Որոնել

«Մեր վախերը յաղթահարենք Աստուածաշունչով» «Մեր վախերը յաղթահարենք Աստուածաշունչով» 

«Մեր վախերը յաղթահարենք Աստուածաշունչով» Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանի խոկումներէն։

«Դուք չստացաք ստրկութեան հոգին՝ կրկին վախի մէջ ապրելու համար» Հռոմայեցիներուն 8, 15
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ո'չ ոք ի վիճակի է պաշտպանուելու վախէն. ո'չ ուժեղները, ոչ իսկ՝ հզօրները, երեւելիները, գիտունները, հարուստները, ինքնավստահներն ու անպատկառները: Նոյնիսկ սուրբերն ու սրբուհիները չեն կրնար ըսել, թէ երբեք վախի զգացում չեն ունեցած, կամ ապահով ըլլալ, որ երբեք ալ պիտի չունենան:

Վախը բնականոն ապրում մըն է ու բնազդային:  Անոնք, որոնք կը ձեւացնեն չվախնալ՝ կը ստեն. իրենք զիրենք կը խաբեն, կամ ալ իրազեկ չեն տուեալ վտանգի մը ծանրութեան հանգամանքին:

Վախը քաջութեան պակասը չէ', այլ՝  ազդանշան մը, զոր մեր զգայարանքները կը յղեն մեր նեարդային համակարգին՝ իրական կամ երեւակայական վտանգի մը դիմաց:  Վախը ահազանգ է, պաշտպանութեան  գործօն մը, մեզ զերծ պահելու անմտութիւններ կատարելէ:  Իսկական քաջութիւնը չի' կայանար վախը ուրանալու, այլ՝ զայն ընդունելու, դիմակալելու եւ անոր հետ հաշտուելու մէջ: Ամօթ չէ վախնալը:

Վախը կրնայ հիմնաւորուած ըլլալ, չափազանցուած եւ կամ՝ անտրամաբանական: 

Երբ այդ զգացումը կորսնցնել տայ մէկու մը իր հանդարտութիւնը, պաշտպանութեան ու ապահովութեան սովորական միջոցները, կործանարար ու չարաբաստիկ կը դառնայ, զի կրնայ մղել վնասակար որոշումներ առնելու, անբանաւոր վարքագիծ մը որդեգրելու եւ ստրկացնելու:

Վախը, սակայն,  իր լաւ կողմերն ալ ունի:

Արդարեւ, ան մեզ վտանգէն կը պահպանէ ու հեռատես կը դարձնէ: Հերոսները համարձակ ու խիզախ այն անձերը չեն, որոնք վախը կ'արհամարհեն կամ կ'անտեսեն, այլ՝  այն խոհեմ ու շրջահայեաց տղամարդիկն ու կիները, որոնք կրցան իրենց վախերը յաղթահարել:

Նորածինը, մանուկը, պատանին, կարիքն ունին սորվելու իրենց վախերը զանազանել, վերլուծել եւ վերահսկել: Առ այդ, պէտք ունին իրենց վսահութիւնը վայելող ու զիրենք հանգստացնող անձի մը ներկայութեան.  հայր մը, մայր մը, որ իրենց մօտենայ, իրենց բարի խօսք մը ըսէ, ձեռքը կարկառէ,  որպէսզի իրենց վախի զգացումը փարատի:

Սուրբ Աւետարաններէն կ'իմանանք, որ կարգ մը պարագաներուն մէջ, Յիսուսի աշակերտները վախի վիճակի մէջ գտնուեցան: Օրինակի համար, այն գիշերը երբ իրենց Վարդապետը ընդառաջ եկաւ իրենց՝ ջուրի վրայէն քալելով, մինչ անոնք լիճին մէկ ափէն միւս ափը  կը նաւարկէին. « Ս արսափեցան եւ ըսին . « Ուրուական մըն է » : Ո ւ վախէն սկսան պոռալ : Իսկոյն Յիսուս խօսեցաւ անոնց հետ եւ ըսաւ . « Քաջ եղէք , ե՛ս եմ , մի՛ վախնաք » (Մատթէոս 14, 26-27):

Աշակերտները վստահելով Յիսուսի խօսքին հանդարտեցան ու սրտապնդուեցան:

Վստահութիւնը կը փարատէ վախը: Երբ մեր վստահութիւնը դնենք ծնողի մը, բարեկամի մը կամ խոհրդատուի մը վրայ՝ մեր վախը կը փարատի: Իսկ, երբ մեր վստահութիւնը  Աստուծոյ վրայ դնենք, այն ատեն՝ անվեհեր կը դառնանք:       

Եթէ աշխարհը մեզի կը ներկայացնէ վախի մէջ խարսխուած ապագայի մը համայնապատկերը՝ տարերային աղէտներու, պատերազմներու եւ «Պսակաձեւ» ժահրի նման համաճարակներու հետեւանքով, Եկեղեցին, ընդհակառակը, Աստուածաշունչ Սուրբ Գիրքէն հրահանգուելով՝ մեզի կ'ընծայէ տարբեր հեռանկար մը ամրագրուած Քրիստոսի տարած յաղթանակի սուրբգրային ապահովութեան մէջ:

Երբ ամէն ինչ մթին կ'երեւի, Յիսուսի աշակերտը կոչուած է ճառագայթելու ապահովութիւնը, թէ խաւարման ժամանակը սահմանափակ է, թէ Աստուած հանդերձեալ է գալ, եւ թէ Եկեղեցին, աղօթքով ու իր սրբակեաց հաւատացեալներու կեանքի վկայութեամբ, մեզ կը պատրաստէ Աստուծոյ սոյն գալուստը անխռով ընկալելու: Ինչ որ կը նշանակէ, թէ Աստուածաշունչը պէտք է հասկցուի, տագնապալից օրերուն մանաւանդ,  իբրեւ դարձի գալու պատգամ մը՝  եւ ոչ թէ իբրեւ դատապարտութիւն կամ չարաղէտ մարգարէութիւն:

«Ամբողջ Գիրքը աստուածաշունչ է , եւ օգտակար՝ սորվեցնելու , կշտամբելու , ուղ ղելու եւ արդարութեան մէջ կրթելու » (2 Տիմոթէոս 3, 16), եւ ոչ թէ մեզ վախցնելու կամ ստրկացնելու համար:  

Հ. Գ. Զ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2020, 06:41