Մոսկուա ուղղափառ եկեղեցւոյ լուսանկար Մոսկուա ուղղափառ եկեղեցւոյ լուսանկար 

Մոսկուայի մէջ եկեղեցիներու դռները պիտի բացուին, Ռուսիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Կիւրեղ Պատրիարքին օրհնութեամբ։

Համայն Ռուսիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Կիւրեղ Պատրիարքը սոյն որոշումը կայացուցած է Ռուսիոյ դաշնութեան հանրային առողջապահութեան պաշտապանութեան պատասխանատուներու հետ խորհրդակցելէ ետ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հայայն Ռուսիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ, Կիւրեղ պատրիարքին օրհնութեամբ, Ռուսիոյ մէջ  բոլոր եկեղեցիներու դռները պիտի բացուին՝ 6 յունիսին, Սուրբ երրորդութեան տօնին նախօրեակին։

Ունկնդրէ լուրը

Ռուսիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Կիւրեղ Պատրիարքը սոյն որոշումը կայացուցած է Ռուսիոյ դաշնութեան հանրային առողջապահութեան պաշտապանութեան պատասխանատուներու հետ խորհրդակցելէ ետք։ Այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն եկեղեցիներու դռները պիտի բացուին յարգելով քորոնա ժահրի նախազգուշացման եւ ընկերային հեռաւորութեան բոլոր պայմանները։

Նշենք, թէ Ռուսիոյ մէջ Ուղղափառ եկեղեցիներու դռները փակուեցան անցեալ 3 ապրիլին, առողջապահական իշխանութիւններուն որոշումով եւ Կիւրեղ Պատրիարքի օրհնութեամբ  երբ վարակակիրներուն թիւը իր գագաթնակէտին հասաւ եւ զոհերուն թիւը բարձրացաւ նաեւ Ուղղափառ եկեղեցիներէն ներս, յատուկէն վանքերու մէջ։

Այդ առթիւ Կիւրեղ Պատրիարքը նամակով մը կղերական դասէն խնդրած է յարգել ժահրի նախազգուշացման պայմանները դադրեցնելով  եկեղեցական բոլոր արարողութիւնները։ Պատրիարքը ապա տարբեր ձեռնակներով աջակցած է  նաեւ տնտեսական տագնապի մէջ գտնուող քահանաներուն, եկեղեցւոյ եւ ժողովրդապետութիւններուն պաշտօնեաներուն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2020, 10:06