«Վասն խաղաղութեան մէկ վայրկեան աղօթք» «Վասն խաղաղութեան մէկ վայրկեան աղօթք» 

«Վասն խաղաղութեան մէկ վայրկեան աղօթք» Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի նախաձեռնութիւնը։

Այսօր կը յիշատակուի Վատիկանի մէջ կայացած Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Իսրայէլի ու Պաղեստինի նախագահներու միջեւ խաղաղութեան պատմական հանդիպումին 6-րդ տարեդարձը (8 Յունիս 2014)
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այնտեղ ուր ալ որ կը գտնուիս՝ 8 յունիսի ժամը 13-ին կանգ առ, գլուխդ խոնարհեցուր եւ աղօթէ խաղաղութեան համար»։ Հրաւէրն է սա Ացիոնէ Քաթթոոլիքա շարժումի միջազգային Ֆորումին, որ այս տարի եւս, Վատիկանի մէջ 6 տարիներ առաջ կայացած Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Իսրայէլի ու Պաղեստինի նախագահներուն միջեւ հանդիպումին առթիւ կ՛առաջարկէ «Վասն խաղաղութեան մէկ վայրկեան աղօթք»։

Վերոնշեալ  խաղաղութեան պատմական հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Աը։

«Քովիտ19 ժահրի համաճարակի ժամանակաշրջանը, աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներուն համար  աւելիով ծանրացուց դժուարութիւնները եւ սրացուց ընկերային լարուածութիւնները,  դանդաղեցնելով նաեւ ընթացքի մէջ  հակամարտութիւններու լուծումները» կը կարդանք այս առթիւ Ացիոնէ Քաթթոլիքայի կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մը մէջ ուր հրաւէր կ՛ուղղուի բարի կամք ունեցող բոլոր  մարդոց ու կիներուն,  այսօր՝ 8 յունիսի  ժամը 13-ին, ամէն մին իր կրօնական աւանդութեան համաձայն, մէկ վայրկեան ամփոփուելու աղօթքի մէջ՝ խաղաղութեան դիտաւորութեան։

Հրապարակուած գրութիւնը յղում կը կատարէ 2020-ի խաղաղութեան  համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակուած պատգամին ուր Ֆրանչիսկոս Պապ կը հաստատէ թէ «Խաղաղութիւնը թանկարժէք բարիք մըն է, մեր յոյսին առարկան, որուն կը ձգտի համայն մարդկութիւնը։

Ացիոնէ Քաթթոլիքայի միջազգային Ֆորումը հուսկ իր համակիրներէն կը խնդրէ՝ որ «վասն խաղաղութեան մէկ վայրկեան աղօթք» ձեռնարկին առթիւ տարածեն նաեւ Ապու Տապիի մէջ 4 փետրուար 2019-ին Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհարի աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայիպին միջեւ ստորագրուած «Համաշխարհային խաղաղութեան եւ միասնական համակեցութեան Մարդկային Եղբայրութեան» փաստաթուղթը, որպէսզի ան դառնայ խորհրդածութեան ու փնտռտուքի ուղի՝ կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս, սատարելու համար նոր սերունդի մը ստեղծումին, որ գործէ խաղաղութեան ու բարիին համար եւ ամենուրէք պաշտպանէ վերջիններուն եւ  ճնշումի տակ գտնուողներուն իրաւունքները»։

Վասն Խաղաղութեան մէկ վայրկեան աղօթք ձեռնարկի կազմակերպիչները կը խնդրեն նաեւ catholicactionforum@gmail.com հասէցին ուղարկել սեփական պատկեր մը  ձեռէքներու մէջ բռնած ճերմակ թուղթ մը, որուն վրայ  արձանագրուած ըլլայ #UNMINUTOPORLAPAZ գրութիւնը, ամէն մին իր լեզուի թարգմանութեան հետ միասին։

«Խաղաղութիւն կնքելու համար քաջութիւն պէտք է ՝շատ աւելի քաջութիւն քան պատերազմ ընելու համար… քաջութիւն պէտք է  այո՛ ըսելու հանդիպումին եւ ոչ թէ լարուածութեան ու բախումին» ըսած էր 6 տարի առաջ՝ 8  Յունիս 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի մէջ կայացած խաղաղութեան պատմական հանդիպումին առթիւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2020, 08:39