04012_KAZAKISTAN-ARMENIA2001.jpg

Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ հայերը։ Հայասէր Քահանայապետի Ծննդեան 100 ամեակ։

«Ես լաւապէս կը ճանչնամ հայերու հաւատարմութիւնը հաւատքին ու անոնց հետեւողական յանձնառումը՝ վառ պահելու գեղեցիկ աւանդութիւնները ու հոգեւոր հարուստ ժառանգութիւնը»

Վատիկան Նիուզ - Ռատիօ Վատիկան

Իր քահանայապետութեան 26 տարիներու ընթացքին, հայասէր Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Քահանայապետը բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցաւ հայերու ու հայ ազգի եկեղեցական ու քաղաքական ներկայացուցիչներուն հետ, այցելեց Հայաստանը ու հանդիպում ունեցաւ հայկական գաղութներու ներկայացուցիչներուն հետ, իր օրհնութիւնը տուաւ ու սրտի խօսքը նուիրեց եւ՝ նոյնիսկ հայերէնով շնորհաւորեց մեր տօները (Զատիկն ու Ծնունդը), կատարելով նաեւ կարեւոր յայտարարութիւններ։

Ահաւասիկ այդ յիշարժան դէպքերէն մի քանիները...

29 նոյեմբեր 1979-ին
, Քահանայապետ ընտրուելէն մէկ տարի ետք, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը Թուրքիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, հանդիպում ունեցաւ Իսթանպուլի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հասարակութեան հետ, որուն առթիւ անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ հաստատեց ՝ թէ ինք մօտէն ճանչցած է քրիստոնեայ հայերը նաեւ իր ծննդավայրին մէջ ու անոնց հետ ունեցած է սերտ կապեր։

«Ես լաւապէս կը ճանչնամ հայերու հաւատարմութիւնը հաւատքին ու անոնց հետեւողական յանձնառումը՝ վառ պահելու գեղեցիկ աւանդութիւնները ու հոգեւոր հարուստ ժառանգութիւնը» ըսած էր այս առթիւ Սուրբ Քահանայապետը աւելցնելով «Ձեր այս հաւատարմութիւնը դարերու ընթացքին Արեւելքի երկիրներուն մէջ տուաւ քրիստոնէական սքանչելի պտուղները սակայն յաճախ նաեւ ան յատկանշուեցաւ մեծ փորձանքներով ու խոր վիշտերով եւ տառապանքներով…Այդ յուզումնալից պատմութեան յիշողութիւնը առիթ է այսօր ձեզի ձօնելու նուիրական պարգեւ մը, ձեզի բերելով մխիթարութիւն եւ քաջալերանք ու մաղթելով որ յարատեւէք խաղաղութեան մէջ»։

Նոյն ճամբորդութեան ծիրէն ներս ՅՊԲ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պոլսոյ հայ առաքելական եկեղեցւոյ Պատրիարքին ու հաւատացեալներուն հետ խրախուսելով զանոնք յարատեւելու միութեան ճանապարհին վրայ։

13 Փետրուար 1981-ին, ՅՊԲ ունկնդրութիւն շնորհած էր ֆրանսահայ մշակոյթի ու աւանդութեանց ազգային պահպանումի ներկայացուցիչներուն, անոնց ուղղելով իր խօսքը ուր ի մէջ այլոց ըսած էր. «Ձեր հայկական մշակոյթի պահպանման գործին մէջ, Հաստատ մնացէք, պահեցէք զանոնք՝ ձեր ժողովուրդը բնորոշող յարատեւութեամբ, իմաստութեամբ եւ հաւատքով»։

9 Օգոստոս 1982-ին Սուրբ Քահանայապետը պատգամ յղած է Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին՝ անոր Պատրիարք ընտրուելուն առիթով, որուն մէջ հաստատած է թէ «Սուրբ Աթոռը յատուկ նախապատւութիւն վերապահած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, ի յիշատակ նաեւ անոր դարերու ընթացքին հերոսական առաքինութիւններուն»։

