Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պատարագ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (Դ)։

Ծէսը Յիսուսի քահանայական պաշտօնը համարուած է: Փրկութեան գործը, զոր Յիսուս յանձնեց եկեղեցւոյ, կը շարունակուի և կ'իրականանայ ծիսակատարութեամբ: Այս փրկարար գործին գործադրումը անցեալին, այսօր ալ՝ կը կատարուի Ս. Զոհին միջոցով և Ս. Խորհուրդներով, որոնց շուրջ կը դառնայ ամբողջ ծիսական կեանքը:
Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ,

Այսօրուան հաղորդաշարի նիւթը պիտի ըլլայ՝ Քրիստոսի ներկայութիւնը  Եկեղեցւոյ ծէսին մէջ:

Ծէսը Յիսուսի քահանայական պաշտօնը համարուած է: Փրկութեան գործը, զոր Յիսուս յանձնեց եկեղեցւոյ, կը շարունակուի և կ'իրականանայ ծիսակատարութեամբ: Այս փրկարար գործին գործադրումը անցեալին, այսօր ալ՝ կը կատարուի Ս. Զոհին միջոցով և Ս. Խորհուրդներով, որոնց շուրջ կը դառնայ ամբողջ ծիսական կեանքը:  

Այսպիսի մեծ գործի մը իրագործումին համար Յիսուս միշտ ներկայ է իր Եկեղեցիին մէջ, մանաւանդ ծիսական արարողութեանց ընթացքին:

Ան հոն ներկայ է երբ եկեղեցականներն ու հաւատացեալները կ'աղօթեն ու կ'երգեն սաղմոսները, ինչպէս որ ինք խոստացաւ: « Ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հոն եմ՝ անոնց միջեւ » (Մտթ 18, 20): Ան ներկայ է պատարագի զոհին մէջ, Ս. Հաղորդութեան ընդմէջէն և պաշտօնը կատարողին անձին մէջ:

Ան ներկայ է նաեւ իր զօրութեամբ Եկեղեցւոյ Ս. Խորհուրդներուն մէջ, այն աստիճան որ եթէ մէկը մկրտուի՝ Քրիստոս ինքն է որ զինք կը մկրտէ:  Ան ներկայ է իր Խօսքին մէջ, որովհետեւ ինքն է որ կը խօսի երբ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Գիրք կը կարդանք:

Հետեւաբար, փրկչագործական արարքին միջոցաւ՝ Աստուած կատարելապէս փառաւորուած է և մարդիկ սրբացուած, Քրիստոս միշտ իր Եկեղեցւոյն կը միանայ, իր սիրելի հարսին, որուն ան կը ոգեկոչէ որպէս Տէր, և որուն միջոցաւ իր պաշտամունքը կը կատարէ յաւիտենական Հօր Աստուծոյ: Ծիսական ամբողջ տօնակատարումը, սրբազան արարքն է, գերազանցապէս ըլլալով Քրիստոսի գործը որպէս Քահանայ և իր մարմնոյն՝ որ է Եկեղեցին: Ծիսակատարումով՝ մարդուն սրբացումը զգալի նշաններով իմաստաւորուած է և իրագործուած:   

Մկրտութեան խորհուրդով ամէն մարդ դրոշմուած Քրիստոսի զատկական խորհուրդով՝ Որդեգրութեան շնորհքը կը ստանայ, որով կրնայ կոչել զԱստուած՝ Ապպա-Հայր (Հռ 8,15), և անով կը դառնայ Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուն, ինչպէս Հայրը կ'ուզէ:

Նոյնպէս ամէն անգամ որ Սուրբ պատարագի ընթացքին՝ կը յիշատակեն Տիրոջ Ընթրիքը, և կը յիշեն անոր խաչելութիւնը, կը սպասեն անոր երկրորդ Գալուստը:

Քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները թէեւ նոյն պատարագը, նոյն ժամասացութիւնը և նոյն խորհուրդները ունին, սակայն պաշտամունքը նոյն ձեւով, նոյն եղանակով և նոյն լեզուով չի կատարուիր: Այսպէս Յոյն և հայ եկեղեցիները մկրտութեան նոյն խորհուրդը ունին՝ սակայն հայը յոյնէն տարբեր ձեւով կը մկրտէ: Հայ եկեղեցին և յոյն եկեղեցին՝ ասորական եկեղեցիէն տարբեր ձեւով կը պատարագեն, սակայն իմաստով և խորքով նոյնն են: Պատարագը իր հիմնական մասերուն մէջ, նոյնիսկ եթէ տարբեր լեզուով, տարբեր զգեստաւորումով կամ տարբեր ժամերուն կը կատարուի, էութեան մէջ նոյնն է:

Ծէսերուն տարբերութեան մաս կը կազմեն աղօթքները, շարակնոցը, երաժշտութիւնը, տօնացոյցը և զանազան այլ երեւոյթներ:

Եկեղեցիներու և ծէսերու տարբերութիւնը յատկանշող երեւոյթներն են՝ ճարտարապետական կառոյցը, գմբէթը, խորանը, վարագոյրը, գաւիթն ու դասը:

Ծէսին մէջ փոփոխութիւն կարելի է մտցնել՝ միայն եկեղեցական ժողովներու որոշումով, առանց դպչելու ծէսի էութեան կամ իսկութեան: Այսպէս՝ ծէսին մէջ կան կէտեր, որոնք չենք կրնար փոխել, ինչպէս ջուրը՝ որ մկրտութեան համար կը գործածուի. կամ հացի ու գինիի գործածութիւնը՝ պատարագի համար:

Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ գլխաւոր ծէսերն են. Լատին, Յոյն, Ասորի և  Հայ: Կրօնքի և դաւանանքի տարբերութիւն չեն ստեղծեր պաշտամունքի այս տարբեր արտայայտութիւնները: Այլ՝ տարբեր ծէսերով կատարուող  արարողութիւնները՝ Եկեղեցին հարստութիւն նկատած է: Այնպէս որ ամէն Եկեղեցի իր ծիսական պաշտամունքին հարազատութիւնը պէտք է պահէ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2020, 07:25