Հոգեգալուստ Հոգեգալուստ  

Կիրակի 31 Մայիս 2020 - Հոգեգալուստ (Յովհաննէս ԺԴ. 25-31) - Յիսուսի տուած խաղաղութիւնը

Քրիստոսի պարգեւած խաղաղութիւնը ուժ է եւ կորով. Ան լոյսն է որ կը հալածէ խաւարը, շնորհքն է որ կը զգետնէ մեղքը, սէրն է որ կը տապալէ ատելութիւնը։

Յիսուսի վերջին պատգամները, որ ի յայտ կու գան Յովհաննէսի աւետարանի այս գլուխներուն մէջ, ամենէն ուժեղ խօսքերն են զոր ան իբր ժառանգութիւն կը թողու իր առաքեալներուն ։ Խոստանալէ ետք անոնց Մխիթարիչը` Սուրբ Հոգին, ան կը մաղթէ անոնց խաղաղութիւն, որ չի նշանակեր հանդարտ ու խաղաղ կեցութիւն եւ անդոր-րութիւն, այլ գեր ի վեր իմաստ մը ունի. Ան կը նշանակէ անխռով եւ անվախ երթ դէպի յառաջ. Ան կու տայ իրենց իր խաղաղութիւնը, որու միջոցաւ անոնք պատրաստ պիտի ըլլան յաղթահարելու աշխարհի բոլոր դժուարութիւններուն եւ դիմագրաւելու չարի բոլոր արգելքները, Յիսուսի տուած պատգամին տարածման մէջ։

Քրիստոսի պարգեւած խաղաղութիւնը ուժ է եւ կորով. Ան լոյսն է որ կը հալածէ խաւարը, շնորհքն է որ կը զգետնէ մեղքը, սէրն է որ կը տապալէ ատելութիւնը։ Ուրիշ տեղ մը Յիսուս ըսած է. Եկած եմ սուր եւ կրակ բերելու աշխարհի վրայ։ Ուստի Քրիստոսի խաղաղութիւնը – ան կը շեշտէ ըսելով` Իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի – պայքար է ընդդէմ աշխարհի եւ անոր ընծայած հրապոյրներուն ու հաճոյքներուն։ Իսկական խաղաղութիւնը, զոր միայն Քրիստոս կրնայ տալ մարդուս` սրտի եւ հոգիի խաղաղութիւնն է, որուն կը հասնի մարդ ներքին ուժեղ պայքարէ մը ետք։

Ո՞վ է սակայն այս Մխիթարիչը զոր ան պիտի ղրկէ առաքեալներուն, որպէսզի զանոնք ուսուցանէ եւ անոնց յիշեցնէ իր պատգամը։ Քրիստոս զայն կը կոչէ Սուրբ Հոգին. Մինչեւ այդ, առաքեալները չէին կրնար կասկածիլ թէ Հօրմէն եւ Որդիէն զատ` կայ նաեւ ուրիշ անձ մը, որ կը կազմէ այսպէսով Երրորդութիւն մը աստուածութեան մէջ։ Հոգեգալստեան տօնը կը լեցնէ առաքեալները եւ իրենց հետ` բոլոր մարդկութիւնը, անսահման մխիթարութեամբ ու վստահութեամբ Աստուծոյ յայտնած մեծ խորհուրդին հանդէպ։ Մարդիկ այլեւս առանձին չեն երկրի վրայ։

Աստուծոյ Որդւոյն` Յիսուս Քրիստոսի գալուստէն ետք, կայ անձ մը որ պիտի ուղղէ ու կառավարէ համայն աշխարհը, առաջնորդելով զայն դէպի իր երկնաւոր հայրենիքը, որուն սահմանուած է ամէն մարդ որ աշխարհ կու գայ։ Մենք նաւաբեկեալներ չենք այս աշխարհի վրայ, այլ ունինք նաւ մը, որ է Եկեղեցին, որ կը յառաջանայ Սուրբ Հոգւոյն շունչով կեանքի ծովուն վրայէն. Ան ունի իր նաւապետն ու նաւաստիները, որոնք հաստատ բռնած են իրենց ձեռքերուն մէջ այդ նաւուն ղեկը. անոնք կը դիմագրաւեն կեանքի բոլոր փոթորիկները մեզ հասցնելու համար դէպի խաղաղ նաւահանգիստը։

Սրբազան Պապը, Կաթողիկոսները, Պատրիարքներն ու Եպիսկոպոսները, որոնց միացած են քահանաներն ու կրօնաւորները պաշտօնն ունին յառաջ տանելու Եկեղեցւոյ նաւը. Եթէ իրենցմէ ոմանք սխալներ գործեն, չեն յաջողիր խաթարելու մեծամասնութեան ցուցաբերած ուղղութիւնն ու ընթացքը։ Անհատները կրնան սխալիլ, սակայն Հոգին որ կ՛ուղղէ Եկեղեցին չի կրնար սխալիլ. Վկայ է ասոր Քրիստոսի պաշտօնական խոստումը. Ես ձեր հետն եմ մինչեւ աշխարհիս կատարածը։

Թէեւ Հոգեգալուստը հինգ տաղաւարներէն մին չէ հայ ծէսին մէջ, սակայն ան կը կազմէ առանցք մը ընդմէջ զատկական յինանց կոչուած շրջանին, ուր միայն կը տօնուի Քրիստոսի յարութիւնը, եւ անոր յաջորդող ծիսական սովորական շրջանին, ուր կը տօնուին բոլոր սուրբերը։ Սիրելի հաւատացեալ ունկնդիր, կը մաղթենք որ Քրիստոսի խաղաղութիւնը միշտ մեր բոլորիս հետ ըլլայ, որպէսզի անով լեցուած` կարենանք մեր  կեանքը կանոնաւորել, կազմելով հաւատարիմ հօտ մը որ կը հետեւի իր հովիւին. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2020, 09:00