Գերմանացի եպիսկոպոսներ Գերմանացի եպիսկոպոսներ 

Գերմանիոյ Կաթողիկէ եկեղեցին 591.6 միլիոն եւրo արժողութեամբ օգնութիւններ տրամադրեց աշխարհին։

«Գերմանիոյ կաթողիկէները չեն վհատիր աշխարհի աղքատութեան եւ կարիքներուն դիմաց» եւ «օգնութեան կը հասնին այնտեղ ուր կարիքը կայ», աղքատութեան նկատմամբ կողմնորոշումը նկատելով որպէս սկզբունք։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ տարի Գերմանիոյ Կաթողիկէ եկեղեցին աշխարհի զանազան վայերու մէջ ծրագիրներ իրականացուցած է որոնց արժէքը գրեթէ  591.6  միլիոն եւրոյի կը հասնի։ «Այդ գումարը ծախսուած է առ ի սատար՝ Ասիայի, Ափրիկէի, Լատին Ամերիկայի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ իրականացուած ծրագիրներու» ինչպէս յայտնեց անցեալ օրերուն Գերմանիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը ներկայացնելով ծրագիրներու տարեկան հաշուեկշիռը։

«Գումարը հիմնականին, բացի պետական ներդրումներէն, պտուղն է նուիրատուութիւններու», ինչպէս կը հաստատէ Պամպերկայի Արքեպիսկոպոս եւ Գերմանիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի տիեզերական եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը՝ գերապայծառ Լուտվիկ Շիքը, որ ապա նկատել կու տայ թէ  «Գերմանիոյ կաթողիկէները չեն վհատիր աշխարհի աղքատութեան եւ կարիքներուն դիմաց» եւ «օգնութեան կը հասնին այնտեղ ուր կարիքը կայ»,  աղքատութեան նկատմամբ կողմնորոշումը նկատելով որպէս  սկզբունք։

75 տարիներ առաջ վերջ գտած Բ աշխարհամարտը սկիզբը հանդիսացաւ գերմանացի կաթողիկէներու օգնութեան՝ ի նպաստ պատերազմէ եւ բռնութիւններէ տառապող երկիրներուն։ Ծրագիրներուն մեծամասնութիւնը նպատակադրուած են խաղաղութեան եւ հաշտութեան հաստատումին ի սպաս։

Գերմանիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը անցեալ օրերուն Պոնի մէջ ներկայացուց տարեկան հաշուեկշիռը լուսարձակի տակ կը դնելով կրօնի անդորր բնոյթը եւ վտանգը որ կը սպառնայ  կրօնական առաջնորդներուն, երբ անոնք  թոյլ կու տան շահագործուիլ քաղաքական նպատակներու համար։ Ասոր համար Գերմանիոյ կաթողիկէ եկեղեցին տարիներէ ի վեր կեդրոնացած է ու ջանք կը դափէ թիկունք կանգնելու խաղաղ գործունէութիւններու, որոնք ընդհանրապէս կը ներգրաւեն նաեւ այլ կրօնները։  

Քորոնաժահրին ի տես Գերապայծառ Շիքը հաստատեց՝ թէ «ընդհանրական միասնական բարիքը պէտք է ըլլայ ամէն մէկ քաղաքական արարքի կեդրոնը։ Զօրակցութիւնը, արդարութիւնը, եւ միութիւնը՝ անհրաժեշտ պայմաններ են աշխարհի մէջ, համայն մարդկութեան վերապահուած ազատութեան եւ անվտանգութեան ապագայի մը համար» ըսաւ Ան։  

Նշենք թէ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի տիեզերական եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մաս կը կազմեն, բացի Գերմանիոյ Եպիսկոպոսական դասի անդամներէն, գերմանական միաբանութիւններու մեծաւորներ, մարդասիրական հաստատութիւններ, ինչպէս Միջազգային Քարիթասը, Ռենովապիսը եւ այլ բարեգործական ընկերակցութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2020, 07:38