Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (Է)։

Հայ Եկեղեցւոյ ծէսին մէջ հեթանոսական շրջանէն ներմուծուած ազգային աւանդութիւնները։

7-րդ Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ.

Այսօր, պիտի շարունակենք խօսիլ Հայ Եկեղեցւոյ ծէսին մէջ հեթանոսական շրջանէն ներմուծուած ազգային այ աւանդութիւններու մասին:

Քրիստոնէութիւնը հեթանոսութենէն ներմուծեց նաեւ մատաղի օրհնութիւնը, հոգեհացը և այլ բազմաթիւ ու բազմազան նուիրագործուած ծիսակարգեր, որոնք գոյութիւն ունէին հայ հին հեթանոսական կեանքին մէջ և անոնց տրուեցաւ քրիստոնէական վարդապետութեան մեկնութիւն: Այսպէս մատաղ օրհնութիւնը բոլոր կրօններու համար յատուկ է: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ որդեգրեց զայն և անոր վրայ աւելցուց աղօրհնէքի աղօթքը: Այս հիման վրայ՝ նախքան մատաղցու կենդանիին օրհնութենէն, աղը կ'օրհնուի քահանային կողմէն և կը տրուի մատաղեցուին:   

Հայկական հնագոյն տարեցոյցի առաջին ամսուայ առաջին օրը, ընդհանուր առմամբ կը զուգադիպէր նաեւ գարնանամուտի Բարեկենդանին: Հայոց Եկեղեցին հեթանոսութենէն առնելով այս երկու տօները, տեղաշարժեր կատարեց անոնց տօնակատարութեան ժամկէտին մէջ:

Բարեկենդանը իբրեւ գարնան՝ կեանքի զարթօնքի, բերքառատութեան յոյսի, բեղմնաւորութեան խորհրդանիշ իր տեղը ձգեց (գարնան), որպէս Մեծ Պահքի անմիջապէս նախորդող տօնական օր, որ սովորաբար երկու շաբաթ կը տեւէ: Իսկ Ամանորը, որ հեթանոսական շրջանին կը տօնուէր Օգոստոս ամսուն, որով կը սկսէր Նաւասարդեան խաղերու առաջին օրը՝ իբրեւ նոր տարի՝ աշունէն տեղափոխուեցաւ Յունուարի մէկը, նոյն ծիսակատարութիւններով ու հանդիսաւորութեամբ:

Ասոնց կողքին՝ Ամանորի տօնածառը հեթանոսական շրջանի սովորութիւններու մնացորդներէն մին կը համարուի: Եւ հաւանաբար տօնածառի յարդարանքը առնչուած է հեթանոսական ծառի պաշտամունքի հետ:

Մենք այսօր դժբախտաբար բաւականին տեղեկութիւններ չունինք Հայ հին հեթանոսական կրօնի ծիսակատարութեան մասին, որովհետեւ պատմահայր՝ Մովսէս Խորենացիի համաձայն՝ 368 թուին, երբ Արշակ Բ.ի նենգաւոր գերութեամբ, պարսիկները Հայաստան խուժեցին և շրջան մը տիրեցին Հայաստանի վրայ, Մեհրուժան Արծրունին՝ անոնց թելադրութեամբ այրեց յունական գիրքերը և հրաման տուաւ յունական դպրութիւն չուսուցանել, որուն իբրեւ անմիջական հետեւանք՝ այդ օրերէն զօրացաւ ասորերէնի ազդեցութիւնը հայ եկեղեցւոյ մէջ: Այս մէկը աւելի զօրացաւ՝ երբ Հայաստան 387-ին երկուքի բաժնուեցաւ՝ Պարսից և յոյն կայսրութեանց մէջ: Այդ թուականէն սկսեալ՝ պարսկական բաժնին մէջ ասորերէն ուսում աւելի ամրացաւ. Իսկ արեւմտեան շրջանին մէջ՝ հելլեն մշակոյթը: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2020, 07:17