Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հայր Ատոլֆօ Նիքոլաս Փաշոն Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հայր Ատոլֆօ Նիքոլաս Փաշոն 

Ոչ եւս է Յիսուսեան միաբանութեան երբեմնի ընդհանուր մեծաւոր Հայր Ատոլֆօ ՆԻքոլասը։

Հայր Աստոլֆօ Նիքոլաս եղած է Յիսուսեան միաբանութեան 30-րդ ընհանուր մեծաւորը

Չորեքշաբթի, 20 մայիսին, 84 տարեկանին, Ճափոնի մայրաքաղաք՝ Թոքիոյի մէջ իր հոգին աւանդեց առ Աստուած Յիսուսեան միաբանութեան երբեմնի ընդհանուր մեծաւոր, Հայր Ատլոֆօ Նիքոլասը։

Ունկնդրէ լուրը

Հայր Աստոլֆօ ծնած էր Սպանիոյ Վիլլամուրիել քաղաք՝ 20 ապրիլ 1936ին։Ան յաճախած է Հռոմի քահանայապետական համալսարանը, ապա 1953 թուականին մտած է Յիսուսեան միաբանութեան Թոլելթանա քաղաքի մայրավանքը։

1964-1968 թուականներուն, Թոքիոյի մէջ աստուածաբանական ուսումները աւարտելէ ետք քահանայ ձեռնադրուած է միեւնոյն մայրաքաղաքին մէջ։

1978-1984 տարիներուն ստանձնած է Մանիլա քաղաքի հովուական ծառայութեան համալսարանի տնօրէնի պաշտօնը։  1991-1993ին, մեծաւոր նշանակուած է Թոքիոյի Յիսուսեան միաբանութեան վարժարանին։ 1993-1999 տարիներուն նշանակուած է Ճափոնի մէջ Յիսուսեան միաբանութեան որպէս ընդհանուր մեծաւոր։
19 յունուար 2008ին,  կ՝ընտրուի Յիսուսեան միաբանութեան որպէս 30 -րդ ընդհանուր մեծաւոր, յաջորդելով Հայր Փիթեր Հանս Քոլվենպախին։

«Աստուծոյ եւ ուրիշներուն ծառայելու համար պէտք է տալ ամէն բան։ Սա է Յիսուսեաններուն կոչումին էականը եւ դա է, որ խորունկութիւն կը ստեղծէ յարաբերութիւններու մէջ։» Այս բառերով Հայր Ատոլֆօ նկարագրած է Յիսուսեան միաբանութեան առաքելութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2020, 14:47