beatificazione-5.jpg

Երանելի Մալոյեանին երկու մեծ հրաշքները

«Ան մեզի կը յիշեցնէ հոգեւոր պայքարը ամէն քրիստոնեայի, որուն հաւատքը՝ չարին յարձակումներուն ենթարկուած է: Ան Սուրբ Հաղորդութեան մէջ կը գտնէր ոյժը առատաձեռնօրէն կատարելու իր քահանայական պաշտօնը: Երանելին նախընտրեց իր կեանքը զոհել քան իր հաւատքը ուրանալ եւ այս իր սրտին ամենամեծ փափաքն էր:
Ունկնդրէ լուրը

Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան

Այսօր կը յիշատակենք երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը: Ծնած է 1869-ին Մարտին: Նահատակուած է 1915-ին, նոյն քաղաքին մէջ, որպէս այդ քաղաքին երիտասարդ Արքեպիսկոպոս Առաջնորդը՝ 46 տարեկանին:

Մարտինի Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներու հովուութիւնը սկսած էր 1708-ին, Մէլքիոր Թազպազեանով, որ հովուեր էր իրեն յանձնուած հաւատացեալները 1708-էն 1720, մինչեւ ջահը յանձնած էր Մարտիրոս Թահմանեանի՝ 1722-ին, որմէ Մելքոն Թահմանեանին, մինչեւ 1767:

Յաջորդած էին այս ծառայական աթոռին վրայ, Պալիթեան, Էլեզարեան, Յովակիմ Թազպազեան, Ճանտիլ, Ֆարրայազ, Ֆէրրապեան, Շաշադեան, Մելքոն Նազարեան, Յուսիկ Կիւլեան որ 1911-ին պիտի հրաժարէր եւ հովուութեան գաւազանը յանձնէր Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ տնօրինութեամբ, երիտասարդ Իգնատիոս Մալոյեանին, որ 1911-ին Հռոմի մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ 1911-ի նշանաւոր Սիւնհոդոսէն առաջ:

Իգնատիոս Արք. Մալոյեան նահատակուեցաւ 1915-ին:

Երանելի հռչակուեցաւ 7 Հոկտեմբեր 2001-ին,  Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սուրբ Քահանայապետին կողմէն, որ այս խօսքերով ներկայացուց երանելին այնօրուան քարոզին մէջ. «Ան մեզի կը յիշեցնէ հոգեւոր պայքարը ամէն քրիստոնեայի, որուն հաւատքը՝ չարին յարձակումներուն ենթարկուած է: Ան Սուրբ Հաղորդութեան մէջ կը գտնէր ոյժը առատաձեռնօրէն կատարելու իր քահանայական պաշտօնը: Երանելին նախընտրեց իր կեանքը զոհել քան իր հաւատքը ուրանալ եւ այս իր սրտին ամենամեծ փափաքն էր»:

Քահանայապետը իր խօսքը կը փակէր ըսելով. «Անոր օրինակը թող լուսաւորէ բոլոր անոնք, որոնք կ'ուզեն Աւետարանի վկաները ըլլալ»:

Այն օրէն սկսեալ, որ Կաթողիկէ Եկեղեցին զինք երանելի հռչակեց, Մալոյեանի կարելի չէ վերագրել ատելութիւն: Կարելի չէ վերագրել թշնամութիւն:  Այլ կարելի է շատ ակնյայտ վերագրել անոր մի քանի հրաշք, որոնցմէ ամենէն ցայտունը երիտասարդ քահանաներու նահատակութեան հրաշքն է:

Եպիսկոպոսը իր քահանաներով կը սրբանայ: Հապա եթէ իր օրինակին հետեւելով, իր երկու երիտասարդ քահանաները իրենց կեանքը տուին Քրիստոսի համար, արդեօք մէկական հրաշքներ չե՞ն Եկեղեցւոյ, եւ մանաւանդ երիտասարդ քահանաներուն ներկայացուելիք:

Սուրբերը շատ են Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ: Սակայն խորան բարձրանալիք սուրբերը, այսօրուան Եկեղեցւոյ համար հոգեւոր սնունդ են:

Ահա որոնք էին Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի մեծ երկու հրաշքները, որոնք զինք պիտի արժանացնեն սրբութեան տիտղոսին, եւ ան օրինակ պիտի հանդիսանայ մերօրեայ եւ գալիք Եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն:

Գաբրիէլ Սապպաղեան ծնած է Մարտին 1888-ին: Զմմառու վանք կը մտնէ 20 Մայիս 1903-ին: Քահանայ կը ձեռնադրուի Զմմառ՝ 17 Մարտ 1912-ին, կը տրուի անոր Վարդան անունը եւ առաքելութեան կը ղրկուի Մարտին: Կը նահատակուի 1915-ին:

Վլաս Պաղտասարեան ծնած է Մարտին 5 Յունուար 1887-ին: Զմմառու վանք կը մտնէ 20 Մայիս 1903-ին: Քահանայ կը ձեռնադրուի Զմմառ՝ 17 Մարտ 1912-ին, անոր կը տրուի Օգոստինոս անունը եւ առաքելութեան կը ղրկուի Մարտին: Կը նահատակուի 1915-ին:

Փակագիծ մը բանալով, նշենք նաեւ ուրիշ վկայ մը, որ թէեւ նահատակ չեղաւ, բայց իր կեանքը մարտիրոսութեամբ ապրեցաւ: Ան Պօղոս Արիս վարդապետն էր:

Պօղոս վարդապետ Արիս ծնած է Հալէպ 25 Յունուար 1889-ին: Բարձրագոյն ուսումները կը կատարէ Պոլիս:  Քահանայ կը ձեռնադրուի Զմմառ՝ 17 Մարտ 1912-ին:  1952-ին Պուրճ Համուտ թաղամասին հիմնադիրը եւ առաջին քաղաքապետը կ'ըլլայ: 1952-ին կ'ընտրուի մեծաւոր ԶմմառուՎանքին: Կը վախճանի 24 Յունուար 1961-ին, Պէյրութ:

Այս երեք քահանաները, որոնցմէ երկուքը կը նահատակուին Մարտին, Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի հետ, ձեռնադրուած էին Զմմառ՝ 17 Մարտ 1912-ին:

Երանելի Մալոյեան վկան եղաւ Քրիստոսի Աւետարանին:

Անոր սրտին մէջ սէ՛ր կար հանդէպ Աստուծոյ եւ մերձաւորին:

Մալոյեան վկա՛ն է Քրիստոսի Աւետարանին:

Անոր սրտին մէջ կայ ներո՛ւմ եւ արձակո՛ւմ:

Մալոյեան վկան է Քրիստոսի Աւետարանին,

ուր խաղաղութի՛ւն կայ սրտի եւ մտքի:

Մալոյեան վկան է Քրիստոսի Աւետարանին,

ուր կեա՛նք կայ յաւիտենական:

Մալոյեան հրաշագո՛րծ է, որովհետեւ երկու երիտասարդ քահանաներ (առ այժմ զանոնք միայն յիշելով) առաջնորդեց նահատակութեան: Չարժեւորել, կամ թերագնահատել կը նշանակէ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ պակաս օղակ մը ներկայացնել մերօրեայ երիտասարդ քահանաներուն ապա նաեւ մերօրեայ առաջնորդ հովիւներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2020, 08:15