«Սուրբ Կոյս Աստուածամայր՝ հիւանդաց բժշկութիւն». «Սուրբ Կոյս Աստուածամայր՝ հիւանդաց բժշկութիւն».  

«Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամայրը՝ հիւանդաց բժշկութիւն». Հայր Մովսէս Վարդապետ Տօնանեանի խորհրդածութիւնը։

Ս. Կոյսը սիրելը՝ ամենէն մեծ գրաւականն է մեր փրկութեան, որովհետեւ ան կը փրկէ իր սիրելի զաւակները: Ս. Կոյսը կրնանք պատուել զանազան աղօթքներով, բայց, իրեն ամենէն աւելի հաճոյք կը պատճառենք երբ վարդարան կ'աղօթենք:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Սիրելի հաւատացեալներ

Մայիսեան ջերմեռանդութեան մեր այսօրուան խորհրդածութեան նիւթը պիտի ըլլայ Տիրամօր «Բժշկութիւն հիւադաց» կոչումը:

Եկեղեցւոյ վարդապետութեան համաձայն՝ Ս. Կոյսը Աստուծոյ Մայրն է և երկնքի և երկրի թագուհին. Իր աղօթքը Աստուծոյ առջեւ ամենակարող է: Ս. Կոյսը մեր ալ սիրասուն մայրն է. Յիսուս զայն մեզի շնորհած է Խաչին վրայէն. Ս. Կոյսը մեզի հանդէպ ունի մայրական քնքուշ սէր մը: Տիրամօր ուղղուած գովեստի լիթանիային մէջ՝ Ան կը կոչուի «ապաստան մեղաւորաց» և «բժշկութիւն հիւանդաց» և ուրիշ շատ գովաբանական կոչումներ տրուած են իրեն:

Ս. Կոյսը սիրելը՝ ամենէն մեծ գրաւականն է մեր փրկութեան, որովհետեւ ան կը փրկէ իր սիրելի զաւակները: Ս. Կոյսը կրնանք պատուել զանազան աղօթքներով, բայց, իրեն ամենէն աւելի հաճոյք կը պատճառենք երբ վարդարան կ'աղօթենք: Վարդարան կը նշանակէ վարդերու փունջ. ամէն մէկ ողջոյն զոր կ'արտասանենք, վարդ մըն է՝ զոր կը զետեղենք մեր շնորհալի թագուհիին ոտքերուն առջեւ: Երանի՜ անոնց, որոնք սովորութիւն ունին Ս. Աստուածածնին նուիրուած ամիսներուն ընթացքին՝ Եկեղեցւոյ մէջ կամ իրենց տունը՝ Ս. Կոյսին վարդարանը աղօթելու, քանզի անոնց փրկութիւնը ապահով է:

Մարիամ Ամենասրբուհի Կոյսը, Մայր Աստուծոյ՝ միանգամայն մեր հոգեւոր մայրն է: Մայր անունը՝ մանուկին, երիտասարդին և ծերին հոգւոյն մէջ կ'արծարծէ ամենամաքուր սիրոյ և անվերապահ վստահութեան զգացումները: Որքա՜ն շնորհակալ ըլլալու ենք Յիսուսի, որ երկրաւոր և բնական մօրմէ զատ, տուաւ մեզի երկնաւոր և գերբնական մայր մը. Մայր մը աննման: Այնպէս որ մենք որպէս հաւատացեալներ՝ Տիրամօր ամենահզօր և խնդրակատար միջնորդութեան հաւատալու և վստահելու ենք:

Սիրելի հաւատացեալներ

Մայիսեան ջերմեռանդութեան առթիւ՝ ձեզ պիտի պատմեմ դրուագ մը Սրբուհի Թերեզայի կեանքէն քաղուած, ուր ի յայտ կու գայ թէ Տիրամայրը ինչպիսի հրաշքներ կը կատարէ իրեն աղօթող և իր բարեխօսութիւնը խնդրող զաւակներուն:

Սրբուհի Թերեզա Մանուկ Յիսուսի, այս դարուս այնքան սիրուած սրբուհին է, որուն հրեշտակային կեանքը երկնային սիրոյ զմայլելի երգ մը եղաւ՝ Յիսուսին և Ս. Կոյսին ուղղուած: Ան փոքր հասակէն իսկ՝ իր ջերմեռանդութեան պատճառաւ, երկնքի Թագուհիին բացառիկ շնորհքներուն արժանացաւ:

