Տիրամօր սրբապատկերը Տիրամօր սրբապատկերը 

«Սիրենք Մայիս ամիսը» Հայր Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը։

Մարիամը առաջին անձն է որ ստացաւ Հրեշտակին այցելութիւնը, եւ իր «ԱՅՈ՛» պատասխանով՝ կարելիութիւնը տուաւ Փրկիչին աշխարհ գալու։

Եկեղեցին ամբողջ Մայիս ամիսը յատկացուցած է մեր Երկնային Մօր։

Այս գարնանային սիրուն ամիսը՝ ծաղիկներու եւ գեղեցիկ զգացումներու ամիսն է։ Ան նաեւ մայրերու տօնին նուիրուած ամիսն է, մայրը  հասարակութեան մէջ ըլլալով ամենահարազատ եւ ամենայարգելի էակը։  «Թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» պարզ պատասխանով՝ Նազարէթի Կոյսը դարձաւ Եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէութեան պատմութեան կարեւորագոյն անձնաւորութիւնը։ Այս Կոյսը յանձն առաւ մարդկութեան նաւը դէպի   ազատութեան եւ խաղաղութեան ափը ղեկավարելու պատասխանատուութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Ամէն քրիստոնեայ Մայիս ամիսը կը նկատէ Մարիամի ամիսը․ բայց  մարդիկ յաճախ հարց կու տան թէ ինչո՞ւ ամբողջ Մայիսը յատկացնել Անարատ  Կոյսին եւ ինչո՞ւ Մարիամի անձը այսքան կարեւորութիւն ունի Եկեղեցւոյ համար։ Կան բազմաթիւ պատճառներ՝ զորս առաջին քրիստոնեաները յիշատակեցին երբ կը գրուէին Աւետարաններն ու կարեւոր թուղթերը՝ մեր մէջ աճեցնելու համար Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւնը։

Նախ Մարիամը  առաջին անձն  է որ ստացաւ Հրեշտակին այցելութիւնը, եւ իր «ԱՅՈ՛» պատասխանով՝ կարելիութիւնը տուաւ Փրկիչին աշխարհ գալու։ Այս եղելութիւնը հնարաւորութիւն տուաւ մարդկութեան հանդիպելու Տիրամօր։ Ան միաժամանակ  Եկեղեցին դարձուց հաւաքատեղի մկրտեալներու, որոնք կարեւոր եւ հիմնական առաքելութիւնն ունին Քրիստոսը աշխարհ բերելու եւ իրագործելու աշխարհ մը ուր Իր խօսքերը մարմին կ՛առնեն։

Կոյս Մարիամը այն անձն է որ կ՛ունկընդրէ ամենուն խնդրանքները եւ զանոնք կը պահէ իր սրտին մէջ։ Այս պատկերը կը դրոշմուի հոգւոյն մէջ ամէն անձի որ մկրտուած է  եկեղեցւոյ մէջ, որ կը յիշէ ուրիշներուն կեանքը, անոնց ընկերակցելով համեստօրէն ու պարզօրէն։

Մարիամ միշտ ներկայ է  իր Որդւոյն կողքին, նոյնիսկ  խաչին ստորոտը՝ որ խորհրդանիշն է բոլոր չարչարանքներուն։ Ան ներկայ է նաեւ Յարութեան առաւօտը երբ ամէն բան վերջացած ըլլալ կը թուէր։ Այս օրինակը եկեղեցիին եւ բոլորիս կը յուշէ որ ուրիշներու փորձանքներուն ժամանակ պէտք է մօտենանք անոնց, փորձենք օժանդակել , սփոփել զանոնք կամ պարզապէս  գտնուիլ անոնց կողքին, յատկապէս երբ ամէն ինչ վերջացած ըլլալ կը թուի։ Ո՞վ գիտէ։ Ոչինչ կրնայ արգելք հանդիսանալ որպէսզի սէր մը ծնի եւ  նորէն ծնի։

Եկեղեցին մեզմէ կը խնդրէ ամրացնել մեր հաւատքը եւ գիտակցիլ մեր պատասխանատուութեան՝ խոկալով Մարիամի, մեր Փրկիչին Մօր խորհուրդին վրայ,  քանի որ անոր կեանքով եւ անոր ազատագրիչ դերով՝ ամէն օր կ՛անդրադառնանք անոր հաւատքին ու վստահութեան խորութեանը։

Կոյսը հեռացաւ ու հրաժարեցաւ իր բոլոր ունեցածներէն եւ ընտրեց հետեւիլ իր ճակատագրին,  պարզապէս  ըսելով «Թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն»։

Կոյսին ներկայութիւնը անհրաժեշտ է քրիստոնեայ ընտանիքի մը կեանքին մէջ, քանի որ ան սէր եւ խաղաղութիւն կը ներշնչէ, եւ Մայր ըլլալով կը համախմբէ ընտանիքի մը բոլոր անդամները։ Իր մայրական սիրտը լի է սիրով եւ այս պատճառով ալ իրեն աղօթող ծնողներուն ու զաւակներուն միջեւ երբեք վէճեր տեղի չեն ունենար։

Եթէ կ՛ուզենք ներքին եւ  հոգեկան խաղաղութիւն ունենալ, պարտինք ապրիլ Մարիամի ուխտը՝  Մայրը մեր փրկիչին, եւ զինք ընտրել որպէս մեր պաշտպանը, ինչպէս որ Հայր Աստուած զինք ընտրեց Մայր՝ Նոր Կտակարանին։ Երբ իր խորհուրդն ու ներկայութիւնը կ՛ապրինք, պէտք է ապահով ըլլանք որ ինքն է միակ ու հզօր միջոցը հասնելու Քրիստոսին։

Մայիս ամիսը կը քաջալերէ մեզ երթալու դէպի Կոյսը՝ այս Մայրը լի ջերմութեամբ , եւ իրմէ խնդրելու ոյժը որպէսզի ապաշխարենք։ Ինքն է որ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի Քրիստոս՝ որ մեզ կը սպասէ իր վարդապետին միջոցաւ։

Այսպէսով է որ կ՛ապրինք Քրիստոսի խաղաղութիւնը մեր ընտանիքին եւ մեր մէջ, եւ այսպէսով ալ կ՛ըլլանք իսկական խորաններ Սուրբ Հոգիին, ինչպէս որ ըսած է Սուրբ Պօղոս։

 

ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ․ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2020, 09:54