Գաղթականներու լուսանկար Գաղթականներու լուսանկար 

Միջազգային Քարիթասի ընդհանուր քարտուղարին յայտարարութիւնը գաղթականներուն միջազգային օրուան առթիւ։

Շատերուն համար գաղթականները լոկ թիւ են՝ առանց պատմութեան ու առանց դիմագիծի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Գաղթականներու միջազգային օրուան առիթով, միջազգային Քարիթասի ընդհանուր քարտուղար, տիար Ալոիսիուս Ճոն հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը նշելով, որ  2019 տարուան ընթացքին, 145 երկիրներէ աւելի քան 33,4 միլիոն անձ  ստիպուած  եղան գաղթականութեան ճամբան բռնելու։

Ունկնդրէ լուրը

«Բռնութեան, վախի, յատկապէս անարդար համակարգի զոհեր, ստիպուած եղան իրենց օճախները ձգել՝ դէմ յանդիման գալու համար դժուարութիւններով, անձկութիւններով ու վախերով լի անյայտ ճակատագիրի մը»  նշած է  յայտարարութեան մէջ միջազգային քարիթասի ընհանուր քարտուղարը ան  հարց տալով , թէ« ինչպէ՞ս կարելի է ,որ միջազգային հասարակութիւնը մտիկ չ՝ըներ այդ գաղթականներու՝ լռութեան մէջ ապրած  տառապանքներուն աղաղակին, հաստատած է որ« աշխարհի մէջ շատերուն համար, գաղթականները չ՝ունին ոչ պատմութիւն ոչ ալ դիմագիծ, այլ անոնք լոկ թիւ են ու մամուլի մէջ  կարդալիք լուրեր ու բոլորս շատ քիչ կը մտահոգուինք գաղթականներու տառապանքներով ու պատմութիւններով։»

Միջազգային Քարիթասի ընդհանուր քարտուղարը յայտարարութեան մէջ նկատել տուած է, որ համաճարակը մեզի շատ կարեւոր բաներ սորվեցուց. ան սորվեցուց համաշխարհային զօրակցութեան կարիքի անհրաժեշտութիւնը,   պայքարելու համար մարդկութիւնը խոցող որեւէ հարցի դէմ, մաղթելով որ այս տարի, 2020 թուականը մեզ բոլորս առաջնորդէ դէպի նոր ձեւեր գտնելու, պատասխանելու համար գաղթականներուն հարցերուն։

Միջազգային Քարիթասի ընդհանուր քարտուղարը յայտարարութեան մէջ նշած է, որ միջազգային ընտանիքը,    համաճարակի դէմ պայքարի միեւնոյն յանձառութեամբ պէտք է դիմակայէ  գաղթականներու երեւոյթին ընկալելով գաղթականները ՝ զօրակցութեամբ եւ գորովով, զարգացնելով նաեւ տնտեսական արդար համակարգ մը ապահովուելով բոլորին հաւասար հնարաւորութիւնները։

Յայտարարութեան աւարտին միջազգային Քարիթասի ընդհանուր քարտուղարը կոչ ուղղած է քաղաքական ղեկաւարներուն նշելով, «որպէս  միջազգային Քարիթաս, ամէն օր սերտ կապի ենք գաղթականներու տառապանքներուն հետ, ուստի քաղաքական ղեկավարներէն կը խնդրենք, որ ձեռնարկեն  հետեւեալ քաջ եւ նպատակային գործողութիւններ»։

Առաջին՝ գաղթականներու ապահովուել արժանավայել կերպով ու անվտանգութեամբ ընդունելութեան նպաստող քաղաքականութիւն մը ։

Երկրորդ գաղթականներուն ապահովուել անհրաժետ կարիքները, ինչպէս կերակուր,  ջուր, առողջապահական խնամակալութիւն, թոյլ տալով որ գաղթականները ապրին արժանավայել կեանք մը։

Գաղթականներու եւ ներգաղթողներուն համար ապահովուել անվտանգ պայնաններուն մէջ ապրելու հնարաւորութիւնները, մասնաւորաբար համաճարակի այս օրերուն։»  Նշուած է Միջազգային Քարիթասին ընհանուր քարտուաղարին հրապարակած յայտարարութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2020, 09:57