7 Օգոստոս 1984-ին, ՅՊԲ այցելեց Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանը որ կը գտնուի մայրաքաղաքի կեդրոնը, անոր հարիւրամեայ յոբելեանի առթիւ։ Լեւոնեան քահ. հայ վարժարանը գոյութիւն ունի մէկ Նոյեմբեր 1883-էն ի վեր։ Իր այս այցելութեան առթիւ ՅՊԲ. քահանայապետը, ի մէջ այլոց ըսած էր. «այս հանդիպումին համար, բազմաթիւ տարիներ պատրաստուեցայ. երիտասարդութեանս տարիներէն սկսեալ, որովհետեւ իմ հայրենիքիս մէջ, ձեր եկեղեցին, ներկայ, տեսանելի եւ գործօն էր, եւ հասարակաց պատմութեան մէջ շատ գեղեցիկ էջեր գրած։ ...Հայ կաթողիկէներու պատմութիւնը Լեհաստանի պատմութիւնն է» ըսած էր ՅՊԲ ապա աւելցուցած «իմ երկրորդական ուսման տարիներուս, բարձրագոյն վարժարանի մէջ, նոյն նստարանին վրայ քովս ունէի դասընկեր մը՝ որ հայ կաթողիկէ էր, ան ինծի համար եղած էր շատ բարի ընկեր մը»։

24 Ապրիլ 1985-ին, Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, ՅՊԲ հրաւիրած էր ներկաները՝ «աղօթքով միանալու հայ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն, ի յիշատակ 70 տարիներ առաջ անոնց ապրած տառապալից պատահարներուն, Օսմանեան Կայսրութեան մէջ»։

11 Նոյեմբեր 1986-ին, ՅՊԲ ընդունած էր Ֆրանսայի Լիոն քաղաքէն հայ հաւատացեալներու խումբ մը։ Այս հանդիպումի ընթացքին Սրբզ. Պապը հաստատած էր. «Հայ եկեղեցւոյ կաթողիկոսին եւ Հռոմի եպիսկոպոսին միջեւ գոյութիւն ունի յատուկ համահասկացողութիւն մը»։

8 Դեկտեմբեր 1988-ին, Հայաստանը հարուածող մեծ երկրաշարժի յաջորդ օրը, ՅՊԲ Սրբզ. Պապը, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին. յուզումով յիշեց երկրաշարժի թիրախ Հայաստանը ըսելով. «Տառապանքի այս ներկայ պահուն, աւելի քան երբեք, մօտ եմ հայ ժողովուրդին, անոնք միշտ ներկայ են իմ աղօթքներուս մէջ ու նաեւ իմ հովուական մտահոգութիւններուս մէջ, օգնութեանը հասնինք երկրաշարժէն տուժած այս ժողովուրդին» ։

Ի դէպ 10 դեկտ.1988-ին ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիրներ յղեց այն օրերու Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. վեհափառին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարք Ամեն. եւ Գերերջանիկ Յովհաննէս Պետրոս 18 Գասպարեանին, Խորհրդային Միութեան նախագահ՝ Միխայիլ Կորպաչովին եւ 100.000 տոլարի յատկացում մը կատարեց, որպէս զօրակցութեան նշան, Ս. Աթոռի կողմէ, դիմագրաւելու երկրաշարժի զոհերուն ստիպողական պահանջքները։

25 դեկտ 1988-ին,
 Յիսուսի Ս. Ծննդեան տօնին տուած իր պատգամին, եւ, Հռոմ քաղաքի եւ երկրագունդի օրհնութեան մէջ, Սրբզ. քահանայապետը դարձեալ կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան, օգնելու՝ հայ ժողովուրդին։

28 դեկտեմբեր 1988-ին, ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Սրբացան քահանայապետը յայտնեց թէ կը մասնակցի երկրաշարժի զոհերուն ցաւին եւ դարձեալ կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին օգնութեան հասնելու։

9 Յունուար 1989-ին, ՅՊԲ Սրբզ. Պապը Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած Դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, յետ երկրաշարժին Հայաստանի համար ցուցաբերուած զօրակցութեան հսկայ շարժումը բնորոշեց, «բարի կամքի ծայրագոյն նշանը»։

10 Յուլիս 1989-ին ՅՊԲ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, ընդունեց աղէտեալ գօտիէն եկած 100 Հայ երախաներ։

