Յիսուսի սուրբ սիրտը Յիսուսի սուրբ սիրտը 

Հայր Գէորգ Եպիսկ.Ասատուրեան.«Յիսուսի մեծութիւնը անգերազանցելի պէտք է մնայ մեզի համար»։

Աստուծոյ անգերազանցելի մեծութիւնը մեր մէջ կ՛ապրի երբ իրեն ազատութիւնը տանք իր կամքը պարտադրելու մեր վրայ։

Կալկաթայի Մայր Թերեզան՝  իր թէ հոգեւոր եւ թէ մարդասիրական առաքելութեան մէջ իրեն օգնելու եկած կամաւորներուն  կ՛ըսէր թէ չի՛ բաւեր «Այո՛»  ըսել Աստուծոյ երբ մեզ կը կանչէ, այլ շատ կարեւոր է  մեր  «Այո»ն արտայայտել նաեւ գործնապէս։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այո, մենք կրնանք Աստուծոյ կամքը կատարելու մեր պատրաստակամութիւնը արտայայտել մեծարելով եւ արժեւորելով Աստուծոյ մեծութիւնը մեր կեանքին մէջ, մենք զմեզ ամբողջութեամբ յանձնելով իրեն։ Աստուծոյ անգերազանցելի մեծութիւնը մեր մէջ կ՛ապրի երբ իրեն ազատութիւնը տանք իր կամքը պարտադրելու մեր վրայ։

Արդարեւ,  մե՛ծ է Քրիստոս, ո՛չ թէ որովհետեւ ամենակարող Աստուած է, այլ որովհետեւ ամենողորմ Աստուած է։  Տիրոջ մեծութիւնը իր ամենակարողութեան մէջ չի կայանար, այլ՝ իր անսահման ողորմածութեան եւ սիրոյն մէջ։

Մե՛ծ է Քրիստոս, ո՛չ թէ որովհետեւ գիտէ մարդոց մեղքերու մասին, այլ որովհետեւ գիտէ մարդոց մեղքերը ներել։

Մե՛ծ է Տէրը, ո՛չ թէ որովհետեւ չ՛անարգեր, այլ որովհետեւ կ՛ընտրէ ու կը պատուէ անարգուածը։

Մե՛ծ է Քրիստոս, ո՛չ թէ որովհետեւ ամենազօր է, եւ ուստի կրնայ ջախջախել իր հակառակորդները, այլ մեծ է որովհետեւ կրնայ իր սիրոյն գալու փափաքը վառել անոնց սրտին մէջ։

Մե՛ծ է Քրիստոս, ո՛չ թէ որովհետեւ բարձր  գահերու վրայ կը բազմի, այլ որովհետեւ անարժաններս իրեն գահակցութեան պատիւին կ՛արժանացնէ։

Մե՛ծ է Տէրը, ո՛չ թէ որովհետեւ չ՛անտեսեր, այլ որովհետեւ կը տեսնէ անտեսուածը։

Մե՛ծ է Քրիստոս, ո՛չ թէ որովհետեւ ծառայութիւն կ՛ընդունի սերովբէներուն կողմէ, այլ որովհետեւ ի՛նք կը ծառայէ մարդոց։

Մե՛ծ է Յիսուս, ո՛չ թէ որովհետեւ Բարձրեալ Տէրն է, այլ որովհետեւ մեղաւորը մեղքի ցեխէն կը բարձրացնէ։

Մե՛ծ է Տէրը, ո՛չ թէ որովհետեւ քերովբէներուն կողմէ կը շալկուի, այլ որովհետեւ ինկածն ու գլորածը կը շալկէ։

Եւ վերջապէս, մե՛ծ է Տէրը, ո՛չ թէ որովհետեւ ներող Աստուած է, այլ որովհետեւ առա՛նց պայմանի ներող Աստուած է։

Ահա թէ ինչո՛ւ անգերազանցելի է Յիսուսի մեծութիւնը։

Հայր ԳԷՈՐԳ Եպիսկ. Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2020, 07:37