Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսներու խումբ մը։ Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսներու խումբ մը։ 

Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսները. «Միութեան յանձնառութիւնը համայն կաթողիկէներուն  պարտականութիւնն է»։

«Պենետիսկոս ԺԶ Վաստակաւոր քահանայապետն ու Ֆրանչիսկոս Պապը շարունակեցին  Լեհ քահանապայպետին, համամիութենական յարաբերութիւններ կառուցելու անխոնջ աշխատանքը»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Ut unum sint շրջաբերականի տարեդարձը մեզի բոլորիս պէտք է յիշեցնէ, թէ համամիութիւնը եկեղեցւոյ միակ ուղին  է եւ բոլոր կաթողիկէները կանչուած են քրիստոնեաներուն միութեան դատը պաշտպանելու՝ գործօն կերպով։ Այս մասին յայտնած է Գերապայծառ Ժոզէֆ Պամպերա՝ Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի համամիութենական եւ միջ կրօնական գործերուն յանձնախումբի նախագահը։

Ունկնդրէ լուրը

«Պենետիսկոս ԺԶ Վաստակաւոր քահանայապետն ու  Ֆրանչիսկոս Պապը շարունակեցին Լեհ քահանապայպետին, համամիութենական յարաբերութիւններ կառուցելու անխոնջ աշխատանքը,  թոյլ տալով կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն միշտ աւելիով բացայայտելու, Աստուածաբանական զուգամերձութիւնները։ Ըսած է Սքրանթոնի եպիսկոպոսը։

Միացեալ Նահանգներու. Եպիսկոպոսաց դասի համամիութենական աշխատանքներու յանձնախումբի նախագահը Գերապայծառ Պամպերա մաղթած է, որ Սուրբ ՅՊԲ.ի շրջաբերականի տարեդարձը առիթ հանդիսանայ կամուրջներ կառուցելու, շարունակելով ձեռք տալ Քրիստոսի մէջ բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, ինչպէս նաեւ աւելիով մօտեցնել քրիստոնեաները  դէպի միութեան, միասնաբար վկայելով Քրիստոսի խաղաղութիւնը, որուն աշխարհը այսօր շատ կարիքը ունի։ Նշուած է  յայտարարութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2020, 07:00