Արհիապատիւ Եղիա Եպիսկոպոս Եղիայեան Արհիապատիւ Եղիա Եպիսկոպոս Եղիայեան  

Արհիապատիւ Հայր Եղիա Եպիսկոպոս Եղիայեան նշանակուեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական այցելու։

Գերապայծառ Եղիայեանը Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ Փարիզի Սուրբ Խաչ Թեմին առաջնորդ նշանակուած էր 23 յունիս 2018 թուակիր Քահանայապետական կոնդակով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Շաբաթ 27 Յունիս 2020-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով Արրհ. Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանի հրաժարականը, որպէս Արեւմտեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական այցելու նշանակեց՝ Փարիզի Սուրբ Խաչ Թեմին Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդը,  Արհիապատիւ Եղիա Եպիսկոպոս Եղիայեանը.

Յայտնենք թէ Գերապայծառ Եղիայեանը Ֆրանսայի  Հայ Կաթողիկէ  Փարիզի Սուրբ Խաչ Թեմին առաջնորդ նշանակուած էր 23 յունիս 2018 թուակիր Քահանայապետական հրամանագիրով։

Ան ծնած է Հալէպ՝ 29 մայիս 1950-ին։  Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան անդամակցելով՝ Քահանայ ձեռնադրուած է 24 մարտ 1974-ին։ Եպիսկոպոսական օծումը ընդունած է Լիբանանի Զմմառու Տիրամօր Սրբավայրին մէջ՝ 12 օգոստոս 2018-ին

«Վատիկան Նիուզ - Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական բաժնի խմբագրական կազմը իր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը փոխանցէ գերապայծառ  Եղիայեանին , անոր ապահովեցնելով աղօթքներ ի նպաստ պտղաբեր ու բեղուն առաքելութեան ի փառս Աստուծոյ եւ ի ծառայութիւն ազգիս հայոց»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2020, 12:51