Յիսուսի Սուրբ Սիրտը Յիսուսի Սուրբ Սիրտը 

Յիսուսի Սէրը կը բուժէ ամէն սիրտ եւ ամէն բանէ վեր է։

Միայն Յիսուս Քրիստոս գերիվեր սիրելին է, որովհետեւ բարեկամներուն մէջ միակ բարեկամն է բարի եւ հաւատարիմ:

Երանի՜ այն մարդուն, որ կը հասկնայ, թէ ի'նչ կը նշանակէ սիրե՛լ Յիսուս եւ կ'արհամարհէ իր անձը Յիսուսի համար:  

Հարկ է թողուլ սիրելին, սիրեցեալին համար, որովհետեւ Յիսուս կ'ուզէ սիրուիլ ամէն բանէ վեր: Խաբուսիկ եւ վաղանցուկ է սէրն արարածին, բայց սէրն Յիսուսի հաստատուն է եւ հաւատարիմ: Ով որ կը կապուի արարածին, կը սայթաքի անոր հետ՝ անոր նման, բայց ով որ կը կապուի Յիսուսի՝ կը մնայ միշտ անսասան:

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Սիրէ եւ պահէ իբր բարեկամ ան, որ քեզ չի լքեր, երբ ամէնքը քեզ կը լքեն. ինք երբ վախճանդ հասնի քեզ չի՛ մատներ կորուստի: Կամայ թէ ակամայ, հարկ է, որ օր մը բաժնուիս բոլորէն:

Կենդանի կամ մահամերձ, մնացի'ր մօտիկ Յիսուսի, ապաւինէ' անոր հաւատարմութեան, որ միայն կարող է քեզի օգնել երբ ամէնքը քեզ լքեն:

Այսպէս է քու Սիրելիդ, չընդունիր մէկը իրեն բաժնեկից, կ'ուզէ ինք առանձին ունենալ սիրտդ, եւ իբրեւ գահի վրայ՝ կ՞ուզէ հոն թագաւորել: Եթէ դուն գիտես այս աշխարհի վրայ հրաժարիլ ամէն բանէ, Քրիստոս պիտի հաճոյանայ բնակիլ սրտիդ մէջ: 

Դուն յաճախ դիւրաւ կը խաբուիս, եթէ մարդիկ կը դատես ըստ երեւոյթին: Փոխանակ առաւելութիւններու եւ մխիթարութեան, զորս կը փնտռես անոնց մօտ, պիտի գտնես միայն վնաս: Դուն ամէն բանի մէջ փնտռէ՛ Յիսուսը, եւ ամէն բանի մէջ պիտի գտնես Զինք: Եթէ կը փնտռես միայն դուն քու անձդ՝ պիտի գտնես զայն, սակայն քու կորուստիդ համար: Որովհետեւ մարդը, որ չի՛ փնտռեր Յիսուսը, աւելի կը վնասէ իր անձին, քան իր բոլոր թշնամիները եւ ամբողջ աշխարհը:

Ընենք մտերիմ բարեկամութիւն Յիսուսին հետ: Երբ Յիսուս ներկայ է, ամէն ինչ քաղցր է, եւ ոչինչ դժուար կը թուի մեզի: Բայց երբ Յիսուս կը հեռանայ, ամէն ինչ դառն է: Երբ Յիսուս չի՛ խօսիր սրտին մէջ, ընդունայն է ամէն մխիթարութիւն, բայց երբ Յիսուս կը խօսի միայն մէկ խօսք, կ'ապրինք զմայլանքն մխիթարութեան:  

Մարիամ Մագդաղենացին չկանգնեցա՞ւ տեղէն ուր կ'արտասուէր, երբ Մարթա ըսաւ անոր. «Տէրը եկած է եւ քեզ կը կանչէ» (Յովհ. 11,28):

Երանութիւն է մեզի, երբ Յիսուս կը կանչէ արտասուքէն՝ հոգեկան մխիթարութեան: Առանց Յիսուսի դուն որքա'ն անզօր ես եւ անզգայ: Անմտութիւն է եւ ունայնութիւն, եթէ դուն Յիսուսէն զատ իղձեր ունիս: Ասիկա չէ՞ արդեօք մեծագոյն կորուստը, քան եթէ ամբողջ աշխարհը կորսնցնէիր:  Եթէ Յիսուս քեզի հետ է, ոչ մէկ թշնամի կարող է վնասել քեզի:

Միայն Յիսուս Քրիստոս գերիվեր սիրելին է, որովհետեւ բարեկամներուն մէջ միակ բարեկամն է բարի եւ հաւատարիմ:

Յիսուսի համար եւ Յիսուսի մէջ թող ըլլան քեզի սիրելի թէ՛ բարեկամներդ եւ թէ՛ թշնամիներդ, աղօթէ' իրեն ամէնուն համար, որպէսզի ամէնը ճանչնան զինք եւ սիրեն :

 

Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

           Օգնական Եպիսկոպոս

  Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2020, 08:23