Ֆրանչիսկոս Պապը Հիրոշիմայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը Հիրոշիմայի մէջ 

Մեր աղօթքները կը նուիրենք աւելի արդար ու խաղաղ աշխարհի մը համար. Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսները։

Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի եպիսկոպոսները մասնական կոչ մը ուղղած են ի նպաստ զինաթափումին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կաթողիկէները ու հաւատք ունեցող մարդիկը կը հրաւիրենք միանալու մեր աղօթքին ի նպաստ պտղաբեր երկխօսութեան, որ յառաջացնէ անհրաժեշտ հսկողութիւնը զէներու վրայ եւ զինաթափումը»։ Այս է կոչը զոր հրատարակուած է Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու Միջազգային արդարութեան եւ խաղաղութեան կոմիտէի նախագահ՝ գերապայծառ  Տէյվիտ Ժ Մալլոյ եւ Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերու դաշնութեան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ գերապայծառ Ռիմանթաս Նորվիլայի ստորագրութիւնը կրող միասնական յայտարարութեան մը մէջ, զոր կը հայի 22 Յունիսին Աւստրիոյ մէջ կայանալիք Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու միջեւ հանդիպումին, քննարկելու համար միջուկային զինամթերքի հարցը եւ «New Start» պայմանագիրի ճակատագիրը։

«Մեր աղօթքները կը նուիրենք եւ կաթողիկէները կը հրաւիրենք միանալու մեր աղօթքին ի նպաստ պտղաբեր երկխօսութեան մը որ յառաջացնէ անհրաժեշտ հսկողութիւնը զէնքերու վրայ եւ զինաթափումը, խթանելով աւելի արդար եւ աւելի խաղաղ աշխարհ մը» կը հաստատեն եպիսկոպոսները այն մտավախութեամբ թէ եթէ «New Start» պայմանագիրը ձախողի, Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան կարող են դարձեալ միջուկային զէնքերու դիմել, ինչ որ սպառնալիք է Եւրոպայի ապահովութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան համար։

Յայտարարութեան աւարտին մէջբերուած են Ֆրանչիսկոս Պապն Ճափոնի մէջ արտասանած խօսքերը. «Թող որ աղօթքը, համաձայնագիրերու  սատարելու անխոնջ աշխատանքը և երկխօսութեան վրայ պնդելը ՝ ըլլան ամենաուժեղ «զէնքերը» [...] ՝ կառուցելու արդարութեան և համերաշխութեան աշխարհ մը, որ կարող ըլլայ առաջարկել խաղաղութեան իսկական երաշխիք»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2020, 09:18