7 Դեկտեմբեր 1989-ին Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժի առաջին տարեդարձին առթիւ, դարձեալ երկրաշարժի ողբերգութեան վառ յիշատակով, ՅՊԲ նորէն սիրոյ իր զգացումները արտայայտեց հայ ժողովուրդին հանդէպ, որ դիմագրաւած էր այդ պատուհասը։ Ուստի 100.000 տոլարի գումար մը տրամադրեց, նեցուկ կանգնելու նպատակով հայ առաքելական եկեղեցւոյ ծրագիրներուն, դիմագրաւելու՝ տուժած ժողովուրդի կարիքներուն եւ նպաստելու վերակառուցման աշխատանքին։

2 Ապրիլ 1990-ին,
 Հայոց Մեծ Եղեռնի 75 ամեակին առիթով ՅՊԲ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝արհի. Ներսէս Եպ. Սեթեանին հեռագիր մը յղեց ուր գրուած էր. «Սրբզ. Պապը իր հոգեւոր զօրակցութիւնը կը յայտնէ այն ողբերգական դէպքին համար, որ եղաւ աղբիւրը հայ ժողովուրդի մեծ ցաւին ու տառապանքին։ Ան, կ՝աղօթէ որպէսզի նման ոգեկոչում մը ծառայէ, պատշաճ կերպով յիշատակելու՝ վնասակար հետեւանքները , ցեղային ու կրօնական անհանդուրժողութիւններուն, եւ, որպէսզի մղէ մարդկութիւնը, վերջ դնելու բռնութեան եւ թշնամութեան, ներումի եւ խաղաղութեան միջոցաւ հնազանդելով Քրիստոսին»։

21 Յունուար 1991-ին, ՅՊԲ ունկնդրութիւն շնորհեց Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ՝վսեմ. տիար Լեւոն Տէր Պետրոսեանին ու անոր ընկերակցող շքախումբին։ Հոս աւելցնենք թէ հայրենի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Վատիկանի Ռատիոկայանի հայկ. բաժնի գրասենեակը, ու նաեւ Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքը...

15 Փետրուար 1991-ին, Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Հ.Հ. Ազգային ժողովի երեսփոխան՝ տիար Արարատ Կոմիցեանը. հայրենի նախարար տիար Կոմիցեան, եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու Սրբզ. Պապին՝ յետ 1988¨ի երկրաշարժին անոր օժանդակութիւններուն համար, կառուցելու՝ «Նարեկի Տիրամօր» արդի հիւանդանոցը։

Ի դէպ 6 հոկտեմբեր 1991-ին, Կարդինալ Աքիլլէ Սիլվեսթրինի, յանուն ՅՊԲին, բացումը կատարեց վերոնշեալ հիւանդանոցին։ Իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը գրած էր «Այս տարիներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ ձեր պատմութեան հոլովոյթին որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ դուք հետեւեցաք Քրիստոսին ընթանալով անոր Խաչի ճանապարհէն։ Որքան հայու արիւն թափուեցաւ, հաւատքի համար... ձեր տառապանքի ու մարտիրոսութեան պատմութիւնը թանկագին մարգարիտ մըն է որով կը պարծենայ Տիեզերական Եկեղեցին»։

23 Մայիս 1992-ին, Սկիզբ առին դիւանագիտական յարաբերութիւնները Ս. Աթոռի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ։

27 Մայիս 1992-ին, Հ.Հ. ներկայացուցիչներ Սրբզ. Հօր նուիրեցին «ԺԲ դարէն Խոշավանքի Խաչքարի» շատ գեղեցիկ ու նշանակալից մէկ օրինակը։

17 Նոյեմբեր 1992-ին, Ս. Պետրոսի մէջ, հայածէս հանդիսաւոր Ս. Պատարագին ընթացքին Սրբզ. Պապը եպիսկոպոսական օծումը կատարեց Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջին վիճակաւորին յանձին արհի. Ներսէս արք. Տէր Ներսէսեանին։

7 դեկտեմբեր 1992-ին, Սրբզ. Պապը նշանակեց Հայաստանի առաջին առաքելական նուիրակը (դեսպանը) յանձինս Գերապայծառ Ժան Փօլ Կոպէլի։

