցուած է ու անոր փայտէ առաստաղը ամբողջութեամբ վերականգնուած ու իր նախնական վիճակի վերածուած է  շնորհիւ իտալացի ճարտարապետներուն եւ բարերարներուն։ Ըսաւ Հալէպի Մարոնիներուն արքեպիսկոպոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2020, 13:17