Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը.  

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (Գ)։

Այսօրուան հաղորդաշարի նիւթը պիտի ըլլայ՝ ծէսը և Աստուածաշունչը հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ.

Այսօրուան հաղորդաշարի նիւթը պիտի ըլլայ՝ ծէսը և Աստուածաշունչը հայ  եկեղեցւոյ կեանքին մէջ:

Աստուածաշունչը երբ կը կարդանք, կը տեսնենք թէ Աստուած պատմութեան ընթացքին զանազան կերպերով միջամտութիւն ունեցած է եբրայեցի ժողովուրդին կեանքին մէջ: Հայրն Աստուած որ անժամանակ և յաւիտենական է,  Քրիստոսի ծնունդով մեր ժամանակին մէջ մտաւ՝ մեղաւոր մարդկութիւնը փրկելու համար: Քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ համար ամէն ժամ՝ ապաշխարութեան, զղջումի և փրկութեան ժամանակ է, որ պիտի երկարի յաւիտեանս յաւիտենից:

Արդարեւ Հրեայ ժողովուրդին և հետագային քրիստոնէութեան համար՝ Աստուածաշունչը ծիսակատարումին էական մէկ մասը հանդիսացաւ. նպատակ ունենալով Աստուծոյ Խօսքին հռչակումը:

Աստուածաշունչի Հին Կտակարանի գիրքերուն մէջ բազմաթիւ ծէսեր և ծիսական արարողութիւններ նկարագրուած են ինչպէս՝ արքաներու օծում և մարդու և կենդանիի զոհաբերում: Այսպէս՝ Հին Կտակարանեան դէմքերու և դէպքերու նուիրուած տօներուն ընթացքին՝ յատուկ ծիսակատարութիւններ կ'ըլլային, և այս ամէնը կը կարդանք երբ  Աստուածաշունչի էջերը կը բանանք մեր դիմաց:

Եկեղեցւոյ մէջ ծէսեր կան, որ Հին Կտակարանէն մեզի փոխանցուած են, ծէսեր ալ կան հեթանոսական կրօններէն աւանդուած են (ինչպէս մոմի, զանգի և խունկի գործածութիւնը): Բոլոր ժողովուրդներուն գլխաւոր տօները՝ ըլլան անոնք կրօնական կամ ազգային, պաշտամունքային տօներ եղած են, որոնք կատարուած են աստուածներուն զոհ մատուցանելով և ապա զոհէն հանդիսաւորապէս ճաշակելով: Ի վերջոյ ծէսեր ալ կան, որ այս կամ այն ժողովուրդի ազգային բարքերուն և մշակոյթին մաս կը կազմեն:

Ծէսեր նկարագրուած են նաեւ Նոր Կտակարանին մէջ, Յիսուս ինք իր առաքեալներուն հետ կը կատարէր սաղմոսասացութիւն և օրհներգութիւն, ոտնլուայ, իւղով օծում: Աւետարանին մէջ կը յիշուի թէ՝ Յիսուս ժողովարանին մէջ, ինք ընթերցում կատարեց մարգարէական գիրքէն և տօնեց Զատիկը վերնատան մէջ՝ հացը և գինին բաշխելով աշակերտներուն: Եկեղեցին երբեք չէ դադրած Ս. Զատկուայ խորհուրդը տօնակատարելու, կարդալով Ս. Գիրքերուն մէջ Զատկուայ մասին գրուած բոլոր գրութիւնները (Մրկ 24,27), կատարելով Ս. Պատարագը, որուն մէջ ներկայացուած է Քրիստոսի յարութիւնը և յաղթանակը մահուան դէմ և միեւնոյն ատեն Աստուծոյ գոհութիւն յայտնելու «իր անպատմելի պարգեւին համար» (2 Կոր 9, 15):

Ծէսը ստեղծողը եկեղեցին է, ո՛չ թէ Աստուծոյ յայտնութիւնը: Ծէսն ալ ծնունդ առաւ Եկեղեցիին հետ, որովհետեւ Եկեղեցւոյ գործն է: Այդ պատճառով, ինչպէս որ Յիսուս ղրկուեցաւ Հօրմէն, նոյնպէս ալ ուղարկեց իր առաքեալները, որոնք Ս. Հոգիով լեցուած Աւետարանը քարոզեն ամէն արարածի, և աւետեն թէ Աստուծոյ Որդին Յիսուսը, իր մահով և յարութեամբ, մեզ ազատեց սատանայի իշխանութենէն:

Քրիստոսի Առաքեալներուն քարոզութեան ընթացքին և ապա անկէ ետք՝  Եկեղեցիներու կազմաւորման և ճիւղաւորման շրջանին, իւրաքանչիւր եկեղեցի Հին Կտակարանային և Առաքելական շրջանէն աւանդուած էական ծէսերը որդեգրելով, անոնց վրայ նոր յաւելումներ կատարեց, նորերը պատշաճեցնելով հին ծէսերուն, որոնք գոյութիւն ունեցած են առաջին դարերու քրիստոնէութեան շրջանէն:  

Քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ Հայրերու ուսուցման համաձայն՝ հաւատացեալները սաղմոսներու աղօթքներով, Աստուծոյ Խօսքին խորհրդածութեամբ, երգերով և օրհնաբանութիւններով կը միանան Քրիստոսի: Այսպիսով իրենք ալ մասնակից կը դառնան անոր խնդրանքին և աղօթքին, որ ուղղուած է մարդասէր Աստուծոյ: 

Ծիսական պաշտամունքի կողքին, Եկեղեցին ունի նաեւ անձնական կամ անհատական ջերմեռանդութիւններ, որոնց հետ ժողովուրդը սերտօրէն կապուած է: Ասոնց շարքին են՝ վարդարանը, ճանապարհ խաչին, մայիս և յունիս ամսուայ աղօթքները Աստուածամօր և Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած, իննօրեաները, Սուրբերու տօնախմբութիւնները, որոնց ընթացքին յատուկ ուխտագնացութիւններ կը կազմակերպուին: Այս բոլորը Եկեղեցւոյ կողմէ օրինական ձեւով ընդունուած են եւ յաճախ քաջալերուած, որովհետեւ կը կատարուին ժողովուրդի հոծ մասնակցութեամբ և խոր ջերմեռանդութեամբ, և կը ծառայեն ժողովուրդին հաւատքի զօրացման:

Այսօրուայ մեր հաղորդաշարի աւարտին կը շեշտենք այն իրողութիւնը թէ եկեղեցական արարողութիւնը մարդկային հոգին վերացնելու կը ծառայէ և զայն հաղորդութեան կը բերէ իր Արարիչին հետ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2020, 06:54