10 -14 դեկտեմբեր 1996-ին, Ս. Էջմիածնի Ամենայն հայոց Գարեգին Ա. Սարգիսեան կաթողիկոսը իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը կատարեց Վատիկան։

24 Մարտ 1999-ին, ՅՊԲ Սրբզ. Քահանայապետը բացումը կատարեց Վատիկանի Թանգարանին մէջ մեծ խնամքով պատրաստուած՝ «Հռոմ/Հայաստան» ցուցահանդէսին, ի ներկայութեան Հ.Հ. Նախագահ՝ Ռոպէր Քոչարեանի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա.ի ի եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան Հոգեւոր Տիրոջ։

20 – 26 Մարտ 2000-ինՍուրբ Երկիր կատարած Յոբելենական այցելութեան ծիրէն ներս ՅՊԲ այցելեց նաեւ Երուսաղէմի Հայ Առաքելական Պատրիարքութիւնն ու Թորքոմ Բ Մանուկեան Պատրիարքը, որուն ուղղած խօսին մէջ ըսաւ. «Մեր այսօրուայ հանդիպումը առաւել քայլ մըն է դէպի առաջ՝ զոր Տէրը մեզի պարգեւեց, ամրապնդելու համար Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ կապերը…. Այս տունը այցելելով ինքզինքս կը զգամ եղբայր մը եղբայրներու միջեւ, որոնք կը փորձեն միասնաբար կառուցել Քրիստոսի Եկեղեցին»։

14 Սեպտեմբեր 2000-ին, Սրբացան Պապը ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարք ամեն. եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹը յոբելենական ուխտագնացութեան առիթով։

“«Հայ ժողովուրդը լաւապէս կը ճանչնայ Խաչը. Զայն կը կրէ փորագրուած սրտին մէջ։ Ան խորհրդանիշն է անոր ինքնութեան, անոր պատմութեան ողբերգութիւններուն ու նաեւ փառքը՝ անոր վերածնունդին, իւրաքանչիւր անբարենպաստ իրադարձութենէ մը ետք։.....Խաչերը, որոնց ցիր ու ցան են համայն Հայաստանի հողին վրայ, պատրաստուած են մերկ քարերէ, այնպէս ինչպես մերկ է մարդուն ցաւը։ Միևնոյն ժամանակ, անոնք ունին նրբագեղ փորագրութիւններ՝ ցոյց տալու համար, որ ամբողջ տիեզերքը սրբացած է Խաչով, ու թէ ցաւը հատուցում գտած է»։”

8 էն -11 Նոյեմբեր 2000-ինԱմենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Պաշտօնական այցելութիւն կատարեց ՅՊԲ¨ին եւ Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցիին։ Ս. Աթոռի եւ Էջմիածնի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուեցան պաշտօնական կարեւոր հանդիպումներու առիթով։ Սակայն յիշեալ այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներու կարեւոր երկու այցելութիւններէ ետք. Առաջինը՝ բարեյիշատակ Վազգէն Ա-ի այցելութիւնը երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Պապին, 12 Մայիս 1970ին, որուն առթիւ ստորագրուեցաւ միացեալ յայտարարութիւն մը, իսկ երկրորդը՝ հանգուցեալ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին այցելութիւնը 1996ի դեկտեմբերին եւ իր մահուընէ քանի մը ամիս առաջ 1999ի Մարտին, Վատիկանի մէջ։

10 Հոկտեմբեր 2000-ին, ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետի եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ս. Պետրոսի մէջ համամիութենական աղօթք կատարուեցաւ ներկայ էին մեծ թիւով հայեր, իտալացիներ եւ ուխտաւորներ։


18 Փետրուար 2001-ին, ՅՊԲ նախագահեց հայկական ծէսով հայրապետական Ս. Պատարագին եւ իր հայրական խօսքը ուղղեց։ Ս. Զոհին աւարտին, Նորին Սրբութիւն ՅՊԲ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ շնորհեց «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աճիւնները», որոնք պահուած էին Իտալիոյ Նափոլի քաղաքը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անունը կրող վանքին մէջ, 8-րդ դարէն ի վեր։

