Լուրտի Սրբավայրը Լուրտի Սրբավայրը 

Ֆրանսա. Լուրտի 147րդ ազգային ուխտագնացութիւնը «Երթալ դէպի սիրոյ ակնաղբիւրը»

Ուխտագնացութեան օրակարգին մէջ նախատեսուած է նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի նախագահութեամբ սուրբ պատարագ՝ 15 օգոստոսի ժամը 10-ին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս տարի յատկանշական բնոյթ պիտի ունենայ յառաջիկայ 12 – 17 օգոստոսին կայանալիք՝  ֆրանսացի ուխտաւորներուն դէպի Լուրտի սրբավայր ուխտագնացութիւնը։ Արդարեւ քորոնավիրուսի առողջապահական տագնապի պատճառաւ Մարեմեան այդ քաղաքը,  ուր Անարատ Յղութիւնը երեւեցաւ Պերնտաէթ Սուպիըույին, պիտի ժամանէ միայն հաւատացեալները եւ ուխտաւորները ներկայացնող փոքր թիւով պատուիրակութիւն մը, ի տարբերութիւն միւս տարիներուն ուր Սրբավայր կը խուժէին միլիոնաւոր հաւատացեալներ։

 «Ուխտագնացութեամբ կ՛երթանք դէպի Լուրտ՝ Սուրբ Կոյս Մարիամին ներկայանալով որպէս անոր զաւակները, ու մեր աղօթքները մատուցելով, որպէս մտերմիկ խօսակցութիւն, որով անոր կը յանձնենք մեր դիտաւորութիւնները։ Կ՛երթանք դէպի սիրոյ ակնաղբիւրը» ըսաւ այս առթիւ Հայր Վէնսան Քապանաքը՝ ազգային ուխտագնացութեան տնօրէնը։ 

Ուխտագնացութեան օրակարգին մէջ նախատեսուած է նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի նախագահութեամբ սուրբ պատարագ՝ 15 օգոստոսի ժամը 10-ին, ինչպէս նաեւ աղօթքի եւ խորհրդածութեան տարբեր պահեր, որոնց շարքին նշենք՝  «Որքանով հիւանդութիւնը մեզ կը դրոշմէ եւ մեզի կը սպառնայ. քրիստոնէական պատասխանատուութիւն եւ յոյս» խորագիրով 13 օգոստոսին բանախօսութիւնը, զոր պիտի  ներկայացնէ Կաթողիկէ Բժիշկներու նախագահ՝ Ալէն Կալիքոն։

Մինչ 16 Յուլիսին, Սուրբ Կողս Մարիամին 18-րդ եւ վերջին երեւումին տարեդարձին օրը նախատեսուած է առցանց ուխտագնացութիւնը “Lourdes United” վերտառութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի զանազան երկիներէ  միլիոնաւոր հաւատացեալներ։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2020, 08:01