Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան Պազիլիքա Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան Պազիլիքա 

26 Մայիսին հանրութեան դիմաց կը բացուին Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան Պազիլիքայի դռները:

Մուտքը սահմանափակուած է կարգով 50 անձերու

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քոորպնաժահրի բերումով փակուած Թաղման Պազիլիքային վերաբացումէն ետք, 24 մայիս 2020ին, Սուրբ Երկրի Պահակ Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոն եւ Երուսաղէմի Յոյն Օրթոտոքս ու Հայ առաքելական եկեղեցիներու Պատրիարքներ՝ Թէոֆիլօ Գ եւ Նուրհան Արք. Մանութկեան, յայտարարեցին թէ 26 մայիսին կը վերաբացուի  նաեւ Բեթղեհէմի  ս. Ծննդեան Պազիլիքան։

Կանխարգիլելու համար Քովիտ19 ժահրի տարածումը եւ առողջապահական անվտանգութեան համար, երեք համայնքապետերը կը նշեն թէ Պազիլիքա մուտքը սահմանափակուած կարգով միայն է 50 անձերու, որոնք պէտք չէ ջերմութեան նշաններ կամ  վարակի ախտանիշեր ունենան ու պէտք է կրեն պաշտպանութեան համապատասխան  դիմակները։

Անհրաժեշտ է նաեւ յարգել 2 մեթր անվտանգութեան նուազագոյն հեռաւորութիւնը եւ խուսափիլ ջերմեռանդական արարքներէ, որոնք կարող են ներառել ֆիզիկական շփում, ինչպէս Եկեղեցւոյ քարերուն, սրբապատկերներուն ու այլ իրերուն դպչիլը կամ զանոնք համբուրելը, կամ Պազիլիքայի անձնակազմին հետ շփում ունենալը։

Սուրբ Ծննդեան Պազիլքիային փակումը ինչպէս նաեւ Սուրբ Երկրի միւս աղօթատեղիներու պազիլիքաներու եւ մզկիթներու փակման հրամանը ի գործ դրուած էր անցեալ 5 մարտ 2020-ին Պաղեստինի առողջապահութեան Նախարարութեան հրամանով.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2020, 07:30