Պաղտատի մէջ Պաղտատի մէջ 

Քաղդէացիներու Պատրիարքը. «Իրաքի ապագան անորոշ է»։

Իրաքի դէմ Թուրքիոյ շղթայազերծած օդային հարուածներուն պատճառաւ մահացած են 10 քրիստոնեայ քաղաքայիններ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քաղդէացիներու Պատրիարք կարդինալ Լուիս Ռաֆաէլ Սաքօ, «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ, Իրաքի հիւսիսային շրջանի դէմ Թուրքիոյ շղթայազերծած օդային հարուածներուն, որոնց պատճառաւ  մահացած են 10 քրիստոնեայ քաղաքայիններ։

Քաղդէացիներու Պատրիարք հաղորդեց, որ Իրաքի կառավարութիւնը բաւական աշխատանք  կը տանի բարելաւելու համար երկրի անվտանգութեան պայմանները, ինչպէս նաեւ երկրի տնտեսական իրավիճակը։

Ունկնդրէ լուրը

«17 տարիներէ ի բաժանումներով նշուած երկիրը վերականգնելու համար հրաշքի պէտք ունի» ըսաւ Կարդինալ Սաքօ ։ Ան ապա անդրադառնալով Թուրքիոյ իրաքի հիւսիսային շրջաններուն դէմ շղթայազերծած օդանաւային  հարուածներուն նշեց թէ, Թուրքիոյ պետութիւնը համոզուած ըլլալով, որ Քրտական ջոկատներու ռազմական կեդրոնները կը գտնուին Քրտական շրջանի լեռներուն վրայ, որ մօտիկ է Թուրքիոյ սահմանին, կը շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ պաքարիլ։ 

«Ժողովուրդը մտահոգ է ։Շատեր իրենց տուները ձգեցին ու գաղթեցին։ Ժողովուրդը կը շարունակէ տառապիլ։ հարցերը բանակցութեան միջոցաւ պէտք է լուծուին եւ ոչ թէ ռազմական գործողութիւններով։»ըսաւ Քաղդէացիներուն պատրիարքը։

Ինչ կը հայի Իրաքի տնտեսական  ներկայ իրավիճակը, Կարդինալ Սաքօ նշեց, թէ համաճարակի տագնապի պատճառով տնտեսականն վիճակը առաւել վատթարացած է։ Իրաքի վարչապետը ամէն ջանք կը թափէ հարցերը լուծելու համար։ Սակայն դժբախտաբար իրաքի ապագան անորոշ է։  Քաղաքական անձնաւորութիւնները 17 տարիր ի երկիրը շահագործեցին։ Մեր յոյսն է, որ նոր կառավարութիւնը որդեգրէ նոր միջոցներ։»

Խօսելով  Իրաքի մէջ համաճարակի առողջապահական տագանապի մասին, կարդինալ Սաքօ նշեց, որ Քորոնա ժահրի պատճառաւ 7 քրիստոնեաներ մահացած են։ Եկեղեցին ամէն ջանք կը թափէ աջակցելու այն բոլոր ընտանիքներուն որոնք անգործ  մնացին։ Բազմաթիւ ընտանիքներ կը շարունակեն ինքնամեկուսացումի մէջ ապրիլ։ Ըսաւ  
Քաղդէացիներու պատրիարք։ Ան ապա զրոյցի աւարտին նշեց, «Իրաքի քրիստոնեաները մաս  կը կազմեն Իրաքի երկրի խճանկարին։ Քրիստոնեաները չեն փնտռեր առանձնաշնորհումներ։ Այո երկրին  մէջ կան շատ մը լուծուելիք հարցեր, որոնց շարքին  խտրական շարք մը օրէնքներ։ Սակայն երկրին  դժուարութիւնները բոլորիս հայող խնդիրներ են։» ըսաւ Քաղդէացիներու Պատրիարքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2020, 09:56