Քոյր Մարիա Լաուրա Մայնեթթին Քոյր Մարիա Լաուրա Մայնեթթին 

Երանելիներու շարքին պիտի դասուին Քոյր Մայնեթթին եւ Վենեզուելլայի աղքատներուն բժիշկը։

Չորս Երանելիներէն զատ Ֆրանչիսկոս Պապը վաւերացուց Աստուծոյ աղախին Կլորիա Մարիա Տի Ճեչու Ալիծոնտօ Կարսիայի հերոսական առաքինութիւնները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Անճելօ Պեչչուն, արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու նոր չորս երանելիներու հայող հրամանագիրեր, որոնց շարքին Քոյր Մարիա Լաուրա Մայնեթթին, ծնած Լէքքօ քաղաքին մէջ՝ 20 օգոստոս 1939-ին եւ սպաննուած իր հաւատքին համար, երք երիտասարդ աղջիկներու կողմէ, 6 յունիս 2000 թուականին Քիավեննա քաղաքին մէջ։

Երանելիներուն շարքին կը դասուի նաեւ  Խօսէ Կրէկորիօ Հերնանտէս Չիզներոսը՝ ծնեալ 26 հոկտեմբեր 1864-ին Վենեզուելլայի Իսնոթու քաղաքին մէջ եւ իր բժշկական ուսմունքներու մէջ մասնագիտացած Փարիզի, Պերլինի, Մատրիտի եւ Նիու Եորքի համալսարաններուն մէջ։

Զօրաւոր հաւատքի մարդ, որուն համար բժշկութիւնը առաքելութիւն է։  Ան յաճախ իր մօտ խնամուող հիւանդներուն դեղերը ինք կը գնէր եւ ասոր համար անուանուած էր՝ աղքատներուն բժիշկը։ Իր մէջ զգալով կրօնական կեանքի կոչումը կը փորձէ անդամ դառնալ զանազան միաբանութիւններուն, սակայն իրադարձութիւնները զինք կը մղեն համոզուելու որ Աստուած զինք կը կոչէ աշխարհական առաքելութեան։ Կ՛անդամակցի Ֆրանչիսկեան միաբանութեան երրորդ կարգին եւ Միաբանութեան հիմնադիրին նման՝ Յիսուսին դիմագիծը կը տեսնէ ամէն  մէկ հիւանդին մէջ։ Ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով կը մահանայ 29 Յունիս 1919-ին եւ իր հոգին կ՛աւանդէ առ Հայր փսփսալով. Ով Սուրբ Կողս Մարիամ։

Երանելիներու շարքին կը դասուի նաեւ Արժանթինցի Մամերթօ Տէ Լա Աշէնսիոն Էսքույու՝ որ եղած է նաեւ Սպանիայի Քորտոպա քաղաքի եպիսկոպոս։ Ծնած է11 մայիս 1826-ին -ին իր երկրային կեանքը աւարտած է 10 յունուար 1883. Անոր առաջնահերթ գործունէութիւններէն մին  եղած է խթանել Արժանթինցի ժողովուրդին միասնութիւնը եւ ընկերային հաշտութիւնը։

Չորրորդ երանելին է գերմանացի Ֆրանչեսքօ Մարիա Տէլլա Քրոչէ քահանան, որ հիմնադիրն է Աստուածային Փրկիչ հասարակութեան եւ Աստուածային Փրկիչ իգական միաբանութեան։ Ծնած է 16 Յունիս 1848-ին ու մահացած Զուիցերիոյ մէջ՝ 8 սեպտեմբեր 1918ին։

Չորս Երանելիներէն զատ Ֆրանչիսկոս Պապը վաւերացուց Աստուծոյ աղախին Կլորիա Մարիա Տի Ճեչու Ալիծոնտօ Կարսիայի հերոսական առաքինութիւնները։ Ծնած 26 օգոստոս 1908-ին ու մահացած 8 դեկտեմբեր 1966-ին։ Աղքատներուն կրօնուսոյց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2020, 21:00