1883-ի Մայիս ամսուն, Թերեզան՝ որ տակաւին 11 տարեկան էր, ծանր հիւանդութիւն մը ունեցաւ: Իր մահիճին մօտը զետեղուած էր Ս. Կոյսին գեղեցիկ մէկ արձանը, որ իր հարազատներուն կողմէ՝ մասնաւոր յարգանքին և սիրոյն առարկան եղած էր միշտ:

Հիւանդ Թերեզային սիրելի զբաղումն էր զանազան առիթներով պսակներ հիւսել և անոնցմով Աստուածամօր արձանին ճակատը զարդարել: Յաճախ աչքերը անոր ուղղելով, որդիական գորովով Ս. Կոյսին կ'աղօթէր և կը թախանձէր որ զինքը բժշկէ: Իր վիճակը սակայն երթալով կը ծանրանար:

Պրն. Մարթէն, իր ազնիւ հայրը, որ իր փոքրիկ Թերեզան աննկարագրելի գորովով կը սիրէր, իբրեւ վերջին միջոց իր աղջիկը փրկելու, յանձնարարեց որ Փարիզի «Notre Dame de Victoire» անուանի սրբավայրին մէջ պատարագներու իննօրեայ մը սկսին, Ամենասուրբ Կոյսէն իր փոքրիկ Թերեզային առողջութիւնը խնդրելու համար:

Այդ Իննօրեայի օրերուն՝ առաւօտ մը, Թերեզային վիճակը այնքան ծանրացաւ, որ այլեւս իր շուրջինները չէր ճանչնար: Իր մեծ քոյրը Մարին, կարծելով որ Թերեզան մահամերձ է, լալով Անարատ Կոյսին արձանին ոտքը ինկաւ և աղօթեց այնպիսի մօր մը սրտով, որ իր զաւկին առողջութիւնը անպայման կ'ուզէր:

Միւս քոյրերն ալ իրենց կարգին՝ իր օրինակին հետեւեցան: Մահամերձ Թերեզան եւս դէպի արձանը դառնալով՝ իր երկնաւոր մօրմէն բոլոր սրտով խնդրեց որ վերջապէս իր վրայ գթար և զինքը առողջացնէր: Հաւատքի այս սրտաբուխ աղաղակը Ս. Կոյսին մայրենի սիրտը յուզեց. և ահա յանկարծ, ո՜վ հրաշալիք, արձանը կը կենդանանայ և փոքրիկ Թերեզան կը տեսնէ Ս. Կոյսը, որ դէպի իրեն կը յառաջանայ և կը ժպտի:

Աստուածամօր դիմագիծը գեղեցիկ էր, աներեւակայելիօրէն գեղեցիկ. իր կերպարանքը ամբողջովին քաղցրութիւն և գթութիւն կը ներշնչէր: Բայց ամենէն աւելի՝ երկնային Մօր զմայլելի ժպիտն է որ փոքրիկ Թերեզան կը յափշտակէ:

Այս տեսիլքին ի տես՝ Թերեզայի բոլոր ցաւերը կ'անհետանան և ան կատարելապէս կը բուժուի: Երջանկութեան և երախտագիտութեան արցունքի երկու մեծ կաթիլներ աչքերէն կը ցայտեն և լռելեան այտերն ի վար կը հոսին:

Հրաշք կատարուած էր: Անարատ Կոյսը իր սիրոյ փոքրիկ ծաղկին նոր կեանք պարգեւած էր:

Հինգ տարի վերջ՝ այդ զմայլելի ծաղիկը, աշխարհի թունաւոր շունչէն ընդմիշտ հեռացնելով, Կարմեղի իր ընտրեալ պարտէզը պիտի փոխադրէր և հոն այս մարմնաւոր հրեշտակը Աստուածային սիրոյ բոցերով քիչ ժամանակէ սպառելով, 24 տարեկան հասակին երկինք պիտի սլանար:

Տիրամօր նուիրուած Մայիսեան այս ջերմեռանդութեան առթիւ՝ աղօթք բարձրացնենք Տիրամօր, որպէսզի իր հրաշագործութիւնները այսօր եւս վերստին կրկնուին իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2020, 08:11