Նոյն նուէրը շնորհուեցաւ նաեւ Սուրբ Էջմիածնի եւ Անթիլիասի քոյր եկեղեցիներուն

Հայոց քրիստոնէացման 1700-ամեակի առիթով, ՅՊԲ հայասէր քահանայապետը հայ ժողովուրդին ուղղեց Առաքելական նամակ մը, որուն մէջ հայ ժողովուրդը ներկայացուց՝ որպէս առաջին քրիստոնեայ ազգը' բոլոր ազգերուն մէջէն, ընդգծելով անոր հաւատարմութիւնը Քրիստոսի սուրբ Աւետարանին, իր կրած չարչարանքները եւ նահատակութիւնները դարաւոր եւ ալեկոծեալ իր պատմութեան ընթացքին։

““«Հայերը, որպէս խաղաղութեան եւ աշխատասիրութեան պատգամաւորներ, աշխարհը շրջեցան ու անցան, եւ իրենց ձեռքերու ծանր աշխատանքով թանկագին նպաստ մը ընծայեցին...։ Քրիստոնեայ ժողովուրդը ուրախ է իրենց վեհանձն եւ հաւատարիմ ներկայութեան համար եւ կը մաղթէ, որ անոնք միշտ կարենան համակրանք եւ հասկացողութիւն գտնել աշխարհի ամէն կողմ»։””

25-27 Սեպտեմբեր 2001-ինՅՊԲ Սրբզ. Քահանայապետը այցելեց Հայաստանը, հիւրը Ն .Ս. Օծութիւն Գարեգին Բ Կաթողիկոսին։

Պատմութեան մէջ, ՅՊԲ Ս. Պետրոսի յաջորդներէն առաջինն է, որ Հայաստան այցելած է, եւ մեր բիւրաւոր նահատակներու Ծիծեռնակաբերդի կոթողին առջեւ ամփոփուելով՝ աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած։

ՅՊԲ նաեւ եղաւ առաջին քահանայապետը, որ հրապարակաւ ճանչցաւ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտեց այդ մարդկութեան դէմ ահաւոր ոճիրը։

7 Հոկտեմբեր 2001-ին
 Ս. Պետրոս հրապարակի վրայ Յովհաննէս Պօղոս Բ երանելի հռչակեց 1915ի ցեղասպանութեան զոհ՝ Մարտինի Արքեպիսկոպոսը' Ինգնատիոս Մալոյեան, ներկայութեամբ բոլոր արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներուն, հարիւրաւոր կարդինալներուն, օտարազգի բազմաթիւ եպիսկոպոսներուն, վարդապետներուն, կրօնաւորուհիներուն եւ հոծ բազմութեան ուխտաւորներու եւ Ս. Աթոռին մօտ հաւատարմատար դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներուն։

19 Յունուար 2005-ին 
Սրբզ. Պապը բացումը կատարեց, եւ օրհնեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հսկայ արձանը, որ կը բարձրանայ Ս. Պետրոս պազիլիքայի արտաքին պատին որմախորշին մէջ, ի ներկայութեան ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս 19-րդ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, կաթողիկոս պատրիարքին, պատասխանատու կարդինալներուն, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերուն, վարդապետներուն, Հայ Մայրապետներու եւ զանազան առաքելավայրերէն Հռոմ ժամանած հայ կաթողիկէ ուխտաւորներուն ու քաղաքական ներկայացուցիչներուն։ Այդ առթիւ ներկայ էին նաեւ քոյր համայնքներու ներկայացուցիչներ եւ պատուիրակներ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններէն։

28 Յունուար 2005-ին ՅՊԲ Սրբզ. Քահանայապետը ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ռոպէր Քոչեարեանը, Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոց փոխադրուելէն երկու օր առաջ։  Անոր ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ ակնարկեց Ղարաբաղեան տագնապին մաղթանք յայտնելով՝ որ տարածաշրջանին մէջ հաստատուի իսկական ու մնայուն խաղաղութիւն մը, որ կարելի է իրականանցել «բվճռական կերպով մերժելով բռնութիւնը, կողմերու միջեւ հաստատելով համբերատար երկխօսութիւն, ինչպէս նաեւ դիմելով միջազգային գործունեայ  միջնորդութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2020, 06:47